Ժողովներուն յաճախելը—Լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է
1 Որքա՞ն լուրջի կ’առնէք ժողովներուն յաճախելը։ Ասիկա զննող հարցում մըն է, այդպէս չէ՞։ Անկասկած մեր մեծամասնութիւնը կը զգայ թէ ժողովները կը գնահատենք։ Սակայն, տեղեկագիրները ցոյց կու տան թէ շատ մը ժողովքներուն մէջ ժողովներուն յաճախելը վերջերս նուազած է։ Պատճառը ի՞նչ կարելի է որ ըլլայ։ Արդեօք մեզմէ ոմանք թոյլ կու տա՞ն անհարկի աշխարհային գործին, յոգնութեան, դպրոցական դասերուն, ֆիզիքական թեթեւ անհանգստութեան կամ քիչ մը աննպաստ կլիմային որ արգելք հանդիսանան մեր պարտաւորութեան որ ժողովներուն կանոնաւորաբար յաճախենք։ (Բ. Օր. 31։12) Քանի որ ասիկա սուրբ գրային պահանջ մըն է, մեզմէ ամէն մէկը պէտք է աղօթքի կեցուածքով մտածէ սա հարցումին մասին. Ժողովներուն յաճախելը որքա՞ն լուրջի կ’առնեմ։
2 Մեր եղբայրներէն ոմանք ժամեր կը քալեն փոշոտ ճամբաներու մէջ եւ կոկորդիլոսներով լեցուն գէտեր կը կտրեն որպէսզի ժողովներուն յաճախեն։ Ձեր ժողովքին մէջ, թերեւս հաւատարիմ անհատներ կան որոնք երբեք չեն բացակայիր հակառակ ծանր հիւանդութիւններուն, ֆիզիքական տկարութիւններուն, իրենց գործատեղին մէջ գործի ջախջախիչ բեռներուն կամ դպրոցին մէջ ջանք պահանջող հրահանգներուն։ (Ղուկ. 2։37) Անոնք ինչո՞ւ կը ջանան ներկայ գտնուիլ։ Քանի որ գիտեն որ չեն կրնար ճնշումներով լեցուն այս աշխարհի մարտահրաւէրները դիմագրաւել իրենց անհատական զօրութեամբ։ Անոնք պէտք է այն զօրութեան ապաւինին զոր Աստուած կը հայթայթէ։—Բ. Կորն. 12։9, 10
3 Այսօր կը հետեւինք նախկին Քրիստոնեաներուն հանդիսացած օրինակին, որոնք կանոնաւորաբար հաւաքուեցան որպէսզի աղօթեն, փորձառութիւններ բաժնեկցին եւ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրեն։ (Գործք 4։23-30. 11։4-18. Կող. 4։16) Մենք հրահանգ կը ստանանք Աստուածաշունչի մարգարէութեան եւ ուսուցման մասին, աստուածապաշտ վարքին ու Քրիստոնէական բարոյութեան մասին, ինչպէս նաեւ այժմէական յորդորանք՝ մեր կեանքը հիմա բարելաւելու նկատմամբ, բծախնդրաբար կիրարկելով սուրբ գրային սկզբունքները։ (Ա. Տիմ. 4։8) Ասկէ զատ, կը վերյիշենք մեր յոյսը թէ օր մը խնդիրներուն եւ տառապանքին վերջ պիտի դրուի։ Կենսական է որ այս յոյսը վառ պահենք։—Եբր. 6։19
4 Ձեր ընտանիքը որքա՞ն լուրջի կ’առնէ ժողովներուն յաճախելը։ Անիկա կերակուրի ժամանակին կամ աշխարհային գործին նման ձեր յայտագրէն մաս կը կազմէ՞։ Ժողովի օրերը, կը վիճի՞ք ներկայ գտնուելու կամ չգտնուելու նկատմամբ, թէ ոչ ձեր եղբայրներուն հետ կանոնաւոր ընկերակցութիւնը կամքի թողուած հարց մը չէ ձեր տունէն ներս։ Շատ մը հրատարակիչներ կը յիշեն իրենց նուիրուած ծնողներուն օրինակը երբ կը մեծնային։ «Մէկ բան հօրս մասին», երէց մը գուրգուրագին կը վերյիշէ, «թէ ան միշտ վստահ կ’ըլլար որ ընտանիքը ներկայ է ժողովներուն։ Եթէ մէկը հիւանդ էր, մեզմէ մէկը անոր քով կը մնար, իսկ մնացածը ժողովին կ’երթար»։
5 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան յաջորդ թիւերուն մէջ, նկատի պիտի առնենք իւրաքանչիւր ժողովին արժէքը, օգնելու համար որ գնահատանք կերտենք այս հոգեւոր հայթայթումներուն հանդէպ։ Եթէ կարելի է որ ժողովներուն ձեր յաճախելը աւելի հաստատ ըլլայ, վստահ ենք որ յօդուածները ձեզի պիտի օգնեն գիտակցելու ինչ որ կը կորսնցնէք։ Անոնք պիտի պարփակեն օգտակար վերյիշեցումներ ժողովները վարողներուն համար, ինչպէս նաեւ թելադրութիւններ զորս բոլորս ալ կրնանք կիրարկել երբ անոնց համար կը պատրաստուինք եւ անոնց մէջ բաժին կը բերենք։ Ընտանիոք ինչո՞ւ չնստիք ու աղօթքի կեցուածքով մտածէք թէ ինչպէ՛ս է ձեր ժողովներուն յաճախելը։ Ապա որեւէ անհրաժեշտ բարեճշդում մտցուցէք ձեր յայտագրին մէջ։ Կանոնաւորաբար ժողովներուն յաճախելը մեր աստուածպետական ուսուցման կենսական մէկ մասն է եւ արդարեւ պէտք է շատ լուրջի առնուի։