Ո՛վ Երախաներ, Դուք Մեր Ուրախութիւնն Էք
1 Ո՛վ երախաներ, ձեզի ծանօ՞թ է Եհովայի այն պատուէրը թէ դուք ալ պարփակուած ըլլաք ժողովքին գործունէութիւններուն մէջ։ (Բ. Օր. 31։12. Սաղմ. 127։3) Եհովան պաշտելու համար ձեզ մեր կողքին ունենալը մեզի համար ուրախութիւն է։ Դուք մեր սրտերը կը ջերմացնէք, երբ ժողովներուն հանդարտօրէն կը նստիք եւ ուշի ուշով մտիկ կ’ընէք։ Մասնաւորաբար կ’ուրախանանք, երբ կը փորձէք ձեր բառերով պատասխաններ տալ։ Ամբողջ ժողովքը կը հրճուի, երբ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ձեզի նշանակուած բաժիններ կը ներկայացնէք, երբ սիրայօժար կերպով մեզի կը միանաք դաշտի ծառայութեան մէջ, ինչպէս նաեւ՝ երբ կը լսենք որ ձեր դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն խիզախօրէն կը վկայէք։—Սաղմ. 148։12, 13
2 Կ’ուզենք որ գիտնաք թէ ձեզմով կը հպարտանանք, երբ կը տեսնենք ձեր քաղաքավարութիւնը, ձեր կոկիկ երեւոյթը, ձեր մաքուր վարքը եւ չափահասներուն հանդէպ ձեր ցուցաբերած յարգանքը։ Մեր ուրախութիւնը մանաւանդ կ’աւելնայ, երբ ցոյց կու տաք թէ ‘ձեր Մեծ Ստեղծիչը կը յիշէք’՝ ձեր դիմաց աստուածպետական նպատակակէտեր դնելով։—Ժող. 12։1, ՆԱ. Սաղմ. 110։3
3 Մեզի Ըսէք Ձեր Նպատակակէտերը. Ութը տարեկան տղեկ մը նահանգային տեսուչի մը ըսաւ. ‘Նախ կ’ուզեմ մկրտուիլ, ապա կը փափաքիմ ժողովքին մէջ օգտակար ըլլալ ձայնի գործիքին եւ բարձրախօսի գործածութեան հոգ տանելով, հիւրընկալ ըլլալով, գրականութիւններուն հոգ տանելով, գրքի եւ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ժողովներուն մէջ ընթերցող ըլլալով։ Անկէ ետք կ’ուզեմ օգնական ծառայ ըլլալ, ապա՝ երէց մը։ Նաեւ կը փափաքիմ ռահվիրայ մը ըլլալ ու ռահվիրայական դպրոց երթալ։ Ապա կ’ուզեմ Պէթէլ երթալ, շրջանային կամ նահանգային տեսուչ մը ըլլալ’։ Ան Աստուծոյ ծառայելու առանձնաշնորհումին հանդէպ ի՜նչ հոյակապ գնահատութիւն ցուցաբերեց։
4 Մինչ ֆիզիքապէս ու հոգեւորապէս կը յառաջդիմէք, կ’ուրախանանք տեսնելով որ ձեր նպատակակէտերուն կը հասնիք։ (Բաղդատել՝ Ղուկաս 2։52։) Ամէն տարի, ձեզմէ հազարաւորներ չմկրտուած հրատարակիչներ կ’ըլլան, որմէ ետք մկրտութեան որակելի կը դառնան՝ որպէս Եհովայի նուիրուած ծառաներ։ Մեր ուրախութիւնը կ’աւելնայ, երբ անկէ ետք կը տեսնենք որ օժանդակ ռահվիրաներ կ’ըլլաք եւ նոյնիսկ լիաժամ ծառայութեան կը ձեռնարկէք։ Ո՜վ երախաներ, դուք ի՛րապէս մեր ուրախութիւնն էք եւ օրհնութեան սքանչելի աղբիւր մը՝ մեր երկնաւոր Հօր համար։ Կը մաղթենք որ Եհովան ձեզ առատապէս օրհնէ։—Առ. 23։24, 25