Ծառայութեան Ժողովներ Սեպտեմբեր Ամսուան Համար
Սեպտեմբեր 7–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք «Թելադրութիւն մը» խորագրով շրջագիծը։
15 վյրկ. «Կրնանք Աւելի Մեծ Գործեր Գործել»։ Հարց պատասխանով։ Բոլորը քաջալերեցէք որ ծառայութեան նոր տարուան համար տրամաբանական նպատակակէտեր դնեն եւ ծանր աշխատին զանոնք իրագործելու համար։—Տես՝ Մեր Ծառայութիւնը, էջ 116-118։
20 վյրկ. «Ռահվիրաները Ուրիշներուն կ’Օգնեն»։ Երէց մը կը բացատրէ որ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ հայթայթուած մարզումին կողքին, կարգադրութիւններ եղած են որ ռահվիրաներ ծառայութեան մէջ ուրիշներու անհատապէս օգնեն։ Ան յօդուածին վրայ հիմնուած հարցումներ կ’ուղղէ եւ կը հրաւիրէ որ ներկաները պատասխանեն, յատկապէս՝ յայտագրին մասնակցող ռահվիրաներն ու հրատարակիչները։ Նկատի առէք ի՛նչպէս անկէ լաւագոյն արդիւնքներ ձեռք ձգել։ Ռահվիրաներ կրնան յիշել թէ ի՛նչպէս ուրիշներուն օգնելու մէջ բաժին բերելով ուրախացած եւ օգտուած են։ Օգնութիւն ստացած հրատարակիչներ կրնան ըսել թէ որքա՛ն կը գնահատեն այս սիրալիր կարգադրութիւնը, եւ յիշել կարգ մը կէտեր, որոնցմով ծառայութեան մէջ աւելի մեծ յաջողութիւն եւ ուրախութիւն գտած են։
Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 14–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 160
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ։ Դասախօսութիւն։ Յաջորդ ամիս պիտի սկսինք այս գրքոյկը ուսումնասիրել Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ նախապէս պատրաստուին եւ իւրաքանչիւր ժողովին ներկայ գտնուին, գրքոյկին քաջածանօթ ըլլալու եւ զայն ուրիշներու հետ ուսումնասիրելու կերպը սորվելու համար։ Կարդացէք «Ինչպէս Գործածել Այս Գրքոյկը» խորագրով պարբերութիւնը։ Գործածեցէք կէտեր առնուած՝ Դիտարան 15 Յունուար 1997 համարէն (Անգլերէն), էջ 16-17, շեշտելու համար գրքոյկին բովանդակած հարցումներով, համարներով եւ պատկերներով սորվեցնելու կարեւորութիւնը։ Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչները լաւ օրինակ պէտք է հանդիսանան տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն վարողներուն, շատ չխօսելով եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չյիշելով։—Տես՝ Յունիս 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, էջ 3, պարբերութիւն 5։
20 վյրկ. Անցեալ Տարի Ի՞նչ Իրագործեցինք։ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ կ’ընեն ժողովքի ծառայութեան անցեալ տարուան տեղեկագրութիւնը եւ ժողովներուն ներկայ գտնուողներու թիւը։ Անոնք ուշադրութեան կը յանձնեն տեղեկագրութեան քաջալերական երեսակները եւ կը կեդրոնանան բարելաւումներ ընելիք մարզերուն վրայ։ Օգոստոս ամսուան ընթացքին ծառայութեան մէջ հարիւր առ հարիւր մասնակցութիւն կա՞ր։ Ընդգծեցէք գալիք ամիսներուն երէցներուն ի մտի ունեցած գլխաւոր նպատակակէտերը, ի ներառեալ բոլորին օգնել որ կանոնաւոր հրատարակիչներ ըլլան։ Շրջանային տեսուչի վերջին տեղեկագրութենէն յարմար կէտեր յիշեցէք։
Երգեցողութիւն թիւ 59 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 21–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Ձեր Եղբայրները Ճանչցէք»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք կէտեր առնուած՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1988 համարէն (Անգլերէն), էջ 10-11։ Բոլորը քաջալերեցէք որ նախաձեռնութիւնը առնեն իրարու աւելի մօտէն ծանօթանալու։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 28–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 129
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Սեպտեմբեր ամսուան ծառայութեան տեղեկագիրները յանձնեն։ Բոլորը քաջալերեցէք որ ծրագիրներ ընեն Հոկտեմբերին տունէ–տուն ծառայութեան աւելի մասնակցելու, պարբերաթերթի բաշխումը աւելցնելու համար։ Ակնարկեցէք Հոկտեմբեր 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 8–ին, ներկայացումներ պատրաստելու կերպին մասին թելադրութիւններ ստանալու համար։ Ցուցադրեցէք ընթացիկ պարբերաթերթերով ներկայացում մը, եւ ցոյց տուէք ի՛նչպէս նուիրատուութեան կարգադրութիւնը ըսել տանտիրոջ։ Շաբաթավերջի գործունէութեան համար ձեր հետ պարբերաթերթերու քանակ մը ունեցէք։
20 վյրկ. «Առաջնորդութիւնը Առնող Տեսուչներ—Ծառայութեան Տեսուչը»։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ Իր պարտականութիւնները թուելէ ետք, ան կը բացատրէ մասնայատուկ կերպեր որոնցմով ժողովքը կրնայ համագործակցիլ, ծառայութեան ծաւալը եւ ազդուութիւնը տեղականօրէն աւելցնելու համար։
13 վյրկ. Ժողովքի Լաւ Հրատարակիչ մը Ըլլալու Համար Ի՞նչ կը Պահանջուի։ Դասախօսութիւն, ներկաներու որոշ մասնակցութեամբ։ Անհրաժեշտ չէ գերազանց կարողութիւններ կամ տաղանդներ ունենալ. փոխարէն, շատ փափաքելի է որ բոլորս ալ սէր, խոնարհութիւն, նախանձախնդրութիւն եւ գնահատութիւն ցոլացնող յօժարակամ կեցուածք ունենանք։ Ներկաները հրաւիրեցէք պատճառներ տալու թէ հետեւեալ կէտերը ինչո՛ւ փափաքելի են. (1) ուրախ հոգի մը, (2) ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ եւ մասնակցիլ, (3) նշանակումներ ընդունելու եւ կատարելու յօժարակամութիւն, (4) երէցներու եւ ժողովքին համար եղած կարգադրութեանց հետ համագործակցութիւն, (5) ուրիշներուն օգնելու անկեղծ հետաքրքրութիւն, եւ (6) դաշտի ծառայութեան մէջ կանոնաւոր մասնակցութիւն եւ ամէն ամիս շուտով տեղեկագրել։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։