Եհովայի Հոգին Մեզի Հետ Է
1 Որպէս Եհովայի Վկաներ, մեզի հսկայական գործ մը նշանակուած է։ Յիսուս ըսաւ. «Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն»։ (Մար. 13։10) Մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած, ասիկա անկարելի կը թուի, սակայն պարագան այս չէ։ Տիեզերքի ամենազօրաւոր ոյժը՝ Աստուծոյ հոգին, մեզի զօրավիգ կը կանգնի։—Մատթ. 19։26
2 Առաջին Դարու Ապացոյցներ. Յիսուս՝ Եսայիի մարգարէութիւնը ինքզինքին կիրարկելով ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. . . . աւետարան քարոզելու»։ (Ղուկ. 4։17, 18) Երկինք համբառնալէ առաջ, ան իր առաքեալներուն ըսաւ որ իրենք ալ սուրբ հոգիով զօրութիւն պիտի առնէին, «մինչեւ երկրին ծայրերը» վկայելու համար։ Ետքը՝ սուրբ հոգին առաջնորդեց Փիլիպպոսը որ Եթովպիացի պալատական պաշտօնեայի մը քարոզէ, իսկ Պետրոսը՝ Հռովմայեցի հարիւրապետի մը ղրկեց, նաեւ Պօղոսը եւ Բառնաբասը առաքեց, որպէսզի հեթանոս ազգերու քարոզեն։ Որո՞ւ մտքէն կ’անցնէր որ այսպիսի ենթահողերէ եղող անհատներ ճշմարտութեան պիտի ընդառաջէին։ Բայց այս էր որ պատահեցաւ։—Գործք 1։8. 8։29-38. 10։19, 20, 44-48. 13։2-4, 46-48
3 Արդի Ապացոյցներ. Յայտնութեան գիրքը կը շեշտէ սուրբ հոգիին գործօն դերը այսօրուան քարոզչութեան գործին մէջ, ըսելով. «Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’ . . . եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ (Յայտ. 22։17) Հոգին, մղած է Քրիստոսի հարս դասակարգը եւ անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ը, որպէսզի բարի լուրը քարոզեն բոլոր մարդոց։ (Յովհ. 10։16) Մեր ծառայութեան մէջ համարձակ պէտք է ըլլանք, երբեք չքաշուելով ամէն տեսակ մարդոց մօտենալու, վստահ ըլլալով՝ թէ Աստուծոյ հոգին պիտի օգնէ մեզի։ 1998–ի Տարեգիրք–ը համոզիչ փաստեր կը հայթայթէ, թէ Աստուծոյ հոգին տակաւին իր ծառաներուն հետ է։ Ակնարկ մը նետեցէք ծառայութեան վերջին երկու տարուան արդիւնքներուն. միջին հաշուով՝ օրական 1,000 հոգի մկրտուած է։
4 Վստահ եղէք որ Աստուծոյ հոգին պիտի շարունակէ մեզի հետ ըլլալ, մինչ Թագաւորութեան պատգամը կը քարոզենք, Եհովայի ուզած տարողութեամբ։ Ասիկա գիտնալը մեզ պէտք է քաջալերէ եւ մղէ, որ շարունակենք ջանադրութեամբ եւ կորովով յարատեւել այս կարեւորագոյն գործին մէջ։—Ա. Տիմ. 4։10