Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը Շաբաթ օրերը, իսկ՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը շաբթուան միւս օրերուն։ Յունիսին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Կեդրոնացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը. Այն Կառավարութիւնը որ Դրախտ Պիտի Բերէ, Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Կորսնցնենք, Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք եւ Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը—Զայն Ի՞նչպէս Կրնաք Գտնել։
◼ Ժողովքի մը հետ ընկերակցող անհատները Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի նոր կամ նորոգուած բոլոր բաժանորդագրութիւնները, մէջը ըլլալով իրենց անհատական բաժանորդագրութիւնները, ժողովքին միջոցով պէտք է ղրկեն։
◼ Ընկերութիւնը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքները չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը Ընկերութեան ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են գրականութիւններ ստանալով, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները կանխիկ վճարուելու են։
◼ Ապրիլէն սկսեալ, գրականութեան առաքումներուն մէջ, ինքնաբերաբար պիտի պարփակուին 1997–ի նահանգային համաժողովի լանջանշանները հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։ Ասոնք ապսպրելու պէտք չկայ։ Եթէ ժողովքները յաւելեալ քանակի մը կարիքը ունին, Գրականութեան Ապսպրանքի Ֆօրմ (S-14) մը կրնան ուղարկել։ Եթէ ժողովքին մէջ ոեւէ անհատ լանջանշանի յատուկ բլասթիկէ պատեաններ կ’ուզէ, անհրաժեշտ է զանոնք ապսպրել։
◼ Ինչպէ՞ս Կրնաք Մնայուն Խաղաղութիւնն ու Երջանկութիւնը Ձեռք Ձգել գրքոյկը Անգլերէն լեզուով հրատարակուած է, Չինարէնի եւ Պարզուած Չինարէնի կողքին։ Քանի որ այս գրքոյկը ծրագրուած է միայն Չինացիներու հետ ուսումնասիրելու համար, անիկա լայնօրէն պիտի չբաշխուի Անգլերէն լեզուն խօսող դաշտին մէջ։
◼ Օրինական նիւթերու թղթածրար մը մատչելի է օգնելու համար այն հրատարակիչներուն, որոնք զաւակներու խնամակալութեան ու անոնց այցելելու իրաւունքի հարցերու վերաբերեալ դատերու մէջ պարփակուած են, ուր մեր կրօնքը յարձակման ենթարկուած է։ Միայն երէցներու մարմինը պէտք է խնդրէ այս թղթածրարը եւ ա՛յն պարագային՝ երբ բացայայտ է որ հրատարակիչին կրօնական հաւատալիքները խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլան։ Զարթի՛ր 22 Հոկտեմբեր 1988 թիւին, էջ 2-14–ին մէջ ու Զարթի՛ր 22 Ապրիլ 1991 թիւին, էջ 9–ի շրջագծին մէջ, օգտակար տեղեկութիւններ կան անոնց համար, որոնք ոչ–կրօնական հարցեր կը դիմագրաւեն զաւակներու խնամակալութեան, կամ անոնց այցելելու իրաւունքի առնչութեամբ եղած դատերուն մէջ։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ —Կալլէսերէն
Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը մէջ (Թերթիկ թիւ 15)—Հիլիկայնոն, Սինհալերէն
Կառավարութիւնը որ Դրախտ Պիտի Բերէ—Սլաւերէն
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Մանիշակագոյն Եռանկիւններ —Իտալերէն, Փորթուկալերէն
Միացած՝ Աստուածային Ուսուցումով —Լեհերէն
Մինչեւ Երկրին Ծայրերը —Փորթուկալերէն
◼ Մատչելի Նոր Քոմբէքթ Ձայնապնակներ.
Թագաւորութեան Մեղեդիներ Հատոր 4 (cdm-4)