Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Մարտին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Միջշաբաթային ծառայութեան ու յաճախ աշխատցուած թաղամասին համար, կարելի է Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը գործածել։ Յունիսին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Կեդրոնացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ։
◼ Մարտ 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։
◼ Յիշատակատօնի առիթով այս տարուան հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի՝ Ապրիլ 6–ին, ժողովքներուն մեծամասնութեան մէջ։ Դասախօսութեան բնաբանն է՝ «Աշխարհի Պղծութիւններէն Անարատ Մնանք»։ Բոլորս ալ ներկայ պէտք է ըլլանք ու Յիշատակատօնին ներկայ գտնուող հետաքրքրուած անհատներուն օգնենք որ դասախօսութեան ներկայ ըլլան։ Ի՛նչ որ պիտի լսենք վստահաբար պիտի նորոգէ Աստուած հաճեցնելու մեր վճռակամութիւնը։
◼ Տարուան ընթացքին զանազան առիթներով, ամէն համայնքի մէջ աշխարհային արձակուրդներու պատճառով աշակերտներ դպրոցէն, իսկ աշխատաւորներ իրենց գործերէն արձակուրդ կ’առնեն։ Ասոնք հոյակապ պատեհութիւններ կը ստեղծեն որ ժողովքը դաշտի ծառայութեան մէջ յաւելեալ մասնակցութիւն բերէ։ Երէցները պէտք է նախատեսեն այսպիսի առիթներ ու ժողովքը կանխաւ տեղեակ պահեն կատարուող այն կարգադրութիւններու մասին, որոնք պիտի ըլլան խմբովին վկայելու համար արձակուրդի շրջանին։