Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/98 էջ 1
  • «Ասիկա Ըրէք Զիս Յիշելու Համար»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ասիկա Ըրէք Զիս Յիշելու Համար»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչո՞ւ Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • «Ասիկա ըրէք». Յիշատակատօնը ապրիլ 5–ին տեղի պիտի ունենայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Ինչո՛ւ կը տօնակատարենք Տէրունական ընթրիքը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
թծ 3/98 էջ 1

«Ասիկա Ըրէք Զիս Յիշելու Համար»

1 Մարդիկ հակումը ունին թոյլ տալու որ կարեւոր բաներուն իմաստը ժամանակի ընթացքին մոռցուի։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է, որու համար Յիսուս «Տէրունական ընթրիքը» հաստատելու ժամանակ իր աշակերտներուն պատուիրեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ Անկէ ի վեր, Յիսուսի մահուան տարելիցին, Քրիստոնեաները հնազանդօրէն շարունակած են ‘Տէրոջը մահը պատմել մինչեւ իր գալը’։—Ա. Կորն. 11։20, 23-26

2 Շատ մօտ օրէն, Յիսուս երկնային բնակարանները պիտի ընդունի երթալով նուազող «պզտիկ հօտ»ին վերջին անհատները։ (Ղուկ. 12։32. Յովհ. 14։2, 3) Այս տարի, Ապրիլ 11–ին, օծեալ մնացորդը եւ «ուրիշ ոչխարներ»ու երթալով աւելցող մեծ բազմութիւնը, դարձեալ առանձնաշնորհումը պիտի ունենան Տէրոջը Ընթրիքը տօնելու։ (Յովհ. 10։16. Յայտ. 7։9, 10) Մարդկութեան համար իր միածին Որդին ղրկելով՝ Եհովայի ցուցաբերած մեծ սիրոյն հանդէպ մեր գնահատութիւնը պիտի ամրապնդուի։ Այս առիթով ուշագրաւ պիտի դարձուի Յիսուսի օրինակը՝ իր սէրը, փրկանքը հայթայթելու համար մինչեւ ի մահ իր հաւատարմութիւնը եւ Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան որպէս Թագաւոր իր ներկայ իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդոց համար այս Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւնները։ Ի՛րապէս յիշատակուելու արժանի դէպք մըն է։

3 Հիմակուընէ Պատրաստուինք. Բոլորս ալ աշխատինք այս Յիշատակատօնը մեծ ուրախութեան ու երախտագիտութեան առիթ մը դարձնել, մեզի եւ բոլոր մեզի հետ ընկերակցողներուն համար։ Կրնանք մեր գնահատութիւնը աւելցնել, դարձեալ ընթերցելով Յիսուսի ծառայութեան վերջին օրերուն եւ անոր մահուան առաջնորդող դէպքերուն մասին Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը։ Յիշատակատօնի նախորդող քանի մը շաբաթներու ընթացքին, ընտանեկան ուսումնասիրութեան համար կրնանք Մեծագոյն Մարդը գրքին 112-116–րդ գլուխները վերաքաղ ընել։

4 Քանի՞ հոգիներ կը ճանչնաք, որոնք թերեւս Յիշատակատօնին գան եթէ նախաձեռնութիւնը առնէք այս առիթին հանդէպ անոնց գնահատութիւնը կերտելու, զանոնք հրաւիրելու եւ զգացնել տալու թէ բարի եկած են։ Հիմա իսկ ցանկ մը պատրաստեցէք ու ձեր կարելին ըրէք անոնց օգնելու որ գան։ Անկէ ետք, անոնց օգնեցէք որ շարունակեն հոգեւորապէս աճիլ, զիրենք քաջալերելով որ կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ գտնուին։

5 Յիշատակատօնի ժամանակաշրջանին, մասնաւոր կարգադրութիւններ պիտի ըլլան, բոլորին ծառայութեան պատեհութիւնները աւելցնելու համար։ Լաւ յայտագիր մը պատրաստելով, կրնա՞ք Ապրիլին եւ/կամ Մայիսին օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ։ Յիսուսի զոհագործութեան մեզի համար ունեցած իմաստը գնահատութեամբ յիշելու լաւագոյն կերպերէն մէկը, մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ եւ անոր Որդւոյն Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւններուն մասին խօսիլն է։—Սաղմ. 79։13. 147։1

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել