Ծառայութեան Ժողովներ Օգոստոս Ամսուան Համար
Օգոստոս 3–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Խօսեցէք ձեր ժողովքի Մայիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագրութեան մասին։
15 վյրկ. «Օգոստոսը Մասնայատուկ Ամիս մը Պիտի Ըլլա՞յ»։ Հարց պատասխանով։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Օգոստոսին եւ ծառայութեան նոր տարուան իւրաքանչիւր ամսուան ընթացքին ծառայութեան մասնակցին։
20 վյրկ. «Գրքոյկներ Գործածեցէք՝ Մտքին ու Սրտին Կոչ Ընելու Համար»։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Մէկ կամ երկու ցուցադրութիւններ ներկայացուցէք, նուիրատուութեան կարգադրութիւնը յիշելով։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 10–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Ուշադրութեան յանձնեցէք այն նպատակակէտը որ Օգոստոս ամսուան ընթացքին բոլոր հրատարակիչները դաշտի ծառայութեան մասնակցին։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Ո՛վ Պատանիներ՝ Ձեր Ուսման Տարիներէն Օգտուեցէք»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք յարմար կէտեր առնուած՝ Զարթի՛ր 8 Ապրիլ 1992, էջ 17-19, եւ Դիտարան 15 Յուլիս 1991, էջ 23-26 (Անգլ.)։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 17–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ներկաներէն ոմանք թող հակիրճ կերպով բացատրեն ի՛նչպէս անհատի մը անունը եւ հասցէն առնել, որու վկայութիւն տրուեցաւ փողոցը, պարտէզին մէջ, կամ այլուր, անոր հետաքրքրութիւնը հետապնդելու համար։
35 վյրկ. «Աշակերտելու Ստիպողական Գործին Հանդէպ Յառաջդիմական Տեսակէտ մը»։ Հարց պատասխանով։ Կարդացէք 5, 10 եւ 11–րդ պարբերութիւնները։ Աչքէ անցուցէք ժողովքի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններու յառաջդիմութիւնը։ Ուսումնասիրութիւններ վարողները քաջալերեցէք որ դարձեալ կարդան Յունիս 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը, ուսուցանելու իրենց հմտութիւնները բարելաւելու համար։ Նկատի առէք այդ յաւելուածականին 5 եւ 25–րդ պարբերութիւնները։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 24–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նկատի առէք Յուլիս 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին «Մէկ Միլիոն» խորագրով շրջագիծը։ Քանի որ Օգոստոս ամիսէն մէկ շաբաթավերջ մնացած է, բոլորը քաջալերեցէք որ ամիսը չլրացած ծառայութեան մասնակցին։ Նկատի առէք «Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր» յօդուածը։
18 վյրկ. Ռահվիրայական Ծառայութեան Մէջ Ի՛նչպէս Յարատեւել։ Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1993, էջ 28-31 (Անգլ.)։ Հարցազրոյց ունեցէք ռահվիրայի մը հետ, որ լուրջ խնդիրներու հետ գլուխ ելլելով կը շարունակէ որպէս ռահվիրայ ծառայել։
15 վյրկ. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը Թերթիկը Լաւ Կերպով Գործածեցէք։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Վերջին թիւերէն օրինակներ գործածելով, բացատրեցէք Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջերուն մէջ գտնուող այժմէական տեղեկութիւնները եւ ձեռք ձգուած օգուտները. (1) յօդուածներ որոնք կը մղեն մեզ որ ծառայութեան մէջ կանոնաւոր ըլլանք. (2) փորձառութիւններ որոնք կը քաջալերեն մեզ մեր սրբազան ծառայութեան մէջ. (3) թելադրութիւններ որոնք կ’օգնեն մեզի որ բարի լուրը ազդուօրէն ներկայացնենք. (4) ծանուցումներ մատչելի նոր գրականութիւններու մասին, որոնք տեղական թաղամասին մէջ օգտակար են. (5) Աստուածպետական Լուրեր, որոնք երկրածաւալ գործին յառաջդիմութեան մասին կը տեղեկագրեն. (6) ծանուցումներ եւ յայտագիրներ որոնք մեզ տեղեակ կը պահեն յառաջիկայ առիթներուն մասին. (7) Հարցումի Տուփեր որոնք լուրջ հարցեր նկատի կ’առնեն. եւ (8) յաւելուածականներ որոնք մեզի կը տեղեկացնեն համաժողովներու, մասնայատուկ արշաւներու եւ ուրիշ հարցերու մասին, մեր հոգեւոր կարիքներուն հանդէպ մեզ արթուն պահելով։ Բոլորը քաջալերեցէք որ իւրաքանչիւր թիւ կարդան, անոր թելադրութիւնները կիրարկեն, իրենց հետ բերեն Ծառայութեան Ժողովներուն եւ դաշտի ծառայութեան ժողովներուն, եւ իրենց թղթածրարին մէջ պահեն, հետագային անոր դառնալու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 31–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 143
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուցէք որ Օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները յանձնեն։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները պէտք է վստահ ըլլան թէ իրենց խումբի բոլոր անդամները իրենց տեղեկագիրները ներկայացուցած են, որպէսզի բոլորը տեղեկագրուին Սեպտեմբեր 6–էն առաջ։ Նկատի առէք Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը։ Հակիրճ ցուցադրութիւն մը ներկայացուցէք որ նկատի կ’առնէ հետեւեալ հարցումը՝ «Ինչո՞ւ Աստուծոյ անունը պէտք է գործածենք»։ Պատասխանը տուէք Գիտութիւն գրքէն, գլուխ 3, պարբերութիւն 6։ Յայտարարեցէք Սեպտեմբեր 7–ի համար եղած ծառայութեան կարգադրութիւնները։
15 վյրկ. «Առաջնորդութիւնը Առնող Տեսուչներ—Վերակացու Տեսուչը»։ Վերակացու տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ Իր պարտականութիւնները վերաքաղ ընելէ ետք, ան ժողովքին հանդէպ իր գնահատութիւնը կը յայտնէ, հօտը հովուելու նկատմամբ երէցներուն հետ իրենց համագործակցութեան համար։
18 վյրկ. Ձեր Զաւկին Օգնեցէք Որ Դպրոցին Մէջ Իր Խնդիրներուն Հետ Գլուխ Ելլէ։ Երէց մը դպրոցական զաւակներ ունեցող երկու կամ երեք ծնողներու հետ զրոյց մը կ’ունենայ։ Հակիրճօրէն խօսեցէք զաւակներուն դիմագրաւած աւելի սովորական խնդիրներուն մասին, ինչպէս որ ընդգծուած է Զարթի՛ր 8 Օգոստոս 1994, էջ 5-7–ի մէջ։ Ապա, 8-10–րդ էջերուն ակնարկելով, ցոյց տուէք թէ ծնողներ ի՛նչպէս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել եւ ծնող–ուսուցիչի լաւ յարաբերութիւններ պահպանել։
Երգեցողութիւն թիւ 160 եւ փակման աղօթք։