ՊԱՀԷ
Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրուած Ներկայացումներ
Հետեւեալ թելադրութիւնները օգտագործէ, երբ ներկայացուելիք գրականութեան համար ներկայացումներ պիտի պատրաստես։
Եհովայի Մօտեցիր
«Աստուծոյ հաւատացողներէն շատեր կը փափաքին իրեն մօտիկ զգալ։ Գիտէի՞ր թէ Աստուած մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն մօտենանք։ [Կարդա՛ Յակոբու 4։8–ը։] Այս գրականութիւնը պատրաստուած է մարդոց օգնելու որ իրենց Աստուածաշունչը գործածելով Աստուծոյ մօտենան»։ Կարդա՛ պարբերութիւն 1, էջ 16։
«Ներկայիս անիրաւութիւնը շատցած է։ Անիկա ճիշդ հոս նկարագրուածին պէս է։ [Կարդա՛ Ժողովողի 8։9բ։] Շատեր հարց կու տան թէ Աստուած իրապէս կը հոգա՞յ։ [Կարդա՛ 4–րդ պարբերութեան առաջին երկու նախադասութիւնները, էջ 119։] Այս գլուխը կը բացատրէ թէ Աստուած ինչո՛ւ անիրաւութիւնը թոյլատրած է որոշ ժամանակ մը»։
Հոգատար Ստեղծիչ մը Գոյութիւն Ունի՞
«Մեր ամենէն կնճռոտ խնդիրները ի՛նչպէս լուծելու համար լաւագոյն խրատը ո՞ւր կրնանք գտնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Մատթէոս 7։28, 29–ն։] Ասիկա կը նկարագրէ մարդոց ընդառաջումը Յիսուսի Լերան քարոզին։ Նկատի առ թէ ուրիշներ ի՛նչ ըսած են։ [Էջ 152–ի վրայ եղող մեկնաբանութիւնները ուշադրութեան յանձնէ։] Այս գլուխը Յիսուսի կեանքը եւ ուսուցումները կը քննարկէ»։
«Երբեք հարց տուա՞ծ ես. ‘Եթէ Աստուած մը կայ, արդեօք գործի պիտի լծուի՞ աշխարհէն տառապանքն ու անիրաւութիւնը վերցնելու համար’։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3, 4–ը։] Այս գիրքը կը բացատրէ թէ Աստուած ի՛նչ պիտի ընէ տառապանքին վերջ դնելու եւ անոր աղբիւրը մէջտեղէն վերցնելու համար»։ Ցոյց տուր 10–րդ գլուխը։
Արթո՛ւն Կեցէք
«Շատեր ներկայիս սովորական դարձած լուրջ խնդիրներուն եւ ցնցիչ իրադարձութիւններուն հանդէպ մտահոգութիւն կը յայտնեն։ [Յիշէ հանրածանօթ դէպք մը։] Գիտէի՞ր որ այսպիսի բաներ աշխարհածաւալ նշանի մը մաս կը կազմեն, որ ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ կառավարութիւնը շուտով երկրի հարցերը յանձն պիտի առնէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ յարմար համար մը, ինչպէս՝ Մատթէոս 24։3, 7, 8. Ղուկաս 21։7, 10, 11. կամ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5։] Այս գրքոյկը կը քննարկէ թէ ինչո՛ւ յատկապէս հիմա շատ կարեւոր է այս իրադարձութիւններուն նշանակութեան գերուշադիր ըլլալ»։
«Ներկայիս շատեր ընկճուած են ցնցիչ դէպքերու կամ անձնական ծանր կորուստի մը պատճառով։ Ոմանք հարց կու տան թէ Աստուած ինչո՛ւ չի միջամտեր այսպիսի բաներու առաջքը առնելու համար։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ Աստուած շուտով գործի պիտի լծուի մարդկութեան տառապանքին վերջ դնելու համար։ [Կարդա՛ Յայտնութիւն 14։6, 7–ն։] Նկատէ թէ Աստուծոյ դատաստանը մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի նշանակէ։ [Կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։10, 13–ը։] Այս գրքոյկը այս կարեւոր նիւթին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը հայթայթէ»։
Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ
«Եթէ քեզի հրաւէր տրուէր որ այսպիսի գեղեցիկ միջավայրի մը մէջ ապրէիր, հրաւէրը կ’ընդունէի՞ր։ [Էջ 4-5–ի մէջ գտնուող պատկերը ցոյց տուր, եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատէ թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ գլխաւոր միջոցին մասին, որով կրնանք այսպիսի կեանք մը յաւիտեան վայելել։ [Կարդա՛ Յովհաննու 17։3–ը։] Այս գիրքը քեզի պիտի օգնէ որ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող գիտութիւնը ձեռք ձգես»։ Կարգադրութիւն ըրէ որ յաջորդ այցելութեան քննարկէք առաջին գլուխին առաջին հինգ պարբերութիւնները։
Ցոյց տուր էջ 188-189–ի վրայ գտնուող պատկերը եւ գործածելով խորագրին բառերը, տանտիրոջ հարցուր. «Կը փափաքի՞ս ապրիլ Դրախտին մէջ, երբ Աստուծոյ գիտութիւնը երկիրը պիտի լեցնէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Եսայեայ 11։9–ն։] Այս գիրքը քեզի պիտի օգնէ սորվելու թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Դրախտին մասին եւ ի՛նչպէս կրնանք անոր մէջ բաժին ունենալ»։ Կարգադրութիւն ըրէ որ յաջորդ այցելութեան քննարկէք առաջին գլուխին 11-16–րդ պարբերութիւնները։
Մեծ Ուսուցիչէն Սորվիր
«Կը խորհի՞ս որ աշխարհը աւելի լաւ վայր մը պիտի ըլլար, եթէ մարդիկ սա խօսքին համաձայն ապրէին։ [Կարդա՛ Մատթէոս 7։12ա։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս գիրքը կը պարունակէ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդուն յիշած շատ մը դասերը»։ Աչքառու դարձուր 17–րդ գլուխին պատկերներն ու անոնց խորագիրները։
«Ներկայիս ծնողներէն շատեր կը ջանան իրենց զաւակներուն մէջ օգտակար արժանիքներ քանդակել։ Կը խորհի՞ս թէ ասիկա կարեւոր է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Առակաց 22։6–ը։] Նկատէ թէ ծնողներուն քաջալերութիւն տրուած է որ զաւակները կանուխ տարիքէն մարզեն։ Այս գիրքը պատրաստուած է անոնց օգնելու որ ասիկա ընեն»։ Աչքառու դարձուր 15 կամ 18–րդ գլուխին պատկերներն ու անոնց խորագիրները։
«Զաւակներուն ուղղած հարցումները յաճախ կը զարմացնեն իրենց ծնողները։ Կարգ մը հարցումներու պատասխանը կրնայ դժուար ըլլալ, այդպէս չէ՞։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Եփեսացիս 6։4–ը։] Այս գիրքը կրնայ ծնողներուն օգնել որ իրենց զաւակներուն ուղղած հարցումներուն պատասխանեն»։ Աչքառու դարձուր 11 եւ 12–րդ, կամ 34-36–րդ գլուխներուն կարգ մը պատկերներն ու անոնց խորագիրները։
Կեանքը Ի՞նչպէս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ
«Բոլորս մեր շրջանին մէջ տեղի ունեցող ոճիրներուն եւ բռնութեան նկատմամբ մտահոգ ենք։ Կը խորհի՞ս որ անհատ մը այս խնդրին իսկական լուծումը ունի։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուած լուծում մը ունի»։ Բաց էջ 196. կարդա՛ ու մեկնաբանէ Առակաց 2։21, 22, որ 19–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած է։ Ցոյց տուր 16–րդ գլուխին վերնագիրը, եւ գիրքը ներկայացուր։
Բաց էջ 6–ը եւ ըսէ. «Շատեր կը խորհին որ մեր գեղեցիկ երկրագունդը եւ անոր վրայ գոյութիւն ունեցող կեանքը դիպուածով մէջտեղ եկած են։ Ի՞նչ բան կը սեպես թէ տրամաբանօրէն կը բացատրէ այս բոլորին գոյութիւնը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Բազմաթիւ ապացոյցներ կը հաստատեն Աստուածաշունչի ըսածները Ստեղծիչի մը մասին, որ ամենակալ է եւ շատ կը սիրէ մեզ։ Ան ճշմարիտ Աստուածն է, եւ իր անունը Եհովա է»։ Կարդա՛ Սաղմոս 83։18, եւ համառօտաբար բացատրէ թէ իր նպատակն է ամբողջ երկիրը դրախտի վերածել։
Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ
«Այսօր իրարմէ տարբեր շատ կրօնքներ կան։ Երբեք հարց տուա՞ծ ես թէ ի՛նչպէս կրնանք բնորոշել այն կրօնքը որ Աստուծոյ հաւանութիւնը ունի»։ Պատասխան ստանալէ ետք, բաց էջ 377։ Աչքառու դարձուր 7–րդ կէտը, եւ տանտիրոջ հարցուր թէ համաձա՞յն է որ ճշմարիտ կրօնքը մարդկային բոլոր ցեղերը պէտք է միացնէ։ Նշուած համարներէն մէկը բաց ու կարդա՛, եւ ժամանակին ներած չափով, ցանկէն այլ կէտեր նկատի առ։ Եթէ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, գիրքը ներկայացուր։ Մեկնելէ առաջ, կրնաս հարցնել. «Ճշմարիտ կրօնքը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ անհատի մը վարքին»։ Վերայցելութիւն մը կարգադրէ, այս հարցումին պատասխանելու համար։
Եթէ անհատ մը նշէ թէ ինք գլխաւոր կրօնքի մը կը պատկանի, կրնաս ըսել. «Տարբեր կրօնքներու պատկանող մարդոց հանդիպիլը հետաքրքրական է։ Մարդիկ Աստուած փնտռած են բազմաթիւ ուղղութիւններով։ [Եթէ յարմար է, կարդա՛ Գործք Առաքելոց 17։26, 27–ն։] Յաճախ մարդիկ իրենց ծնողքին կրօնքին կը հետեւին։ [Կարդա՛ էջ 8–ի վրայ գտնուող 12–րդ պարբերութիւնը։] Այլ կրօնքներու մասին գաղափար առնելը կ’աւելցնէ մեր գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը։ Այս գիրքը կը բացատրէ աշխարհի գլխաւոր կրօնքներուն ծագումը, սովորութիւնները եւ ուսուցումները»։ Ցոյց տուր անհատին կրօնքին մասին գիրքին բովանդակած տեղեկութիւններէն նմոյշ մը՝ Սիխականութիւն (100-101). Պրահմանականութիւն (116-117). Պուտտայականութիւն (141). Թաոյականութիւն (164-166). Կոնփիւկիոսականութիւն (177). Շինթոյականութիւն (190-195). Հրէականութիւն (220-221). եւ Իսլամութիւն (289)։
Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է
«Թերեւս լսեցիր [լուր մը յիշէ]։ Երբ ողբերգական կերպով ոմանց կեանքը կորսուի, շատեր հարց կու տան թէ ի՛նչպէս զոհերու ընտանիքները կարելի է մխիթարել։ Ի՞նչ կը խորհիս»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Բաց էջ 299 եւ ցոյց տուր յարութեան տեսարանը։ Ապա ըսէ. «Շատեր կը զարմանան, երբ իմանան թէ արդար եւ մեղաւոր մարդիկ պիտի յարուցանուին դրախտային երկրի վրայ։ [Կարդա՛ Գործք Առաքելոց 24։15, ինչպէս մէջբերուած է էջ 297, 9–րդ պարբերութեան մէջ, ապա 10–րդ պարբերութեան մէջի բացատրութիւնը տուր։] Այս գիրքը նկատի կ’առնէ ապագայի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ»։
Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց
«Կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ գրեթէ ամէն ոք լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ։ Շատեր առաջնորդութեան համար զանազան խրատատուներու կը դիմեն։ Ոմանք ոգեհարցներէն օգնութիւն կը խնդրեն։ Ըստ քեզի, ո՞ւր կրնանք իրապէս գործնական խրատներ գտնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կը յիշէ կարեւոր իրողութիւն մը, որ բոլորս պէտք է գնահատենք։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16–ը։ Ապա բաց էջ 187, եւ կարդա՛ 9–րդ պարբերութիւնը։] Այս գիրքը պիտի օգնէ քեզի որ գիտակցիս թէ Աստուածաշունչի ըսածներուն հետեւիլը միշտ մեր օգտին կը ծառայէ»։
Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը
«Այս օրերուն շատ մարդիկ կը մտածեն Յիսուսի մասին։ Սակայն, քանի որ գէշ բաներ տեղի կ’ունենան համայն աշխարհի մէջ, ոմանք հարց կու տան թէ Յիսուս իրապէս կը հոգա՞յ մեզ։ Ասոր մասին ի՞նչ կը խորհիս»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Բաց 24–րդ գլուխը եւ համառօտաբար նկատի առ թէ Յիսուս ինչո՛ւ երկիր եկաւ։ Ապա կարդա՛ Յովհաննու 15։13–ը, ուրիշներուն հանդէպ Յիսուսի սրտագին սէրը շեշտելով։
«Երբ մէկը Յիսուս Քրիստոսը յիշէ, շատեր անոր մասին կը մտածեն կա՛մ որպէս մանուկ եւ կամ որպէս մահամերձ տառապեալ մը։ Անոնք նկատի կ’առնեն միայն Յիսուսի ծնունդը եւ մահը։ Անոր ըսած ու ըրած հոյակապ բաները յաճախ կ’անտեսուին։ Անոր իրագործածը կ’ազդէ իւրաքանչիւր անհատի։ Ատոր համար կենսական է որ կարելի եղածին չափ շատ սորվինք այն սքանչելի բաներուն մասին, որ մեզի համար ըրաւ»։ Կարդա՛ Յովհաննու 17։3–ը։ Բաց յառաջաբանին առաջին էջը, եւ կարդա՛ չորրորդ պարբերութիւնը։
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ
«Կը խորհի՞ս թէ Աստուած ուզեց որ խնդիրներով լեցուն կեանք մը ապրինք, ինչպէս է պարագան ներկայիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Մատթէոս 6։10–ը։] Արդեօք մտածա՞ծ ես թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրապէս ի՛նչ է»։ Բաց 6–րդ դասը եւ կարդա՛ հարցումները։ Սկսիր դասը նկատի առնել, կամ կարգադրէ ասիկա ընել յաջորդ այցելութեան։
«Հակառակ արդի ընկերութեան արձանագրած յառաջդիմութիւններուն, հիւանդութիւնն ու մահը կը շարունակեն շատ տառապանք ու վիշտ պատճառել մարդկութեան։ Գիտե՞ս թէ Յիսուս ի՛նչ պիտի ընէ հիւանդներուն, տարեցներուն եւ նոյնիսկ մեռելներուն համար»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Եթէ անհատը ուզէ պատասխանը գիտնալ, բաց 5–րդ դասը եւ կարդա՛ 5-6–րդ պարբերութիւններուն հարցումները։ Պարբերութիւնները նկատի առ, կամ կարգադրէ ասիկա ընել յաջորդ այցելութեան։
Միակ Ճշմարիտ Աստուածը Պաշտեցէք
«Ըստ քեզի, կեանքի ճնշումներուն հետ գլուխ ելլելու համար, որո՞ւ կրնանք դիմել օգնութեան համար։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։4–ը։] Նկատէ թէ ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կը հայթայթեն կրթութիւն, մխիթարութիւն եւ յոյս, որոնք կրնան մեզ զօրացնել որ դժուարութիւններու տոկանք։ Այս գիրքը օգտակար թելադրութիւններ կը ներկայացնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն լաւագոյն օգուտը քաղել»։ Աչքառու դարձուր էջ 30–ի վրայ յիշուած չորս կէտերը։
«Յիսուս երկիր գալէն ի վեր, շատեր կ’աղօթեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։ Երբեք հարց տուա՞ծ ես թէ այս Թագաւորութեան գալը մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի նշանակէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Դանիէլ 2։44–ը։] Այս գիրքը կը բացատրէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է, անիկա ի՛նչ պիտի իրագործէ եւ ի՛նչպէս կրնանք անոր արդար իշխանութենէն օգտուիլ»։ Էջ 92-93–ի վրայ գտնուող պատկերը նկատի առ։