Ծառայութեան Ժողովներ Սեպտեմբեր Ամսուան Համար
Սեպտեմբեր 1–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 172
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Աւելի Կարեւոր Բաները Առաջին Տեղը Դրէք»։ Հարց պատասխանով։ Եթէ ժամանակը ներէ, մեկնաբանէ «Պատշաճ Նախապատուութիւններ Դնել» խորագրով յօդուածին մասին, Զարթի՛ր 22 Փետրուար 1987 (Անգլ.), էջ 8-9։
20 վյրկ. «Ուրիշներու Հետ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը Բաժնենք»։ Որպէս դասախօսութիւն, ծածկէ 1 եւ 6-8–րդ պարբերութիւնները։ Ցուցադրէ 2-5–րդ պարբերութիւնները։ Շեշտէ ի մտի ունենալ աշակերտելը եւ ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտը։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 8–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 27
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
10 վյրկ. «Աշակերտներ Արտադրող Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ»։ Դասախօսութիւն։
15 վյրկ. Երէց մը ուսումնասիրութիւններ վարող փորձառու հրատարակիչներու հետ նկատի կ’առնէ՝ «Աշակերտները Նուիրումի եւ Մկրտութեան Մղեցէք» (ՄԹԾ 6/96 յաւելուածական, պարբ. 20-22)։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 15–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Պատկերիզները Լաւ Կերպով Գործածեցէք։ Ընկերութեան պատկերիզները գործածելու նկատմամբ կարգ մը թելադրութիւններ վերաքաղ ըրէ ու պատմէ տեղական փորձառութիւններ, որոնք ցոյց կու տան միջոցներ պատկերիզները աւելի լաւ կերպով գործածելու, թէ՛ մեր ընտանիքներուն եւ թէ մեր ծառայութեան մէջ։
20 վյրկ. Դպրոց Գրքոյկը կը Գործածէ՞ք։ Երէց մը կարգ մը ծնողներու եւ երախաներու հետ նկատի կ’առնէ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1985–ի համարը (Անգլ.), էջ 30-31։ Անոնք կը պատմեն Դպրոց գրքոյկը գործածելու մէջ իրենց ունեցած անհատական փորձառութիւնները։
Երգեցողութիւն թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 22–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
17 վյրկ. Ի՞նչպէս Խօսակցութիւն մը Սկսիլ։ Ծառայութեան մէջ մեր յաջողութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ է ուրիշները իմաստալից խօսակցութեանց միջամուխ ընելու մեր կարողութենէն։ Երբ կարող ենք բան մը ըսել, որ կը ձգէ ուրիշները մտիկ ընեն, յաղթահարած կ’ըլլանք վկայելու մէջ մեր դիմագրաւած ամենամեծ արգելքներէն մէկը։ Ներկաներուն հետ նկատի առ կարգ մը գլխաւոր կէտեր, առնուած՝ Դպրոցի Ուղեգիրք–էն, դաս 16, պարբերութիւն 11-14։ Խօսակցութիւններ սկսելու մէջ հմուտ եւ ազդու հրատարակիչներ թող յիշեն իրենց գործածած բացման խօսքերը, երբ կը խօսին զանազան անհատներու, ինչպէս՝ (1) փողոցը քալող անցորդի մը, (2) հանրակառքի մէջ ճամբորդի մը, (3) սեղանի մը ետեւ նստող պաշտօնեայի մը, (4) կառատան մէջ գնում ընողի մը, (5) հանրային պարտէզի մը մէջ նստող անհատի մը, (6) անհատի մը, որու կը վկայեն հեռաձայնով։
20 վյրկ. Վերաքաղ Ըրէք 1997–ի Ծառայութեան Տարուան Ժողովքի Տեղեկագիրը։ Ծառայութեան տեսուչը ժողովքը կը գովէ անոր ընտիր ջանքերուն համար, մանաւանդ Մարտ, Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն ընթացքին։ Բարելաւումներ ընելու համար, երէցներու մարմինէն եւ շրջանային տեսուչի վերջին տեղեկագրէն թելադրութիւններ կը մատուցանէ, աւելցնելու համար դաշտի ծառայութիւնը եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու գործունէութիւնը։ Ծառայութեան նոր տարուան համար կարգ մը գործնական նպատակակէտեր կ’ուրուագծէ, ի ներառեալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատել եւ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել, այն ամիսներուն ընթացքին որոնք հինգ շաբաթավերջեր ունին, ինչպէս՝ Նոյեմբեր, Մայիս եւ Օգոստոս։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 29–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուր որ դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները տալու չմոռնան։ Հոկտեմբերի ընթացքին պարբերաթերթեր բաշխելու գործունէութեան առ ի պատրաստութիւն, նկատի առ Հոկտեմբեր 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 8–ի վրայ գտնուող հետեւեալ կէտերը. «Ձեր Թաղամասը Վերլուծեցէք», «Պարբերաթերթերուն Քաջածանօթ Եղէք», «Ձեր Բացման Խօսքերը Պատրաստեցէք», «Ներկայացումը Տանտիրոջ Յարմարցուցէք» եւ «Իրարու Օգնեցէք»։
15 վյրկ. Քրիստոնեայ մը Ի՞նչ Պէտք Է Ընէ Երբ Որպէս Երդուեալ Դատաւոր Ծառայելու Կանչուի։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1997–ի համարին վրայ (Անգլ.), էջ 27-29։
15 վյրկ. Ձեր Ծառայութիւնը Փառաւորեցէք։ Ներկաներուն հետ նկատի առնել Մեր Ծառայութիւնը գիրքը, էջ 81-83 (Անգլ.), կամ՝ էջ 82-84 (Արաբ.)։ Հետեւեալ հարցումները հարցուր, գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնելու համար. (1) Յիսուսի օրինակին հետեւելով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։ (2) Քարոզելու մեր պատասխանատուութիւնը ո՞րքան կարեւոր է։ (3) Ի՞նչ բաներ մղեցին մեզ որ մեր կեանքը Եհովայի նուիրենք։ (4) Եթէ անհատ մը կ’ուզէ Աստուծոյ ծառայել, ի՞նչպիսի վարք մը պահանջուած է իրմէ։ (5) Յիսուսի քարոզած կերպէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։