Վերադառնանք՝ Ոմանց Փրկելու Համար
1 Աստուծոյ կամքն է «որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Օգնելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։ Ճշմարտութիւնը սորվեցնելու նպատակով վերայցելենք։ Ի՞նչ պիտի ըսես։ Հետեւեալ թելադրութիւնները կրնան քեզի օգնել։
2 Երբ անհատի մը կը վերայցելես որ «Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է» խորագրով գիրքը ընդունեց, կրնաս դարձեալ 4–րդ էջի պատկերին ակնարկել ու տանտիրոջ հարցնել.
◼ «Քեզի տուած գիրքս աչքէ անցընելէ եւ դրախտային երկրի մը նկատմամբ Աստուծոյ խոստումին մասին մտածելէ ետք, ինչպէ՞ս կը զգաս մարդկութեան համար Աստուծոյ ըրած այդ սքանչելի խոստումներուն հանդէպ»։ Տանտիրոջ պատասխանին մտիկ ընելէ ու անոր մասին հակիրճօրէն մեկնաբանելէ ետք, կրնաս 2 եւ 3–րդ գլուխները ուշադրութեան յանձնել եւ առաջարկել որ նկատի առնէք թէ ինչո՛ւ խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար մարդուն թափած ջանքերը, կրօնական ջանքերը ներառեալ, ձախողած են։
3 Եթէ տանտիրոջ հարցուցած էիր թէ Աստուած ի՞նչ պատճառով ամբարշտութեան կը հանդուրժէ, վերայցելութեան ատեն կրնաս հետեւեալը ըսելով խօսակցութիւնը վերսկսիլ.
◼ «Մեր առաջին խօսակցութենէն հաճոյք առի եւ ուզեցի վերադառնալ տեսնելու համար թէ ներկայ աշխարհի մէջ գոյացող խռովութեան ու վայրագութեան նկատմամբ Աստուծոյ հանդուրժող կեցուածքին պատճառին հանդէպ ի՛նչպէս զգացիր։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Բաց Իրական Խաղաղութիւն գրքին 54–րդ էջը եւ կարդա 25–րդ պարբերութիւնը, ի ներառեալ Բ. Պետրոս 3։8, 9–ի մէջբերումը։] Նկատէ որ գրքին յաջորդ գլուխը հարց կու տայ. ‘Աստուած Ի՞նչ Ըրած Է’։ Թերեւս կրնանք այս հարցումին պատասխանը նկատի առնել յաջորդ այցելութեան ատեն»։
4 Կրնաս այն անհատին վերայցելել, որու «Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել» գիրքը յանձնեցիր, հետեւեալ մօտեցումը գործածելով.
◼ «Երբ առաջին անգամ քեզի հետ հանդիպում ունեցայ, ընտանիքիդ հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնդ զիս տպաւորեց։ Իրերու չար դրութեան մը վերջին օրերուն մէջ ապրելով, կենսական է որ ընտանիքներ շարունակեն պատրաստուիլ ապագային համար։ Այդ նպատակին համար, քեզի տուած գիրքս՝ Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել՝ տան մէջ Աստուածաշունչի կանոնաւոր խօսակցութիւններ ունենալը զօրաւոր կերպով կը յանձնարարէ։ [Կարդա 10–րդ պարբերութիւնը, էջ 185–186–ի վրայ։] Եթէ թոյլ կու տաս, կը փափաքիմ մի քանի վայրկեան առնելով քեզի ցոյց տալ ի՛նչպէս շուրջ 200 երկիրներու մէջ անհատներ տան մէջ Աստուածաշունչը ընտանիոք նկատի կ’առնեն»։ Ժամանակին ներած չափով, էջ 71–ի ենթագլուխին տակ եղած տեղեկութիւնները գործածէ, ուսումնասիրութիւնը ցուցադրելու համար։
5 Կրնաս «Համաշխարհային Ապահովութիւն» գրքին տեղաւորումը հետապնդել, հետեւեալը ըսելով.
◼ «Ուզեցի վերադառնալ յաւելեալ տեղեկութիւններ տալու համար այս երկրագունդին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին»։ Ցոյց տուր էջ 172–173–ի պատկերը, կարդա Յայտնութիւն 21։3, 4–ը, ապա ամփոփօրէն բացատրէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՛ս այս խոստումը պիտի կատարէ։ Առաջարկէ տան մէջ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը։
6 Յիշենք որ վերայցելութիւններ ընելու նպատակակէտը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ է։ Նոր գիրքը՝ Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ՝ յատկապէս ուսումնասիրութիւններ վարելու համար ծրագրուած է։ Երբ այն անհատներուն վերայցելենք, որոնց հին գրքեր ներկայացուցինք, եւ ուսումնասիրութիւն մը սկսինք, լաւ կ’ըլլայ որ այս նոր գիրքը ուշադրութեան յանձնենք։ Շատ պիտի ուրախանանք, երբ ուսումնասիրողները սորվին Եհովայի անունը կանչել փրկուելու համար։—Գործք 2։21