Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/99 էջ 1
  • Անոնց Հրաւիրեցէք Որ Գան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անոնց Հրաւիրեցէք Որ Գան
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ժողովներուն յաճախելը ի՞նչ կը յայտնէ մեր մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Եհովայի վկաներու ժողովները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • «ԵՀՈՎԱՅԻ ՏՈՒՆԸ ԵՐԹԱՆՔ»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • «Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 3/99 էջ 1

Անոնց Հրաւիրեցէք Որ Գան

1 Դարեր առաջ տրուած հրաւէր մը այսօր ալ կը լսուի աշխարհի չորս կողմը գտնուող 233 երկիրներու մէջ, որ կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը . . . ելլենք, որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ (Եսայ. 2։3) Մարդիկը Եհովայի կազմակերպութեան ուղղելը, լաւագոյն կերպերէն մէկն է անոնց օգնելու որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն, որ իր կարգին կ’առաջնորդէ յաւիտենական կեանքի։

2 Կարգ մը հրատարակիչներ մարդիկը Թագաւորութեան Սրահ հրաւիրելու կը տատամսին, մինչեւ որ անոնք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան մէջ բաւական յառաջդիմեն։ Սակայն, երբեմն մարդիկ կը սկսին ժողովներու յաճախել նոյնիսկ անոնց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուելէն առաջ։ Ժողովներու գալու համար մարդիկը ջերմօրէն հրաւիրելը ու զանոնք քաջալերելը չհետաձգենք։

3 Ի՛նչ Ընել. Յայտաթերթիկները լաւագոյն կերպով գործածեցէք, մեր տեղական ժողովներուն մասին մարդիկը տեղեակ պահելու համար։ Յիշեցէք թէ ժողովներու մուտքը ազատ է եւ առանց որեւէ հանգանակութեան։ Բացատրեցէք թէ ժողովները ի՛նչպէս կ’ընթանան։ Նշեցէք թէ անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան դասընթացքներ են եւ թէ ուսումնասիրութեան նիւթերը հայթայթուած են բոլորին՝ որպէսզի հետեւին։ Ուշադրութեան յանձնեցէք որ հոն ներկայ եղողները տարբեր ծագումի եւ ընկերային ու տնտեսական մակարդակի տէր անհատներ են։ Նշեցէք թէ ներկաները շրջակայքէն եկած անհատներ են եւ թէ՝ ամէն տարիքի մանուկներ բարի եկած են։ Պէտք է հրաւիրենք մեզի հետ ուսումնասիրող անհատները, հարկ եղած օգնութիւնը մատուցանելով անոնց, որպէսզի ներկայ գտնուին։

4 Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած վերջին բաներէն մէկը, կեանքի համար Եհովայի ըրած հայթայթումներուն մասնակցելու ջերմ հրաւէր մըն է. «Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’ . . . ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ (Յայտ. 22։17) Ուրիշները մեր ժողովներուն յաճախելու համար հրաւիրելէ զատ ուրիշ կերպ մը չկայ։

5 Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքներուն մէջ հիմա եկող հարիւր հազարաւոր նոր փառաբանողները, Եսայեայ 60։8–ն մարգարէաբար կը նկարագրէ որպէս աղաւնիներ, որոնք «կը թռչին ամպի պէս ու դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս»։ Բոլորս ալ կրնանք նորեկները մեր ժողովներուն հրաւիրել ու անոնց բարի գալուստ մաղթել։ Այս կերպով, համագործակցած պիտի ըլլանք Եհովայի հետ, մինչ ան կ’արագացնէ հաւաքելու գործը։—Եսայ. 60։22

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել