Ծառայութեան Ժողովներ Նոյեմբեր Ամսուան Համար
Նոյեմբեր 3–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ «Բարի Լուրը Ինթըրնէթ–ի Վրայ»։ Խօսիր տեղական ժողովքին Օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագրութեան մասին։
15 վյրկ. «Մեծ ու Արդիւնաւոր Դուռը Բացուած Է»։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, ներկաներուն հետ խօսակցելով։ Քաջալերէ որ բոլոր անոնք որոնք կարող են՝ ջանան քարոզչութեան մէջ աւելի բաժին բերել։ Պարփակէ խրատներ, առնուած՝ Դիտարան 15 Օգոստոս 1988–ի թիւէն (Անգլ.), էջ 22։
20 վյրկ. «Թագաւորութեան Լուրեր–ուն Հանդէպ Ցուցաբերուած Հետաքրքրութիւնը Հետապնդեցէք»։ Հարց պատասխանով։ Ցուցադրէ 6–րդ պարբերութեան ներկայացումները։ Անոնցմէ մէկուն մէջ, ցոյց տուր ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 10–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։ Ժողովքին տեղեկացուր թէ տակաւին ո՛րքան թաղամաս կայ ծածկուելիք Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկով։ Քաջալերէ բոլորը որ մասնայատուկ արշաւին լիովին մասնակցին այս վերջին շաբթուան ընթացքին։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Ոչ–Վկայ Կողակիցներուն Օգնենք»։ Խօսակցութիւն երկու երէցներու միջեւ, որոնք հետաքրքրուած են անհաւատ կողակիցներուն աւելի մօտէն ճանչնալով։ Անոնք նաեւ նկատի կ’առնեն կարգ մը թելադրութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Յունիս 1989–ի թիւէն, էջ 21-22, պարբերութիւն՝ 6-9։ Պարփակեցէք փորձառութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Յունուար 1996–ի թիւէն, էջ 8-9, պարբերութիւն՝ 11-12։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 17–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 113
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշէ Նոյեմբեր 27–ի համար որոշուած դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները։ Պատմէ կարգ մը տեղական փորձառութիւններ՝ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկի արշաւին վերաբերեալ։
20 վյրկ. Այս Մասնայատուկ Պատեհութիւնը Մի՛ Փախցնէք։ Դասախօսութիւն հիմնուած՝ Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1996–ի թիւին վրայ (Անգլ.), էջ 21-23։
15 վյրկ. «Ի՞նչ Պիտի Ըսեմ»։ Ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Կարդա՛ Պատճառաբանել գրքին 8–րդ էջին առաջին պարբերութիւնը, բացատրելով որ գիրքը ծրագրուած է մեզի օգնելու որ ազդուօրէն վկայենք Աստուածաշունչի զանազան նիւթերու մասին։ Ցուցադրէ մէկ կամ երկու լաւ–պատրաստուած ներկայացումներ։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 24–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 127
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Կենցաղավարութիւն՝ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան Ընթացքին։ Կը գնահատենք իրենց տուները գրքի ուսումնասիրութեան համար տրամադրող ընտանիքներուն հիւրասիրութիւնը։ Ասիկա բաւական պատրաստութիւն եւ նեղութիւն կրնայ նշանակել։ Երբ հոն ներկայ կ’ըլլանք, կենցաղավարութիւն, յարգանք ու նկատառութիւն պէտք է ցուցաբերենք, որ կրնայ պարփակել հետեւեալ բաները. (1) Ներս չմտած մեր ոտքերը պէտք է սրբենք, գետինը կամ գորգերը չաղտոտելու համար։ (2) Ծնողներ պէտք է վերահսկեն իրենց զաւակները, վստահ ըլլալով որ անոնք լաւ վարմունք կ’ունենան եւ գրքի ուսումնասիրութեան համար որոշուած սենեակին մէջ կը մնան։ (3) Թէեւ խումբը կրնայ պզտիկ ըլլալ, իսկ մթնոլորտը՝ յարաբերաբար անպաշտօն, սակայն անիկա տակաւին ժողովքային հանդիպում մըն է եւ պէտք է հագնինք այնպէս՝ ինչպէս երբ Թագաւորութեան Սրահ կ’երթանք։ (4) Ժողովէն վերջ ընկերակցութիւնը կարճ պէտք է պահենք, որպէսզի հիւրասիրող ընտանիքը կարենայ առանձին ժամանակ ունենալ։ (5) Թէեւ տանտէրը երբեմն փափաքի պզտիկ հիւրասիրութիւն մը ընել ուսումնասիրութենէն ետք, սակայն բոլորն ալ պէտք է հասկնան որ ասիկա ո՛չ ակնկալուած, ո՛չ ալ պահանջուած բան մըն է։
22 վյրկ. Աշակերտեցէք՝ Անոնց Սորվեցնելով։ Երէց մը երեք կամ չորս հոգիներէ բաղկացած խումբի մը հետ խօսակցութիւն կ’ունենայ, պատասխանելով Մեր Ծառայութիւնը գրքին (Անգլ.) էջ 88-92–ի վրայ հիմնուած կարգ մը հարցումներուն. (1) Վերայցելութիւններ ընելը ինչո՞ւ կենսական է ազդու ծառայութեան մը համար։ Ի՞նչպէս կրնանք վերայցելութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւել։ (2) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ ինչո՞ւ շատ շեշտ կը դնենք։ Ուսումնասիրութիւններ վարելու մէջ ի՞նչպէս կրնանք հմուտ դառնալ։ (3) Ինչո՞ւ կարեւոր է աշակերտները կազմակերպութեան ուղղել։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Խումբը կը պատմէ նաեւ որ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին վերջին քանի մը ամսուան յաւելուածականները, ինչպէս՝ Յունիս 1996–ի, Մարտ եւ Ապրիլ 1997–ի թիւերը, օգնած են իրենց վերոյիշեալ մարզերուն մէջ։
Երգեցողութիւն թիւ 160 եւ փակման աղօթք։