Հարցումի Տուփ
◼ Երբ ժողովքէն խնդրուի յուղարկաւորութեան կարգադրութիւն մը ընել, հետեւեալ հարցերը կրնան ծագիլ.
Ո՞վ պէտք է ներկայացնէ յուղարկաւորութեան դասախօսութիւնը։ Ասիկա ընտանիքին կողմէ առնուելիք որոշում մըն է։ Անոնք կրնան ոեւէ օրինակելի մկրտուած եղբայր ընտրել։ Եթէ երէցներու մարմինէն խնդրուի դասախօս մը ապահովել, սովորաբար անոնք կարող երէց մը պիտի ընտրեն՝ որպէսզի Ընկերութեան կողմէ պատրաստուած ուրուագծին հիման վրայ դասախօսութիւն մը ներկայացնէ։ Թէեւ հանգուցեալը չենք փառաբանել, սակայն պատշաճ է ուշադրութիւն հրաւիրել իր կեանքի ընթացքին ցուցաբերած կարգ մը օրինակելի յատկութիւններուն վրայ։
Թագաւորութեան Սրահը կարելի՞ է գործածել։ Կարելի է, եթէ երէցներու մարմինը արտօնութիւն տուած է եւ եթէ արգելք չի հանդիսանար յայտագրուած ժողովի մը, որ կանոնաւորաբար տեղի կ’ունենայ։ Սրահը կարելի է գործածել եթէ հանգուցեալը բարի համբաւ ունեցող ժողովքի անդամ մը, կամ ալ այսպիսի անդամի մը անչափահաս զաւակն էր։ Եթէ անհատը հանրութեան կողմէ գիտցուած ոչ–քրիստոնէավայել վարք մը ունեցած է, կամ կարգ մը ուրիշ ազդակներ կան՝ որոնք կրնան աննպաստ տպաւորութիւն մը ձգել ժողովքին վրայ, այդ պարագային երէցներ կրնան թոյլ չտալ որ սրահը գործածուի։—Տես՝ Մեր Ծառայութիւնը, էջ 62–63 (Անգլ.)։
Սովորաբար, Թագաւորութեան Սրահները ոչ–հաւատացեալներու յուղարկաւորութեան համար չեն գործածուիր։ Բացառութիւն մը կրնայ ըլլալ, եթէ հանգուցեալին ընտանիքի անդամները գործունեայ, մկրտուած հրատարակիչներ են եւ ան հրատարակիչներու մեծամասնութեան կողմէ ճանչցուած էր որպէս ճշմարտութեան հանդէպ նպաստաւոր դիրք ունեցող անհատ մը. նաեւ եթէ լաւ վարկ եւ մաքուր վարք մը ունեցած է համայնքին մէջ. ասիկա կարելի կ’ըլլայ՝ առանց յայտագրին մէջ աշխարհային սովորութիւն մը ներմուծելու պայմանաւ։
Երբ այս առիթով Թագաւորութեան Սրահը տրամադրուի, երէցները պիտի քննեն թէ, արդեօք սովորութի՞ւն է յուղարկաւորութեան ժամանակ դագաղի ներկայութիւնը։ Եթէ այդ է պարագան, անոնք կրնան արտօնել որ դագաղը սրահ բերուի։
Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ աշխարհային մարդոց համար յուղարկաւորութեան մասին։ Եթէ հանգուցեալը համայնքին մէջ լաւ համբաւ մը կը վայելէր, կարելի է որ եղբայր մը սուրբ գրային մխիթարական դասախօսութիւն մը ներկայացնէ յուղարկաւորութեան տան մէջ կամ գերեզմանատունը՝ դագաղին շուրջ։ Ժողովքը պիտի մերժէ յուղարկաւորութիւն կատարել անհատի մը որ ճանչցուած էր իբր անբարոյ, անօրէն անհատ մը, կամ որուն կեանքի ընթացքը բացէ ի բաց Սուրբ Գրքի սկզբունքներուն հակառակ էր։ Վստահաբար եղբայր մը կղերականի մը հետ պիտի չուզէ միջդաւանային յուղարկաւորութեան սպասարկութեան մը մասնակցիլ, ոչ ալ որեւէ յուղարկաւորութիւն կատարել Մեծն Բաբելոնի պատկանող եկեղեցիի մը մէջ։
Ի՞նչ է պարագան երբ հանգուցեալը վտարուած էր։ Ընդհանրապէս ժողովքը միջամուխ չ’ըլլար։ Թագաւորութեան Սրահն ալ չի գործածուիր։ Եթէ անհատը զղջում կ’ապացուցանէր եւ վերահաստատման ցանկութիւն կը յայտնէր, թերեւս եղբօր մը խղճմտանքը թոյլատրէ յուղարկաւորութեան տան մէջ, կամ գերեզմանատունը դագաղին շուրջ, սուրբ գրային դասախօսութիւն մը ներկայացնել, որպէսզի վկայութիւն մը ըլլայ աշխարհայիններուն, եւ մխիթարէ անոր ազգականները։ Սակայն այս որոշումը առնելէն առաջ, եղբօրը կողմէ իմաստութիւն պիտի ըլլայ երէցներու մարմինին հետ խորհրդակցիլ ու նկատի առնել ի՛նչ որ անոնք կը յանձնարարեն։ Երբ տեսնուի որ այդ եղբօր միջամուխ ըլլալը իմաստութիւն չէ, թերեւս յարմար նկատուի որ հանգուցեալին ընտանիքէն եղող եղբայր մը դասախօսութիւն մը ներկայացնէ, ազգականները մխիթարելու համար։
Յաւելեալ ուղղութիւններ կրնաք գտնել Դիտարանի հետեւեալ թիւերուն մէջ. 15 Հոկտեմբեր 1990, էջ 30–31 (Անգլ.). 1 Հոկտեմբեր 1982, էջ 23. 1 Յուլիս 1982, էջ 18–21. 1 Յունիս 1978, էջ 5–8 (Անգլ.). 1 Յունիս 1977, էջ 347–348 (Անգլ.). 15 Մարտ 1970, էջ 191–192 (Անգլ.). իսկ Զարթի՛ր 8 Սեպտեմբեր 1990, էջ 22–23, եւ 22 Մարտ 1977, էջ 12–15 (Անգլ.)։