Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Գոց Գրքերով Վերաքաղ՝ Յունուար 6–Էն Մինչեւ Ապրիլ 21, 1997, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Նշանակումներով Ներկայացուած Նիւթերու Վրայ Հիմնուած։ Յատկացուած Ժամանակամիջոցին, Անջատ Թուղթի Մը Վրայ Ձեր Կրցած Չափով Հարցումներուն Պատասխանեցէք։
[Նշմար. Գրաւոր Վերաքաղի Ընթացքին, Միայն Աստուածաշունչը Կարելի Է Գործածել Որեւէ Հարցումի Պատասխանելու Համար։ Հարցումներուն Աւարտին Տրուած Տեղեկութիւնները Ձեր Անձնական Հետազօտութեան Համար Են։ Դիտարան–ի Ակնարկումներէն Ոմանք Թերեւս Չբովանդակեն Էջերուն Եւ Պարբերութիւններուն Թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցը հաստատուելէն տարիներ առաջ, բարի լուրը օտար դաշտեր բերուած էր այն Վկաներու կողմէ, որոնք իրենց երկրէն դուրս ճշմարտութիւնը սորված էին եւ քարոզելու համար իրենց հայրենիքը վերադարձած էին։ [Ծանուցանողներ էջ 428 § 2 (կամ՝ § 1, Արաբ.)]
2. Ըստ Ղուկաս 8։8, 11, 15–ի, Աստուծոյ սիրալիր հայթայթումներուն հանդէպ անկեղծ գնահատութիւնը պիտի մղէ ‘բարի եւ յօժար սրտով խօսքը լսողները’ որ Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներուն հետ բաժնեն։ [Ծանուցանողներ էջ 412 § 1]
3. Զաքարեայ 9։2-4–ի որպէս կատարում, Նաբուգոդոնոսոր բոլորովին կործանեց Տիւրոս։ [Բոլոր Գիրքը էջ 169 § 4]
4. Հպարտութիւնը կրնայ արգելք հանդիսանալ մեր անձնական սխալներուն գիտակցելու եւ խրատ ընդունելու։ [Պատճառաբանել էջ 391 § 1. կամ՝ էջ 223 § 1, Արաբերէնով]
5. Թէեւ Չ. Թ. Ռասըլ համբաւաւոր էր որպէս տաղանդաւոր դասախօս մը, սակայն մարդոց հանդէպ իր ունեցած անկեղծ հետաքրքրութի՛ւնն էր որ զինք ազդեցիկ աւետարանիչ մը դարձուց։ [Ծանուցանողներ էջ 404 § 2]
6. Փրկանքին միջոցաւ անկատար մարդոց բոլոր մեղքերը ներուած են։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 12/15/95 էջ 29։]
7. Մատթէոս 25։31-46–ի մէջ յիշուած յաւիտենական բնաջնջումով պատժուած «այծեր»էն պիտի ըլլան Մեծն Բաբելոնի գործունեայ անդամները եւ անոնց կրօնական առաջնորդները։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/1/96 էջ 29 § 13-15։]
8. Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Եւրոպայի մէջ սաստիկ հալածանքներու պատճառաւ, հրատարակիչներուն թիւը մեծապէս նուազեցաւ։ [Ծանուցանողներ էջ 454 § 2]
9. Ուրիշներուն ներելը կարելի կը դարձնէ որ Աստուած մեր մեղքերը ներէ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 12/1/94 էջ 7։]
10. Մեր օրերուն համար մարգարէացուած «բնական աղէտներ»ուն համար Աստուած այպանելի չէ, ճիշդ ինչպէս որ կարելի չէ օդերեւութաբաններ այպանել իրենց նախագուշակած օդի վիճակներուն համար։ [Պատճառաբանել էջ 398 § 1-3. կամ՝ էջ 69 § 2-4, Արաբերէնով]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. 1938–ին, Անգլիոյ Լոնտոն մայրաքաղաքին մէջ համաժողովի «Իրողութիւնները Դիմագրաւեցէք» խորագրով դասախօսութիւնը ծանուցանելու համար, ի՞նչ աչքառու մեթոտ գործածուեցաւ։ [Ծանուցանողներ էջ 447 § 2 (կամ՝ էջ 446 § 4, Արաբերէնով)]
12. Յիսուս Քրիստոսի խաղցած ո՞ր երկու գլխաւոր դերերը նկարագրուած են Զաքարեայ 6։12, 13–ի մէջ։ [Բոլոր Գիրքը էջ 172 § 25]
13. Ընկերութեան՝ Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին մասնակցելու կարգադրութիւնը ո՞ր սկզբունքը կիրարկելու մէկ օրինակն է։ [Ծանուցանողներ էջ 344 § 3-4 (կամ՝ § 2-3, Արաբերէնով)]
14. Ներկայիս, մարդիկ ի՞նչ կերպերով Յիսուսի զոհագործութենէն կ’օգտուին։ [Գիտութիւն էջ 68-69 § 17-19]
15. Ինչո՞ւ պէտք չէ վարանինք տանտէրներուն բացատրելու թէ մեր գործը յօժարակամ նուիրատուութիւններով կ’ընթանայ։ [Ծանուցանողներ էջ 349 § 4]
16. Մաղաքեայ 4։5–ին առ ի կատարում, առաջին դարուն «Եղիա մարգարէն» ի՞նչ առումով երեւցաւ։ [Բոլոր Գիրքը էջ 174 § 15]
17. Մեղքը ինչպէ՞ս տարածուեցաւ մարդկային ամբողջ ցեղին վրայ։ [Գիտութիւն էջ 58 § 13]
18. Լուրջ խնդիրներ հարթելու համար Յիսուսի տուած ողջախոհ խրատը ո՞ւր արձանագրուած է Մատթէոս գրքին մէջ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 7/15/95 էջ 22։]
19. Մատթէոս 20։1-16–ի առակին մէջ յիշուած «դահեկան»ը ի՞նչ է։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Մեծագոյն Մարդը գլուխ 97 § 6։]
20. Տառապանքը թոյլատրելով, Աստուած ի՞նչ երկու բաներ փաստած է։ [Գիտութիւն էջ 77-78 § 18-20]
Հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար, պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը հայթայթեցէք.
21. Ընդհանրապէս առաջին երեք Աւետարանները համացոյց կը կոչուին, այսինքն՝ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐։ [Բոլոր Գիրքը էջ 175 § 3 (կամ՝ էջ 176 § 1, Արաբերէնով)]
22. Աստուծոյ հոգին ունենալ դաւանող անհատ մը, եթէ հոգիին ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ չ’արտադրեր իր կեանքին մէջ եւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ու անոր գործերէն հեռու չի մնար, իր դաւանութիւնը հիմ չունի։ [Պատճառաբանել էջ 402 § 3-6. կամ՝ էջ 62 § 1-4, Արաբերէնով]
23. Հաւատարմօրէն իրեն ծառայող ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ հանդէպ նկատառու գտնուելով, Աստուած անոնց փոքր ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ որպէս ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ կը նկատէ։ (Ա. Կորնթ. 7։14) [Պատճառաբանել էջ 397 § 5. կամ՝ էջ 68 § 1, Արաբերէնով]
24. Թէեւ Յիսուս ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ անունը չկրեց, սակայն որպէս մարդ իր դերը այդ անուան ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ կատարեց։ (Եսայ. 7։14. Մատթ. 1։22, 23) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/15/92 էջ 22։]
25. Մահուան ժամանակ մարդոցմէ ելլող «հոգին [ոգին]» ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ է, որ ծագում առած է Աստուծմէ։ (Սաղմ. 146։4) [Գիտութիւն էջ 81 § 5-6]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն շիտակ պատասխանը ընտրեցէք.
26. Ապացոյց կայ որ Մատթէոս իր Աւետարանը (Եբրայերէնով. Արամերէնով. Յունարէնով) գրեց, ապա զայն (Եբրայերէնի. Արամերէնի. Յունարէնի) թարգմանեց։ [Բոլոր Գիրքը էջ 176 § 6]
27. Ժողովողի 9։11–ը կ’օգնէ մեզի հասկնալու թէ մարդիկ յաճախ կը վնասուին կամ կը տառապին՝ (Սատանայի. ամբարիշտ մարդոց. սխալ րոպէի մը սխալ տեղ մը գտնուելուն) պատճառաւ։ [Պատճառաբանել էջ 394 § 3. կամ՝ էջ 66 § 1, Արաբերէնով]
28. Արեւմտեան Ափրիկեցիներէն շատեր նախ ճշմարտութեան ծանօթացան (Էտուին Սքինըրի. Ու. Ր. Պրաունի. Խուան Մունիզի) սուրբ գրային ոգեւորիչ դասախօսութիւններուն միջոցաւ։ [Ծանուցանողներ էջ 433 § 2-5 (կամ՝ էջ 432 § 3–էջ 433 § 3, Արաբերէնով)]
29. (Յաւիտենական կեանքն. աստուածային պաշտպանութիւնն. Թագաւորութեան պատգամը լսելն) է Յիսուսի խոստացած վարձատրութիւնը այն անհատներուն, որոնք իր աշակերտները որպէս մարգարէներ կ’ընդունին, ինչպէս արձանագրուած է Մատթէոս 10։41–ի մէջ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/1/88 էջ 24, Անգլերէնով։]
30. (Հ.Դ.Ա. 2–ին. Հ.Դ. 29–ին. Հ.Դ. 33–ին) Յիսուս Մեսիան եղաւ, երբ (ծնաւ. մկրտուեցաւ. յարութիւն առաւ)։ [Գիտութիւն էջ 65 § 12]
Հետեւեալ համարները արտայայտութիւններուն հետ համեմատեցէք.
Զաք. 4։6. Մատթ. 4։8-10. Մատթ. 16։19. Յակ. 1։13. Ա. Յովհ. 5։19
31. Մարդկութիւնը հարուածող բազմաթիւ նեղութիւններուն պատճառը Աստուած չէ։ [Գիտութիւն էջ 71 § 3]
32. Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդները կը մերժեն աշխարհի քաղաքական հարցերուն միջամուխ ըլլալ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 8/1/96 էջ 11 § 9։]
33. Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին գիտութիւն ստանալը երկնքի ճամբան պիտի բանար Հրեաներուն, Սամարացիներուն եւ հեթանոսներուն համար։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 3/15/91 էջ 5։]
34. Մեր քարոզչութեան դէմ աշխարհածաւալ հակառակութիւնը յաղթահարուած է, ո՛չ թէ մարդկային ջանքերով, այլ՝ Եհովայի առաջնորդութեամբ եւ պաշտպանութեամբ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 8/15/94 էջ 17 § 4։]
35. Քրիստոնեաները աշխարհէ անջատ մնալու լաւ պատճառ ունին։ [Գիտութիւն էջ 60 § 18]