Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յունուարին. 1985–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192–էջնոց գիրք, զոր ժողովքը ունի։ Այն ժողովքները որոնք այսպիսի գրականութիւններ չունին, կրնան Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը ներկայացնել։ Փետրուարին. Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Կեդրոնացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ։ Ապրիլին. Դիտարան պարբերաթերթը։
◼ Յունուար 5–ով սկսող շաբաթը, Ծառայութեան Ժողովին ներկայ եղող մկրտուած բոլոր հրատարակիչները պիտի ստանան Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիրը, իսկ իրենց զաւակները՝ Անձնագիրը։
◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 1–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն համար նոր հանրային դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Կեանքի Նկատմամբ Աստուծոյ Տեսակէտը կը Բաժնէ՞ք»։
◼ Ժողովքները յարմար կարգադրութիւններ պէտք է ընեն այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար, Շաբաթ՝ Ապրիլ 11–ին, արեւնամուտէն ետք։ Թէեւ դասախօսութիւնը կանուխ կրնայ սկսիլ, սակայն Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն հրամցուիլը պէտք է սկսի արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ տեղեկացէք թէ արեւնամուտը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Մինչ փափաքելի է որ ամէն ժողովք Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարէ, բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Յիշատակատօնը շատ ուշ ատեն պէտք չէ սկսի այնպէս որ նոր հետաքրքրուած անհատները ներկայ ըլլալը անյարմար գտնեն։ Ասկէ զատ, յայտագիրը շատ սեղմ պէտք չէ ըլլայ այնպէս որ ժամանակ չմնայ տօնակատարութենէն առաջ կամ վերջ այցելուներուն բարեւելու, հետաքրքրուած անհատներու յարատեւ հոգեւոր օժանդակութեան համար կարգադրութիւններ ընելու կամ փոխադարձ քաջալերութիւն վայելելու։ Բոլոր ազդակները լիովին նկատի առնելէ ետք, երէցները պէտք է որոշեն թէ ո՛ր կարգադրութիւնները Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն մեծապէս պիտի օգնեն որ առիթէն լիովին օգտուին։
◼ 1998–ի Յիշատակատօնի առիթով հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի օրը՝ Մարտ 29–ին։ Ուրուագիծ մը պիտի հայթայթուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը, շրջանային համաժողովը կամ միօրեայ մասնաւոր համաժողովը ունեցող ժողովքները մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Մարտ 29–էն առաջ, ո՛չ մէկ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը պէտք է ունենայ։
◼ Երէցներու մարմինը տեղեակ պէտք է ըլլայ, թէ հետեւեալ փոփոխութիւնները պէտք է որ ըլլան, երբ ժողովքը տեղական համաժողովներու ներկայ պիտի ըլլայ. Երբ միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիր մը ըլլայ, ժողովքը շաբթուան սովորական բոլոր ժողովները պէտք է ունենայ, բացի՝ Հանրային ժողովէն եւ Դիտարանի Ուսումնասիրութենէն։ Երբ ժողովքը շրջանային համաժողովի ներկայ պիտի ըլլայ, Աստուածպետական Ծառայութեան Ժողովը եւ Ծառայութեան Ժողովն ալ պէտք է որ ջնջուին. այդ շաբաթ միմիայն Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը տեղի պիտի ունենայ։
◼ Միացեալ Նահանգներու զինուորագրութեան կանոնները կը պահանջեն որ բոլոր տղամարդիկը արձանագրուին նամակատան մէջ, երբ 18 տարեկան կ’ըլլան։ Բոլոր անոնք որոնցմէ պահանջուած է որ ասիկա ընեն, պէտք է արագօրէն հոգ տանին այս հարցին, զայն նկատելով որպէս Քրիստոնեայի մը պարտաւորութիւնը վերին հեղինակութիւններուն հանդէպ։ Երէցները պիտի ուզեն ասիկա ի մտի ունենալ եւ յարմար վերյիշեցումներ մատուցանել երիտասարդ եղբայրներուն, որոնք 18 տարեկան պիտի ըլլան։ Այս առնչութեամբ երիտասարդ Քրիստոնեային պատասխանատուութիւններուն մասին եղած հարցումներուն երէցները կրնան պատասխանել։
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը (չորս ձայներիզներ ալպոմի մը մէջ) —Գերմաներէն
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց —Լեհերէն, Ճափոներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն
Մանիշակագոյն Եռանկիւններ —Ռուսերէն