Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յունուարին. Որեւէ 192–էջնոց հին գիրք։ Փետրուարին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Մարտին. Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Ապրիլին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Հետաքրքրուած անհատներուն համար Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ձեր քով ունեցէք, եւ ջանացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
◼ 1999–ի նահանգային համաժողովի առնչութեամբ՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին այս յաւելուածականը նկատի պիտի առնուի 1998–ի Դեկտեմբեր 28–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին։
◼ Յունուար 4–ով սկսող շաբաթը, Ծառայութեան Ժողովին ներկայ եղող մկրտուած բոլոր հրատարակիչները պիտի ստանան Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիրը, իսկ իրենց զաւակները՝ Անձնագիրը։
◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 1–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն համար նոր հանրային դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Աստուած Ձեզի Համար Ո՞րքան Իրական Է»։
◼ Ժողովքները կարգադրութիւններ պէտք է ընեն այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար, Հինգշաբթի՝ Ապրիլ 1–ին, արեւնամուտէն ետք։ Թէեւ դասախօսութիւնը կանուխ կրնայ սկսիլ, սակայն Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն հրամցուիլը պէտք է սկսի արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ տեղեկացէք թէ արեւնամուտը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Մինչ փափաքելի է որ իւրաքանչիւր ժողովք Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարէ, բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Հոն ուր կարելի է, կը թելադրենք որ առնուազն 40 վայրկեան ըլլայ երկու յայտագիրներուն միջեւ, ասիկա ժամանակ պիտի տայ որ այցելուներուն բարեւենք, նոր հետաքրքրուած անհատներ քաջալերենք եւ առիթէն լիովին օգտուինք։ Նկատի պէտք է առնուի նաեւ խճողումի եւ ինքնաշարժները շարելու, ինչպէս նաեւ անհատներ հասցնելու եւ վերադարձնելու հարցը։ Երէցները պէտք է որոշեն թէ ո՛ր կարգադրութիւնները լաւագոյնն են իրենց ժողովքին համար։
◼ 1999–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի օր՝ Ապրիլ 18–ին։ Դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Ճշմարիտ Բարեկամութիւն՝ Աստուծոյ եւ Դրացիի Հետ»։ Ուրուագիծ մը պիտի հայթայթուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը, շրջանային համաժողովը կամ միօրեայ մասնաւոր համաժողովը ունեցող ժողովքները մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք Ապրիլ 18–էն առաջ պէտք չէ ունենայ մասնաւոր դասախօսութիւնը։
◼ Միացեալ Նահանգներու զինուորագրութեան կանոնները կը պահանջեն որ բոլոր տղամարդիկը երբ 18 տարեկան ըլլան արձանագրուին նամակատան մէջ։ Խնդրոյ առարկայ անհատները պէտք է արագօրէն հոգ տանին այս հարցին, զայն նկատելով որպէս Քրիստոնեայի մը պարտաւորութիւնը վերին հեղինակութիւններուն հանդէպ։ Երէցները պէ՛տք է այս մասին մտածեն եւ յարմար վերյիշեցումներ տան երիտասարդ եղբայրներուն, որոնք 18 տարեկան պիտի ըլլան։ Այս առնչութեամբ երիտասարդ Քրիստոնեային պատասխանատուութիւններուն շուրջ յարուցուած հարցումներուն՝ երէցները կրնան պատասխանել։
◼ Կոյրերու Համար Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր—1999 (չորս հատորով) —Բ. կարգի Անգլերէն
Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի (մէկ հատորով) —Ա. կարգի Իտալերէն
Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք (մէկ հատորով) —Բ. կարգի Անգլերէն, Բ. կարգի Գերմաներէն, Ա. կարգի Իտալերէն, Ա. կարգի Սպաներէն, Ա. եւ Բ. կարգի Ֆրանսերէն
Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ (երեք հատորով) —Ա. կարգի Սպաներէն
Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ (երկու հատորով) —Բ. կարգի Անգլերէն
1999–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր (մէկ հատորով) —Բ. կարգի Անգլերէն
Կոյրերու գրականութիւններու խնդրագրին վրայ գրեցէք՝ ATTENTION: BRAILLE DESK։ Պարփակեցէք այդ անհատին անունն ու հասցէն, որ կոյրերու համար պատրաստուած նիւթը պիտի գործածէ։