Ծառայութեան Ժողովներ Փետրուար Ամսուան Համար
Փետրուար 2–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 113
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
15 վյրկ. «Եհովայի Վկաները Իսկական Աւետարանիչներ Են»։ Հարց պատասխանով։ Վերաքաղ ըրէք՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1992, էջ 14–ի վրայ եղած շրջագիծը։
20 վյրկ. «Սքանչելի Գործիք մը՝ Բոլորին Օգնելու Համար»։ Հարց պատասխանով այս գրքին մասնայատուկ առաւելութիւնները աչքառու դարձուցէք։ Հակիրճ ցուցադրութիւններ ներկայացուցէք։ Եթէ ժամանակը թոյլատրէ, ներկաները հրաւիրեցէք փորձառութիւններ պատմելու, որոնք ցոյց կու տան ի՛նչպէս ազդուօրէն գիրքը գործածել ուրիշներուն օգնելու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 9–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Բոլոր Լեզուներու եւ Կրօնքներու Պատկանող Մարդոց Վկայենք»։ (Պարբերութիւն՝ 1-10) Հարց պատասխանով։ Թուեցէք ձեր թաղամասին մէջ խօսուած լեզուները եւ ցոյց տուէք այդ լեզուներով ժողովքին ունեցած գրականութիւնները։ 10–րդ պարբերութեան համաձայն, թող հրատարակիչ մը ցուցադրէ՝ Բարի Լուր Բոլոր Ազգերուն Համար գրքոյկին գործածութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 16–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
12 վյրկ. Ժողովքային Հանդիպումներուն Ինչո՛ւ Ներկայ Պէտք Է Գտնուիք։ Երէց մը նկատի կ’առնէ Դիտարան 15 Օգոստոս 1993 (Անգլ.), էջ 8-11–ի մէջ եղած յօդուածին գլխաւոր կէտերը, շեշտելով՝ կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ գտնուելու կարեւորութիւնը։
18 վյրկ. «Բոլոր Լեզուներու եւ Կրօնքներու Պատկանող Մարդոց Վկայենք»։ (Պարբերութիւն՝ 11-28) Հարց պատասխանով։ Թուեցէք ձեր թաղամասին մէջ գտնուած ոչ–Քրիստոնեայ կրօնքները։ Փորձառու հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ ի՛նչպէս առաջին հանդիպումին վկայութիւն մը տալ անհատի մը՝ որ Պուտտայական, Պրահմանական, Հրեայ կամ Իսլամ է (այն կրօնքը որ ձեր շրջանին մէջ աւելի տիրական է)։
10 վյրկ. «Տէրը Իմ Օգնականս Է»։ Ջերմ, քաջալերական դասախօսութիւն մը, երէցի մը կողմէ։
Երգեցողութիւն թիւ 77 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 23–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք Մարտ ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը։ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնելու համար, մէկ կամ երկու գաղափարներ յիշեցէք, գործածելով կարգ մը կէտեր՝ Դեկտեմբեր 1995 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին 8–րդ էջէն։ Շեշտեցէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտը։
15 վյրկ. «Յաջողութիւն Գտնող Ներկայացումը Գործածեցէք»։ Հարց պատասխանով։ Ներկաներուն մէջ եղող մէկ կամ երկու փորձառու հրատարակիչներ թող հակիրճօրէն յիշեն այն ներկայացումները, զորս շարունակաբար կը գործածեն, անոնց պարզութեան ու արդիւնաբերութեան պատճառաւ։ Ապա ուրիշներ թող ուշադրութեան յանձնեն Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ վերջերս թելադրուած մօտեցումները, որոնք ազդու եղած են։
20 վյրկ. Ձեր Ներկայացումները Փորձ Ըրէք։ Հակիրճ դասախօսութիւն մը հիմնուած՝ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Ուղեգիրք–ին վրայ, էջ 98-99, պարբերութիւն 8-9։ Շեշտեցէք կարիքը՝ մեր ներկայացումները վերլուծելու եւ փնտռելու աւելի ազդու դառնալու կերպեր։ Երկու քոյրեր թող ցուցադրեն ի՛նչպէս վերլուծել դրան մը առջեւ իրենց գործածած ներկայացումը, խօսակցելով թէ ի՛նչպէս կրնան բարելաւել։ Նաեւ, հակիրճօրէն թող փորձ ընեն յաջորդ անգամ իրենց գործածելիք ներկայացումը, իրարու օգտակար թելադրութիւններ մատուցանելով։ Ատենապետը կ’եզրափակէ, քաջալերելով բոլորը որ իրենց ներկայացումները վերլուծեն ու փորձ ընեն։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։