Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը Ներկայացնել
1 «Նոր Աշխարհի [Թարգմանութիւն–ը] կ’արժէ ձեռք ձգել։ Ան ոգեւորիչ եւ կենսունակ է եւ ընթերցողը մտածելու եւ ուսումնասիրելու կը մղէ։ Անիկա Բարձրագոյն Քննադատութեան գործը չէ, այլ՝ Աստուած եւ Իր Խօսքը պատուող ուսումնականներու»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Եբրայերէնի եւ Յունարէնի հռչակաւոր մեկնաբան մը։ Համաձա՛յն ենք ըսուածին հետ։ Ի՞նչպէս կրնանք օգնել ուրիշներուն, որ նոյն այս գնահատութիւնը ունենան Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան հանդէպ։
2 Կարգ մը անհատներ կրնան ըսել. «Ես արդէն Աստուածաշունչ մը ունիմ։ Ուրիշի մը պէտք չունիմ»։ Մեր պարտականութիւնն է անոնց օգնել, որ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը չնկատեն պարզապէս ուրիշ Աստուածաշունչ մը։ Անիկա բառացի, արդի թարգմանութիւն մըն է, որ հարազատ կերպով կը փոխանցէ բնագրին իմաստը։ Անոր գերակայութեան երեսակներէն մէկը ցուցադրուած է Ա. Կորնթացիս 10։25–ի մէջ, ուր «սպանդանոց» բառը որպէս «մսի շուկայ» թարգմանուած է։
3 Սակայն, միայն քիչեր Աստուածաշունչը կը կարդան եւ տակաւին աւելի քիչեր կը հասկնան առօրեայ կեանքի մէջ անոր սկզբունքներուն գործադրութիւնը։ Անոնք պէտք ունին հասկնալու, թէ Աստուծոյ Խօսքը կրնայ դրական ազդեցութիւն մը ունենալ իրենց կեանքերուն վրայ, եւ թէ՝ պարկեշտութեան, բարոյականութեան եւ ընտանեկան կեանքի շուրջ անոր տուած խրատներուն հետեւիլը, կրնայ օգնել որ գլուխ ելլեն այսօրուան խնդիրներուն հետ։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ իրագործուիլ։
4 Թելադրուած Ներկայացում մը. «Այժմու բարոյական արժէքներու արագօրէն փոխուելուն եւ ապագայի նկատմամբ գոյութիւն ունեցող անվստահութեան ի տես, չէ՞ք համաձայնիր որ կեանքի մէջ վստահելի առաջնորդութեան մը կարիքը ունինք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ամենահին գիրքը ըլլալով հանդերձ, Աստուածաշունչը արդիական կենցաղի եւ ընտանեկան ուրախ կեանքի համար գործնական խրատներ կու տայ»։ Ապա բացէք Գիտութիւն գրքին երկրորդ գլուխը, կարդացէք 10–րդ պարբերութենէն մինչեւ 11–րդ պարբերութեան առաջին նախադասութիւնը, պարփակելով Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17։ Եթէ հետաքրքրութիւն ցոյց տրուի, Գիտութիւն գիրքը տեղաւորեցէք, բացատրեցէք Աստուածաշունչի տան ձրի ուսումնասիրութեան մեր կարգադրութեան յայտագիրը, ապա ներկայացուցէք Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը։ Եթէ կը խորհիք որ աւելի յարմար է Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկով ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, կրնաք այդպէս ընել։ Յաւելեալ յարմար ներկայացումներ ալ պիտի գտնէք, Պատճառաբանել գրքին 9-15–րդ էջերուն վրայ։
5 Գնահատութիւն ցուցաբերենք Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան հանդէպ։ Ասիկա կրնանք ընել նախանձախնդրաբար ներկայացնելով զայն։