Հարցումի Տուփ
◼ Ի՞նչ քայլեր պէտք է առնուին, երբ աղէտ մը կը հարուածէ՝ ուղղակիօրէն ազդելով մեր եղբայրներուն։
Երբ Աղէտ մը Հարուածէ Ձեր Շրջանը. Իրարանցումի մի՛ մատնուիք։ Ձեր հանդարտութիւնը պահեցէք եւ ձեր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցէք ո՛չ թէ նիւթական բաներու վրայ, այլ աւելի կարեւոր եղող՝ կեանքի վրայ։ Ձեր ընտանիքի ֆիզիքական անմիջական կարիքներուն հոգ տարէք։ Ապա երէցները տեղեակ պահեցէք ձեր վիճակին մասին, նշելով վայրը։
Երէցները եւ օգնական ծառաները վճռական դեր մը կը խաղան նպաստ հայթայթելու մէջ։ Եթէ աղէտի կանխազդարարութիւն տրուած է՝ ինչպէս կարգ մը մեծ փոթորիկներու պարագային՝ այս եղբայրները վստահ պէտք է ըլլան որ ամէն ոք ապահով վայրերու մէջ է, իսկ եթէ ժամանակը թոյլատրէ, հարկ եղած պաշարը ձեռք պէտք է ձգեն ու զայն բաշխեն։
Անկէ ետք, գրքի ուսումնասիրութեան վարիչները, ամէն մէկ ընտանիքի վայրը ճշդելէ ետք, պէտք է հետաքրքրուին անոնց բարօրութեամբ։ Վերակացու տեսուչը կամ ուրիշ երէց մը, տեղեակ պէտք է պահուի բոլոր ընտանիքներու մասին, նոյնիսկ եթէ անոնք խնդիր մը չունին։ Եթէ անհատ մը վիրաւորուած է, երէցները պիտի փորձեն հարկ եղած բժշկական խնամքը մատակարարել անհատին։ Անոնք նաեւ պիտի հայթայթեն նիւթական որեւէ բան՝ ինչպէս կերակուր, հագուելիք, պատսպարան եւ տնային պիտոյքներ։ (Յովհ. 13։35. Գաղ. 6։10) Տեղւոյն երէցները հոգեւոր եւ զգացական աջակցութիւն պիտի մատակարարեն ժողովքին եւ կարելի եղածին չափ շուտով ժողովքային հանդիպումները վերսկսելու կարգադրութիւն ընեն։ Ամբողջական գնահատում մը ընելէ վերջ, երէցներու մարմինը ներկայացնող երէց մը, հաղորդակցութեան մէջ պէտք է մտնէ շրջանային տեսուչին հետ, որպէսզի անոր տեղեկութիւն տայ Թագաւորութեան Սրահին կամ եղբայրներու տուներուն հետ առնչուած, կամ ոեւէ վիրաւորեալի, ինչպէս նաեւ մասնայատուկ կարիքներու մասին։ Շրջանային տեսուչը իր կարգին, հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կացութեան մասին տեղեկագրութիւն մը պիտի ներկայացնէ մասնաճիւղի գրասենեակին, որ իր կողմէ հարկ եղած նպաստի աւելի ընդարձակ միջոցառումներու պիտի ձեռնարկէ։
Եթէ Այլուր Աղէտ մը Հարուածէ. Աղէտի ենթարկուած եղբայրներն ու քոյրերը ձեր աղօթքներուն մէջ յիշեցէք։ (Բ. Կորն. 1։8–11) Եթէ կը փափաքիք նիւթական օգնութիւն ընել, կրնաք ձեր նուիրատուութիւնները Ընկերութեան ուղարկել, որ այս նպատակին համար օգնութեան յատուկ հիմնադրամ մը տրամադրած է։ Հասցէն հետեւեալն է. Watchtower, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483։ (Գործք 2։44, 45. Ա. Կորն. 16։1–3. Բ. Կորն. 9։5–7. տես՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1986, էջ 8–10։) Աղիտեալ շրջանը ապրանքներ կամ պաշար մի՛ ղրկէք, բացի մասնայատուկ խնդրանքով մը՝ պատասխանատու եղբայրներու հաւանութիւնը առնելէ ետք։ Ասիկա նպաստներու կարգաւ եւ պատշաճ բաշխումին պիտի օգնէ։ (Ա. Կորն. 14։40) Հաճիք՝ անտեղիօրէն Ընկերութեան մի՛ հեռաձայնէք, քանի որ ասիկա գիծը զբաղած կը պահէ ու աղիտեալ վայրէն եկող հեռաձայններուն արգելք կ’ըլլայ։
Վնասներու պատշաճ գնահատումը կատարելէ ետք, Ընկերութիւնը պիտի որոշէ օգնութեան յանձնախումբի մը կազմումը, եթէ հարկ ըլլայ։ Պատասխանատու եղբայրներ տեղեակ պիտի ըլլան այս բոլորէն։ Ամէնքս ալ պէտք է համագործակցինք առաջնորդութիւնը առնող երէցներուն հետ, որպէսզի եղբայրներուն անհրաժեշտ եղող բաները յարմարագոյն կերպով բաժնուին։—Տես՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ գիրքը, էջ 310–315 (Անգլերէնով)։