Ուրիշներուն Մէջ Յաւիտենական Կեանքի Յոյսը Տեղաւորել
1 Թէեւ մարդը ծերութեան գործընթացը դանդաղեցնելու եւ իր կեանքի տեւողութիւնը երկարելու կերպեր փնտռած է, սակայն ծերութիւնն ու մահը տակաւին անխուսափելի կը մնան։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը ծերանան ու կը մեռնին, նաեւ, թէ ծերութեան գործած աւերները ի՛նչպէս պիտի չքացուին ու մահը բնաջինջ պիտի ըլլայ։ Այս ճշմարտութիւնները համոզիչ կերպով ներկայացուած են Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին մէջ։ Գիրքը յստակօրէն կը պատասխանէ կեանքի ու մահուան մասին յարուցուած շփոթեցուցիչ հարցումներու, ընթերցողը ուղղելով այն ժամանակին, երբ Դրախտը պիտի վերահաստատուի։
2 Մարտ ամսուան ընթացքին Գիտութիւն գիրքը պիտի ներկայացնենք, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակաւ։ (Մատթ. 28։19, 20) Ետքը, պիտի վերայցելենք բոլոր անոնց, որոնք Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին։ Այս կերպով կրնանք ուրիշներուն մէջ յաւիտենական կեանքի յոյսը տեղաւորել։ (Տիտ. 1։2) Ասիկա իրագործելու համար, հետեւեալ թելադրութիւնները գործնական կրնաք գտնել։
3 Երբ առաջին այցելութիւնը կու տաք, կրնաք հետեւեալ հարցումը հարցնել.
◼ «Բնաւ հարց տուա՞ծ էք թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը տենչան երկար ապրիլ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Պուտտայականներ, Քրիստոնեաներ, Պրահմանականներ, Մահմետականներ եւ ուրիշներ, բոլորն ալ մահուընէ ետք դարձեալ ապրելու յոյսը ունին»։ Բացէք Գիտութիւն գրքին 6–րդ գլուխը՝ «Ինչո՛ւ կը Ծերանանք ու կը Մեռնինք», եւ կարդացէք 3–րդ պարբերութիւնը։ Յիշուած համարներուն մասին խօսեցէք։ Պարբերութեան վերջաւորութեան եղած երկու հարցումներուն ակնարկելով, տանտիրոջ հարցուցէք թէ կը փափաքի՞ անձամբ պատասխանները տեսնել։ Եթէ համաձայն է, շարունակեցէք յաջորդ քանի մը պարբերութիւնները նկատի առնել։ Ահաւասիկ ուսումնասիրութիւն մը սկսաք։ Եթէ ոչ, գիրքը իր քով ձգեցէք, որպէսզի զայն կարդայ եւ վերադառնալու կարգադրութիւններ ըրէք, նախընտրաբար մէկ կամ երկու օրէն, պատասխանները նկատի առնելու համար։
4 Երբ կը վերայցելէք անհատի մը, որ «Գիտութիւն» գիրքը ընդունեց, կրնաք ըսել.
◼ «Վերադարձայ որպէսզի նկատի առնենք մահուան մասին անպատասխան ձգուած երկու հարցումները»։ Տանտիրոջ վերյիշեցուցէք հարցումները։ Ապա նկատի առէք 6–րդ գլուխին՝ «Ձախորդ Ծրագիր մը» ենթագլուխին ներքեւ գտնուած տեղեկութիւնները։ Պարագաներուն համաձայն, կա՛մ ուսումնասիրութիւնը շարունակեցէք, կա՛մ ալ 7–րդ պարբերութեան վերջաւորութեան յիշուած վերջին հարցումը գործածեցէք, յաջորդ նիստին հիմը դնելու համար։ Վերադառնալու հաստատ ծրագիրներ ըրէք։ Տանտիրոջ յայտաթերթիկ մը տուէք ու հակիրճօրէն նկարագրեցէք ժողովքային հանդիպումներուն յայտագիրը։ Ջերմօրէն զինք հրաւիրեցէք որ ներկայ գտնուի։
5 Դռնէ դուռ կամ անպաշտօն վկայութեան ժամանակ, կրնաք խօսակցութիւն մը սկսիլ, ըսելով.
◼ «Բնաւ խորհա՞ծ էք թէ ապագան մեզի ու երկրին համար ի՛նչ կը վերապահէ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը ապագան կ’ամփոփէ մէկ բառի մէջ՝ Դրախտ։ Անիկա կը բացատրէ թէ սկիզբէն Աստուած երկրին մէկ մասը գեղեցիկ դրախտի մը վերածեց, ուր իր ստեղծած մարդկային զոյգը դրաւ։ Անոնք բոլոր երկիրը պէտք էր լեցնէին, զայն աստիճանաբար դրախտի մը վերածելով։ Նկատի առէք այս նկարագրութիւնը, որ ցոյց կու տայ թէ դրախտը ի՛նչպէս պիտի ըլլար»։ Բացէք Գիտութիւն գրքին 8–րդ էջը ու կարդացէք 9–րդ պարբերութիւնը՝ «Կեանք՝ Դրախտին Մէջ» ենթագլուխին ներքեւ։ Ապա նկատի առէք 10–րդ պարբերութեան կէտերը եւ կարդացէք հոն նշուած համարը՝ Եսայեայ 55։10, 11։ Առաջարկեցէք այս նիւթին մասին խօսակցութիւնը շարունակել եւ ծածկել 11-16–րդ պարբերութիւնները։ Կամ՝ անհատը քաջալերեցէք որ զայն առանձին կարդայ եւ կարգադրեցէք դարձեալ հանդիպիլ ու զայն նկատի առնել։
6 Եթէ առաջին հանդիպումին ուսումնասիրութիւն մը չհաստատուեցաւ, կրնաք վերայցելութեան ատեն ասիկա ընել, ըսելով.
◼ «Ինչպէս նկատի առինք մեր վերջին խօսակցութեան ընթացքին, Աստուծոյ նպատակն է, որ ամբողջ երկիրը դրախտի մը վերածուի։ Ասիկա հետեւեալ հարցումը կը յարուցանէ, ‘Դրախտին մէջ կեանքը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ’»։ Բացէք Գիտութիւն գրքին առաջին գլուխը եւ ուսումնասիրեցէք 11-16–րդ պարբերութիւնները, «Կեանքը՝ Վերահաստատուած Դրախտին Մէջ» ենթագլուխին տակ։ Անկէ ետք 4-5–րդ էջերուն վրայ եղած պատկերը ցոյց տուէք եւ հարցուցէք անհատին թէ կը փափաքի՞ այսպիսի գեղեցիկ միջավայրի մը մէջ ապրիլ։ Ապա կարդացէք էջ 10–ի վրայ, 17–րդ պարբերութեան առաջին նախադասութիւնը։ Պարագաներուն համաձայն, կա՛մ ուսումնասիրութիւնը շարունակեցէք, կա՛մ ալ ըսէք թէ ձեր յաջորդ այցելութեան պիտի բացատրէք թէ ի՛նչ բան պահանջուած է, որպէսզի անհատ մը վերահաստատուած Դրախտին մէջ ապրի։ Անհատին յայտաթերթիկ մը տուէք, բացատրեցէք ժողովի յայտագիրը ու ջերմօրէն զինք հրաւիրեցէք որ Թագաւորութեան Սրահ գայ։
7 Գիտութիւն գիրքը հոյակապ գործիք մըն է, զոր կրնաք գործածել ուրիշներուն յայտնելու համար Աստուծոյ խոստացած «յաւիտենական կեանք»ը։ Մարդոց հետ սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարելով, կրնաք անոնց մէջ տեղաւորել այս սքանչելի յոյսը՝ որ «անսուտն» Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած է։