Որքան Աղէկ Է Որ Մի՛շտ Ներկայ Գտնուինք
1 Տասնեակ տարիներէ ի վեր Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, մեր սիրելի եղբայրներուն արգիլուած էր հանրապէս ժողովներ ընել։ Երեւակայեցէք անոնց ուրախութիւնը, երբ արգելքները վերցուեցան եւ սկսան ազատօրէն իրարու հետ հաւաքուիլ։
2 Շրջանային տեսուչ մը, այսպիսի ժողովքի մը տուած իր այցելութեան մասին հետեւեալը գրեց. «Երեքշաբթի երեկոյեան, այցելութեանս ճիշդ սկիզբը, ջեռուցման դրութիւնը աւրուեցաւ։ Դուրսը ջերմաստիճանը զէռոյի մօտ էր, իսկ ներսը՝ շուրջ 5°։ Եղբայրները իրենց վերարկուները, վզնոցները, ձեռնոցները, գլխարկները եւ մոյկերը հագած՝ նստած էին։ Ոչ ոք կարող էր Աստուածաշունչի համարները բանալ, քանի որ էջեր դարձնելը անկարելի էր։ Բեմին վրայ զգեստով կանգնած սառած էի, եւ ամէն անգամ որ խօսէի, բերնէս ելած շոգին կը տեսնէի։ Բայց ինծի ամենաշատ տպաւորողը այն էր որ ո՛չ մէկ գանգատ լսեցի։ Բոլոր եղբայրներն ալ ըսին թէ որքա՜ն հաճելի եւ աղէկ էր որ ներկայ կրցան ըլլալ»։ Այս եղբայրներուն մտքին ծայրէն չանցաւ այդ ժողովը փախցնել։
3 Մենք Ալ Այդպէս կը Զգա՞նք. Շաբաթական մեր հանդիպումներուն ազատօրէն ներկայ գտնուելու պատեհութեան վրայ կը գուրգուրա՞նք։ Թէ ոչ ժողովներուն հանդէպ գնահատութեան պակաս ունինք, երբ նպաստաւոր պայմաններու մէջ ենք։ Կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուիլը կրնայ դժուար ըլլալ, եւ երբեմն կը պատահի որ անոնցմէ բացակայելու վաւերական պատճառ մը ունենանք։ Սակայն, բնաւ չմոռնանք, որ մեր մէջ կան ոմանք, որոնք հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին, առողջապահական բարդ խնդիրներուն, ֆիզիքական անկարողութիւններուն, ծանր աշխատանքի յայտագիրներուն, եւ ուրիշ լուրջ պատասխանատուութիւններուն, ժողովներու կարեւորութեան կը գիտակցին եւ գրեթէ մի՛շտ ներկայ են։ Ընդօրինակուելու արժանի ի՜նչ հոյակապ օրինակներ։—Բաղդատել՝ Ղուկաս 2։37։
4 Թող մեր սովորութիւնը դարձնենք թիկունք կանգնիլ ճշմարիտ պաշտամունքին, մեր քրիստոնէական բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուելով, գրքի ուսումնասիրութեան պզտիկ խումբէն սկսեալ մինչեւ նահանգային հսկայ համաժողովները։ Այս հանդիպումներուն ներկայ գտնուիլը ինչո՞ւ այսքան լուրջի պէտք է առնենք։ Քանի որ աստուածային հրաման մըն է որ իրարու քով հաւաքուինք։ Սակայն, ուրիշ կարեւոր պատճառներ ալ կան։ Բոլորս ալ կարիքը ունինք աստուածային դաստիարակութեան բերած օգուտներուն եւ սուրբ հոգիին օգնութեան, զորս կը ստանանք ժողովներուն։ (Մատթ. 18։20) Երբ մեր եղբայրներուն հետ ընկերակցինք, փոխադարձ քաջալերութենէն կը կերտուինք։—Եբր. 10։24, 25
5 Այլակերպութեան ժամանակ, Պետրոս ըսաւ. «Վա՛րդապետ, աղէկ է որ հոս կենանք»։ (Ղուկ. 9։33) Միեւնոյն կերպով պէտք է զգանք մեր քրիստոնէական բոլոր ժողովներուն նկատմամբ։ Արդարեւ, որքան աղէկ է որ մի՛շտ ներկայ գտնուինք։