Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Մարտին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Ապրիլին ու Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Միջշաբաթային ծառայութեան ու յաճախ աշխատցուած թաղամասերու մէջ, Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը կրնայ գործածուիլ։
◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ պէտք է ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներու գործունէութիւնը։ Եթէ ոեւէ մէկը ժամերու պահանջին գոհացում տալու դժուարութիւն կ’ունենայ, երէցները պէտք է կարգադրեն որ աջակցութիւն տրուի անոր։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք Ընկերութեան 1 Հոկտեմբեր 1993 եւ 1 Հոկտեմբեր 1992 թուակիր նամակները (S-201)։ Նաեւ նկատի առէք 1986 Օգոստոս–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան յաւելուածականին 12–20–րդ պարբերութիւնները։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն ընթացքին կը փափաքին որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայել, հիմա իսկ պէտք է ծրագրեն ու իրենց դիմումնագիրը ներկայացնեն։ Ասիկա պիտի օգնէ երէցներուն որ անհրաժեշտ եղած դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները ընեն ու բաւարար քանակով պարբերաթերթեր եւ տարբեր գրականութիւններ ձեռնտու դարձնեն։ Ժողովքին ծանուցանեցէք օժանդակ ռահվիրայ ընդունուողներուն անունները։
◼ Շաբաթ՝ 10 Մայիս 1997–ին, Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի համալիրները փակ պիտի ըլլան գարնանային մաքրութեան պատճառով։ Այդ օրը շրջապտոյտի կարգադրութիւններ պիտի չըլլան, ինչպէս նաեւ ժողովքները չեն կրնար գրականութիւններ առնել։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ—Թակալոկ, Թայ, Իլոքօ, Լաոսերէն, Ճափոներէն, Սէպուանօ
Դիտարանի Գրականութիւններուն Նիւթերու Ցանկ 1986–1995—Անգլերէն
Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը—Թակալոկ, Թամուլերէն, Թայ, Իլոքօ, Ճափոներէն, Սէպուանօ
Խօսելու եւ Սորվեցնելու Ձեր Կարողութիւնը Ի՛նչպէս Բարելաւել —Սամոայերէն
Սուրբ Գրութիւնները (biFgn)—Ռուսերէն
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ (մէկ ձայներիզով)—Իտալերէն
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Աստուածաշունչը—Ձեր Կեանքին մէջ Անոր Զօրութիւնը (Աստուածաշունչը՝ Իրողութեան ու Մարգարէութեան Գիրք մը պատկերիզներու շարքին թիւ 3–ը)—Անգլերէն
Աստուածաշունչը—Ճշգրիտ Պատմութիւն, Վստահելի Մարգարէութիւններ —Լեհերէն
Նոր Աշխարհի Ընկերութիւնը Գործի Վրայ—Արաբերէն, Յունարէն, Ֆրանսերէն