Ծառայութեան Ժողովներ Յունուար Ամսուան Համար
Յունուար 4–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Եթէ ժողովի ժամերը 1 Յունուարին փոխուեցան, բոլորին յիշեցուցէք որ նոր յայտագիրը ցոյց տուող յայտաթերթիկները գործածեն։
15 վյրկ. «Հին Գրքերը Լաւ Կերպով Գործածենք»։ Հարց պատասխանով։ Ուշադրութեան յանձնեցէք ժողովքին ունեցած հին գրքերը։ Անոնց կարգ մը հետաքրքրական երեսակները նշեցէք, եւ բացատրեցէք թէ զանոնք ի՛նչպէս կրնանք ներկայացնել ուրիշներուն։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Յունուարի ընթացքին այս գրքերը ներկայացնեն դաշտի ծառայութեան եւ անպաշտօն վկայութեան մէջ։ Հակիրճ, պարզ ներկայացումով ցուցադրութիւն մը պարփակեցէք։
20 վյրկ. Առանց Արիւնի Դարմանում Ստանալու Համար Իրաւական Ընտրութիւն Ընել (Գործք 15։28, 29)։ Ատակ երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ հարց պատասխանով ուրուագծին վրայ, որ կ’ընկերակցի Յունուար 1997 թուակիր՝ Ընկերութեան հայթայթած առողջապահական մնայուն փոխանորդագրի պատճենին, եւ «Տեղեկութիւններ՝ Ընկերութեան Հայթայթած Առողջապահական Մնայուն Փոխանորդագրի Պատճեններու Մասին» վրայ։ Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտ. այս ժողովէն ետք, մկրտուած Վկաներուն նոր քարտ մը պիտի տրուի, իսկ անչափահաս՝ չմկրտուած զաւակներ ունեցողները, իւրաքանչիւր զաւկի համար Անձնագիր մը պիտի ստանան։ Այս քարտերը ոչ թէ հոս, այլ տունը՝ ուշադրութեամբ պէտք է լեցուին, բայց ՊԷՏՔ ՉԷ ստորագրուին։ Ձեր ու վկաներուն ստորագրութիւնը, ինչպէս նաեւ թուական դնելը պիտի ըլլայ յաջորդ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութենէն ետք, գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին հսկողութեան ներքեւ։ Ստորագրելէ առաջ, ստուգեցէք որ քարտերը լման կերպով լեցուած ըլլան։ Որպէս վկաներ ստորագրողները պէ՛տք է տեսնեն անհատին իր փաստաթուղթը ստորագրելը։ Այս քարտին գործածած լեզուն իրենց անհատական պարագաներուն ու համոզումներուն յարմարցնելով, չմկրտուած հրատարակիչները կրնան իրենց անձնական ցուցմունքը գրել, իրենց եւ իրենց զաւակներուն գործածութեան համար։ Մնայուն Փոխանորդագրի պատճեն. Ասիկա Ընկերութեան կողմէ պատրաստուած է եւ աւելի ընդլայնուած առողջապահական փաստաթուղթ մըն է, եւ իրաւական ուղղակի պաշտպանութիւն կը հայթայթէ։ Շատ մը բժիշկներ դրականօրէն ընդառաջած են այս վաւերագրին, քանի որ անիկա Վկայ հիւանդները ազդուօրէն դարմանելու համար մանրամասնուած տեղեկութիւն կը բովանդակէ։ Այն հրատարակիչները որոնք տակաւին այս պատճենը չեն լեցուցած եւ սակայն կը փափաքին ասիկա ընել, կրնան ժողովքի քարտուղարէն օրինակ մը ստանալ։ (Անհրաժեշտ չէ ամէն տարի նոր պատճեն մը լեցնել։ Սակայն, եթէ հրատարակիչ մը ուրիշ նահանգ փոխադրուի, հարկ է որ նոր պատճեն մը լեցնէ, այդ նահանգին մէջ ի զօրու ըլլալու համար։) Ասկէ զատ, եթէ մնայուն փոխանորդագրի պատճեն մը լեցնէք, Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտին վրայ, նախընտրաբար ձեր ձեռագրով, հետեւեալը պէտք է գրէք. «Նաեւ լեցուցած եմ առողջապահական փոխանորդագրի պատճեն մը»։ Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչները ցանկ մը պէտք պատրաստեն ստուգելու համար որ իրենց խումբին նշանակուած բոլոր անդամները հարկ եղած օգնութիւնը ստացած են, Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը եւ մնայուն փոխանորդագրի պատճենը լեցնելու համար։ Օրինական լաւագոյն պաշտպանութիւնը ունենալու համար, յանձնարարուած է որ երկու փաստաթուղթերն ալ լեցնենք։
Երգեցողութիւն թիւ 160 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 11–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
20 վյրկ. «Մեր Վճռակամութիւնն Է՝ Եհովայի Ընդունելի Ապրելակերպը Հետապնդել»։ Դասախօսութիւն։ Քաջալերեցէք որ բոլորը ժողովքի շաբաթական հինգ հանդիպումներուն ալ կանոնաւորաբար ներկայ գտնուին։
15 վյրկ. «Համբերութիւն Ի Գործ Դնենք»։ Ընտանիքի մը անդամներուն միջեւ զրոյց։ Անոնք աչքէ կ’անցընեն կարգ մը կերպեր՝ որոնցմով կրնան իրենց ծառայութեան մէջ աւելի մեծ տարողութեամբ համբերութիւն ցուցաբերել։ Յարմար մեկնաբանութիւններ պարփակեցէք, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1995, էջ 12–ին վրայ։
Երգեցողութիւն թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 18–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
15 վյրկ. «Առաջնորդութիւն Առնող Տեսուչներ—ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան Վարիչները»։ Դասախօսութիւն, գրքի ուսումնասիրութեան օրինակելի վարիչի մը կողմէ, որ իր պարտականութիւնները վերաքաղ կ’ընէ։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ այսպիսի աշխատանք մը որքան կը նպաստէ ժողովքին յառաջդիմութեան եւ հոգեւոր բարօրութեան։ Պարփակեցէք բանալի մեկնաբանութիւններ առնուած՝ Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքէն, էջ 43-45, 74-76։
15 վյրկ. «Ուսումնասիրութիւններ Սկսիլ Ի՛նչ կը Պահանջէ Գրքոյկով»։ Հարց պատասխանով նկատի առնել։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 25–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Ռահվիրաներէն Պահանջուած Ժամերուն Նկատմամբ Բարեփոխութիւն»։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։ Գովեցէք ժողովքի ռահվիրաները, եւ քաջալերեցէք որ յաւելեալ հրատարակիչներ օժանդակ ու կանոնաւոր ռահվիրաներ ըլլան, ի մտի ունենալով յաւելեալ գործունէութիւնը Մարտ, Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն ընթացքին։ Պարփակեցէք կարգ մը տեղեկութիւններ Փետրուար 1997 եւ Յուլիս 1998 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան յաւելուածականներէն։
20 վյրկ. Աստուածաշունչը Ամէն Օր կը Քննէ՞ք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Ամէն տարի Ընկերութիւնը Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր խորագրով գրքոյկը կը հայթայթէ։ Որպէս անհատ կամ ընտանիք այս գրականութիւնը լաւագոյն կերպով կը գործածէ՞ք։ Բացատրեցէք այն օգտակար պատճառները թէ ինչո՛ւ ամէն օր՝ օրուան համարը նկատի պէտք է առնենք։ Նկատի առէք կարգ մը մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր—1999 գրքոյկի յառաջաբանէն, էջ 3-4։ Հրաւիրեցէք հրատարակիչներ որ օրուան համարը ու անոր մեկնաբանութիւնը հաւատարմօրէն նկատի առնելու համար, որպէս անհատներ կամ ընտանիքներ, իրենց տարած մասնաւոր ջանքին մասին խօսին։
Երգեցողութիւն թիւ 46 եւ փակման աղօթք։