Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/06 էջ 6
  • (1) Հարցում, (2) համար, եւ (3) գլուխ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • (1) Հարցում, (2) համար, եւ (3) գլուխ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրուած Ներկայացումներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ի՛նչպէս ներկայացնել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
թծ 1/06 էջ 6

(1) Հարցում, (2) համար, եւ (3) գլուխ

Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացնելու պարզ կերպ մըն է՝ (1) տեսակէտը արտայայտելու մղող հարցում մը ուղղէ, (2) յարմար համար մը կարդա՛, եւ (3) ուշադրութեան յանձնէ նիւթը նկատի առնող գլուխը, կարդալով խորագրին ներքեւ գտնուող բացման հարցումները։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, կրնաս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ցուցադրել, գործածելով այդ գլուխին բացման պարբերութիւնները։ Այս մօտեցումը կրնայ գործածուիլ ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար՝ առաջին հանդիպումին կամ վերայցելութեան ընթացքին։

◼ «Կը խորհի՞ս թէ մարդոց համար կարելի է ամենակալ Ստեղծիչը ճանչնալ, ինչպէս Աստուածաշունչը կը նշէ»։ Կարդա՛ Գործք Առաքելոց 17։26, 27–ն եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ առաջին գլուխը։

◼ «Մեր դիմագրաւած խնդիրներուն ի տես, կը խորհի՞ս թէ կարելի է հոս նկարագրուած մխիթարութիւնն ու յոյսը գտնել»։ Կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։4–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 2–րդ գլուխը։

◼ «Եթէ հարկ եղած կարողութիւնը ունենայիր, հետեւեալ փոփոխութիւնները յառաջ կը բերէի՞ր»։ Կարդա՛ Յայտնութիւն 21։4–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 3–րդ գլուխը։

◼ «Կը խորհի՞ս թէ մեր զաւակները օրին մէկը պիտի կարենան այս հին երգեցողութեան մէջ նկարագրուած վիճակները վայելել»։ Կարդա՛ Սաղմոս 37։10, 11–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 3–րդ գլուխը։

◼ «Կը խորհի՞ս թէ պիտի գայ օր մը, երբ սա խօսքը պիտի իրականանայ»։ Կարդա՛ Եսայեայ 33։24–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 3–րդ գլուխը։

◼ «Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ արդեօք մեռելները գիտե՞ն թէ ողջերը ինչ կ’ընեն»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Ժողովողի 9։5–ը եւ ուշադրութեան յանձնէ 6–րդ գլուխը։

◼ «Կը խորհի՞ս թէ կարելի է որ օրին մէկը մեր սիրելի ննջեցեալները դարձեալ տեսնենք, ինչպէս Յիսուս այս համարներուն մէջ նշեց»։ Կարդա՛ Յովհաննու 5։28, 29–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 7–րդ գլուխը։

◼ «Քու կարծիքով, ի՞նչ կը պահանջուի որպէսզի Աստուծոյ կամքը ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ, ինչպէս այս հանրածանօթ աղօթքը կը նշէ»։ Կարդա՛ Մատթէոս 6։9, 10–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 8–րդ գլուխը։

◼ «Կը խորհի՞ս թէ այս մարգարէութեան նկարագրած ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրինք»։ Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-4–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 9–րդ գլուխը։

◼ «Շատեր հարց կու տան թէ մարդկութեան խնդիրները ինչո՞ւ կը վատթարանան։ Բնաւ խորհա՞ծ ես հետեւեալ կարելիութեան մասին»։ Կարդա՛ Յայտնութիւն 12։9–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 10–րդ գլուխը։

◼ «Բնաւ ուզա՞ծ ես ասոր նման հարցումի մը պատասխանը գիտնալ»։ Կարդա՛ Յոբայ 21։7–ն եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 11–րդ գլուխը։

◼ «Կը խորհի՞ս թէ Աստուածաշունչի սա խրատը կիրարկելը մարդոց պիտի օգնէ երջանիկ ընտանեկան կեանք մը վայելելու»։ Կարդա՛ Եփեսացիս 5։33–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 14–րդ գլուխը։

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կարելի է տեղեկագրել, եթէ ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ցուցադրելէ ետք երկու անգամ վարուի ու թուի թէ պիտի շարունակուի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել