Ծառայութեան Ժողովներ Մայիս Ամսուան Համար
ՆՇՄԱՐ. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը ամառուան ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուան համար Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յայտագրէ։ Ժողովքները կրնան կարիքին համաձայն վերաճշդումներ ընել, նկատի առնելով «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» Նահանգային Համաժողովին ներկայ գտնուիլը եւ յաջորդ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ համաժողովի յայտագրին աչքառու կէտերը 30 վայրկեան տեւողութեամբ վերաքաղ ընելը։ Նահանգային համաժողովի իւրաքանչիւր օրուան յայտագրին վերաքաղը, պէտք է նախապէս նշանակուի երեք որակելի եղբայրներու, որոնք կարող պիտի ըլլան աչքառու կէտերուն վրայ կեդրոնանալ։ Այս լաւ պատրաստուած վերաքաղը ժողովքին պիտի օգնէ, որ բանալի կէտերը յիշէ, անձնական կիրարկման ու դաշտին մէջ գործածելու համար։ Ունկնդիրներուն մեկնաբանութիւնները եւ պատմուած փորձառութիւնները պէտք է համառօտ ու շեշտակի ըլլան։
Մայիս 4–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 10
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
15 վյրկ. «Եհովայի Հոգին Մեզի Հետ Է»։ Հարց պատասխանով։ Երբ 3–րդ պարբերութեան հասնիք, 1998–ի Տարեգիրք–էն յարմար կէտեր պարփակեցէք։
22 վյրկ. «Մարդոց Մասնայատուկ Հետաքրքրութիւններուն Կոչ Ընող Յօդուածներ Ընտրեցէ՛ք»։ Յօդուածին գլխաւոր կէտերը նկատի առէք։ Բացատրեցէք թէ նոյնիսկ լաւ վիճակի մէջ եղող հին պարբերաթերթերը կարելի է այս կերպով ներկայացնել։ Հրաւիրեցէք հրատարակիչները որ պատմեն թէ ո՛ր յօդուածները ներկայացնելով լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են։ Ներկայացում մը ցուցադրեցէք։
Երգեցողութիւն թիւ 212 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 11–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 172
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
12 վյրկ. «Ամառուան Համար Ի՞նչ Ծրագիրներ Ունիք»։ Երէց մը երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ նկատի կ’առնէ ամառուան եկող ամիսներուն անոնց ունեցած ծրագիրները։ Անոնք վերաքաղ կ’ընեն՝ համաժողովին ներկայ գտնուելու, դաշտի ծառայութեան իրենց գործունէութիւնը աւելցնելու, արձակուրդի երթալու, բարեկամներ եւ ազգականներ այցելելու իրենց կարգադրութիւնները։ Բոլորն ալ կը համաձայնին որ զանց պիտի չընեն իրենց անձնական ուսումնասիրութիւնը, ժողովները կամ դաշտի ծառայութիւնը, եւ կը բացատրեն թէ ի՛նչպէս ծրագրած են աստուածպետական լաւ սովորութիւն մը պահպանել։
25 վյրկ. «1998–ի ‘Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը’ Բնաբանով Նահանգային եւ Միջազգային Համաժողովներ»։ (Պարբերութիւն՝ 1-17) Հարց պատասխանով։ Կարդացէք 11 եւ 12–րդ պարբերութիւնները։ Շեշտեցէք՝ քրիստոնէական մեր պարկեշտ երեւոյթն ու վարքը ուշադրութեամբ պահպանելու, եւ մեր զաւակներուն վրայ պատշաճօրէն հսկելու սուրբ գրային կարեւորութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 18–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 47
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ծանուցանեցէք Մայիս 25–ի համար դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները։
15 վյրկ. «‘Մարմնի Խայթոց մը’ Ունի՞ք»։ Հարց պատասխանով։ Յիշեցէք կարգ մը կէտեր, առնուած՝ «Հարցումներ Ընթերցողներէն», Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1987 (Անգլերէն), էջ 29։
22 վյրկ. «1998–ի ‘Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը’ Բնաբանով Նահանգային եւ Միջազգային Համաժողովներ»։ (Պարբերութիւն՝ 18-24) Հարց պատասխանով։ Կարդացէք 18–րդ պարբերութիւնը եւ մէջբերուած համարը։ Շեշտեցէք կարգապահ եւ ուրիշներու հանդէպ նկատառու ըլլալու կարիքը, յատկապէս նստարաններու առնչութեամբ։ Եզրափակեցէք հակիրճ դասախօսութեամբ մը, վերաքաղ ընելով՝ «Նահանգային Համաժողովի Վերյիշեցումներ»ը։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 25–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Ժողովքային Հանդիպումները Ինչո՛ւ կը Գնահատեմ։ Երէց մը հարցազրոյց կը վարէ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուող հրատարակիչներու խումբի մը հետ, որոնք ընտրուած են ժողովքի զանազան տարիքի հրատարակիչներէ, թերեւս մէջը ըլլալով՝ ամուսնացած զոյգ մը, տարեց մը եւ պատանի մը։ Անոնք կը յիշեն թէ ինչո՛ւ միշտ ներկայ կը գտնուին. լաւ ընկերակցութիւն, աստուածային դաստիարակութիւն եւ օգտակար խրատներ, բաներ՝ որոնք կ’օգնեն անոնց առօրեայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու եւ հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու։ Անոնց խօսքերը կը շեշտեն թէ ի՛նչպէս բոլորս ալ կ’օրհնուինք ժողովներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով։
Երգեցողութիւն թիւ 222 եւ փակման աղօթք։