Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/98 էջ 3
  • «Տէրը Իմ Օգնականս Է»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Տէրը Իմ Օգնականս Է»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սուրբ հոգին անձնական օգնականս ըրա՞ծ եմ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Սիրով ամրացած քաջութիւն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Քաջասիրտ ըլլանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • ‘Զօրացէ՛ք ու քաջասի՛րտ եղէք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
թծ 2/98 էջ 3

«Տէրը Իմ Օգնականս Է»

1 Երբ Յիսուս իր առաջին աշակերտներուն յանձնարարութիւն տուաւ, ըսաւ անոնց. «Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ»։ (Մատթ. 10։16) Ասիկա պատճառ եղա՞ւ որ անոնք վախնան ու ետ կենան քարոզելէ։ Ո՛չ։ Անոնք հետագային Պօղոս առաքեալի արտայայտած տեսակէտը որդեգրեցին, երբ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն ըսաւ. «Կը համարձակինք ըսելու. ‘Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ’»։ (Եբր. 13։6) Անոնք ուրախացան որ Յիսուսի անուանը համար անարգուելու արժանի եղան, եւ առանց դանդաղելու շարունակեցին սորվեցնել ու բարի լուրը ծանուցանել։—Գործք 5։41, 42

2 Ներկայիս, քարոզչութեան երկրածաւալ գործունէութիւնը իր վերջին հանգրուանին մէջ է։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս նախագուշակած էր, բոլոր ազգերուն ատելի եղած ենք։ (Մատթ. 24։9) Մեր քարոզչութիւնը հակառակութեան եւ ծաղրանքի առարկայ դարձած է, իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ, նոյնիսկ արգելքի տակ դրուած է։ Եթէ հաւատքի պակաս ունենայինք, թերեւս վախնայինք։ Սակայն, գիտակցիլը թէ Եհովան է մեր Օգնականը, մեզ կը թարմացնէ ու կ’ամրապնդէ, որպէսզի յարատեւենք։

3 Քաջութիւնը՝ զօրաւոր, խիզախ, անվեհեր ըլլալու յատկութիւնն է։ Անիկա վախկոտութեան, երկչոտութեան, անարիութեան հակառակն է։ Յիսուսի աշակերտները տոկալու համար միշտ քաջութեան կարիքը ունեցան։ Անիկա կենսական է եթէ չենք ուզեր վհատիլ Աստուծոյ հետ թշնամութեան մէջ եղող աշխարհին վերաբերմունքներէն ու արարքներէն։ Որքա՜ն քաջալերական է խոկալ աշխարհը յաղթող Յիսուսի անբաղդատելի օրինակին մասին։ (Յովհ. 16։33) Նաեւ մի՛ մոռնաք առաքեալները, որոնք սաստիկ փորձութիւններու դիմաց խիզախօրէն յայտարարեցին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 5։29

4 Մենք Ետ Քաշուող Տեսակը Չենք. Պէտք է ջանանք մեր գործունէութեան հանդէպ դրական տեսակէտ մը պահպանել։ (Եբր. 10։39) Միշտ ի մտի ունեցէք թէ Եհովա մեզ ղրկած է, ամբողջ մարդկութեան հանդէպ իր ունեցած սէրն ու ողորմութիւնը արտայայտելու համար։ Ան իր ծառաներէն բնաւ չի խնդրեր օգտակար նպատակի չծառայող բան մը ընել։ Մեզի նշանակուած ընելիք բոլոր բաները ի վերջոյ Աստուած սիրողներուն բարիքին համար են։—Հռովմ. 8։28

5 Դրական տեսակէտ մը ունենալը պիտի օգնէ մեզի որ շարունակենք մեր թաղամասերուն մէջ ոչխարանման անհատներ փնտռել։ Մարդոց ցուցաբերած անտարբերութիւնը կրնանք նկատել որպէս անոնց յուսախաբութեան ու յուսահատութեան արդիւնքը։ Թող որ մեր սէրը մեզ մղէ կարեկից ու համբերող ըլլալու։ Ամէն անգամ որ գրականութիւն մը տեղաւորենք կամ հետաքրքրութեան նշոյլ մը տեսնենք, մեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ շուտով վերայցելել ու յաւելեալ հետաքրքրութիւն արթնցնել։ Երբեք պէտք չէ կասկածինք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու կամ զայն ազդուօրէն վարելու մեր կարողութեան վրայ։ Փոխարէն, յարատեւաբար ու աղօթքով Եհովայի օգնութիւնն ու առաջնորդութիւնը խնդրենք, վստահ ըլլալով որ ան պիտի օգնէ մեզի։

6 Հաստատօրէն կը հաւատանք որ Եհովա գործը պիտի ամբողջացնէ։ (Բաղդատել՝ Փիլիպպեցիս 1։6։) Որպէս Օգնական իրեն հանդէպ մեր ունեցած կատարեալ վստահութիւնը մեզ կը զօրացնէ, այնպէս որ ‘բարիք գործելէն չենք ձանձրանար’։—Գաղ. 6։9

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել