Ծառայութեան Ժողովներ Հոկտեմբեր Ամսուան Համար
Հոկտեմբեր 4–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 112
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
17 վյրկ. «Աստուծոյ Մարգարէական Բոլոր Խօսքերը Պիտի Կատարուին»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, անկէ ետք յօդուածը հարց պատասխանով նկատի առէք։ Նոր գրքէն քանի մը մանրամասնութիւններ նշեցէք, որոնք աչքառու կը դարձնեն մեր ժամանակներուն յատկանշական ըլլալը։
18 վյրկ. Մի՛շտ Պատրաստ Եղէք Պարբերաթերթ Ներկայացնելու։ Անցեալ ամիս ժողովքին տեղաւորած պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը տուէք։ Երբ Ընկերութեան ուղարկած քանակին հետ բաղդատենք, ի՞նչ կը տեսնենք։ Եթէ մեծ տարբերութիւն մը կայ, ի՞նչ քայլեր պէտք է առնուին։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ հետեւեալ կէտերուն մասին խօսին. (1) Իւրաքանչիւր հրատարակիչ բաւարար բայց պատշաճ քանակ մը պէտք է ապսպրէ։ (2) Ամէն Շաբաթ օր Պարբերաթերթ Ներկայացնելու Օր նկատեցէք։ (3) Ամէն ամիս ծառայութեան ձեր յայտագրին մէջ պարբերաթերթով վկայելու տեղ տուէք։ (4) Ծրագրեցէք անպաշտօն ծառայութիւնը աւելցնել, խօսակցութիւններ սկսելու համար պարբերաթերթեր գործածելով։ (5) Մասնայատուկ յօդուածները առեւտրականներու եւ մասնագէտներու ներկայացուցէք, որոնք շատ հաւանաբար փափաքին զանոնք կարդալ։ (6) Տեղաւորուած պարբերաթերթերուն մասին արձանագրութիւն մը պահեցէք, եւ կանոնաւորաբար զանոնք տանելու վարժութիւնը զարգացուցէք, ընթացիկ թիւերը կանոնաւորաբար մարդոց տանելով։ (7) Օգտագործեցէք պարբերաթերթի հին թիւերը, որպէսզի անոնք չկուտակուին։ Ընթացիկ պարբերաթերթերը ցոյց տուէք եւ ուշադրութեան հրաւիրեցէք հետաքրքրութիւն արթնցնող հաւանական յօդուածները։ Չափահաս մը եւ պատանի մը՝ իւրաքանչիւրը թող ցուցադրէ պարբերաթերթ մը ինչպէս ներկայացնելու կերպը, երկու հակիրճ ցուցադրութիւններով։—Տես՝ Սեպտեմբեր 1995–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 11–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Ի՛նչպէս Աւելի Ուրախութիւն Քաղել Ժողովներէն»։ Հարց պատասխանով։ Մասնայատուկ օրինակներ տուէք թէ ժողովներուն մէջ ինչպէս կրնանք իրարու հանդէպ նկատառութիւն ցուցաբերել ու զիրար քաջալերել։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ իրենց անհատական փորձառութենէն օրինակներ տան։
Երգեցողութիւն թիւ 152 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 18–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ դաշտի ծառայութեան փորձառութիւններ։
13 վյրկ. «Պիտի Փոխադրուի՞ք»։ Քարտուղարին կողմէ քաջալերական դասախօսութիւն մը։ Երբ հրատարակիչներ հարկ տեսնեն ուրիշ ժողովք մը փոխադրուիլ, կարեւոր է որ իրենց նոր շրջապատին մէջ լաւ հաստատուին, հոգեւորապէս չտուժելու համար։ Շեշտեցէք թէ հարկ է երէցները տեղեակ պահել այսպիսի ծրագիրներու մասին եւ նոր ժողովքին հետ շփման մէջ գալու համար անոնց օգնութիւնը խնդրել։
22 վյրկ. «Հրեայի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէք»։ Հարց պատասխանով։ Բացատրեցէք Ուղղափառ, Բարեկարգ եւ Պահպանողական Հրէականութեան միջեւ եղած տարբերութիւնները։ (Տես՝ Մարդկութիւնը Աստուած կը Փնտռէ, էջ 226-227) Նշեցէք մարզեր, որոնց մէջ հաւանաբար հասարակաց գետին մը կրնաք պատրաստել Հրեայի մը հետ։ Լաւ պատրաստուած ներկայացում մը ցուցադրեցէք։ Հրէականութեան մասին աւելի տեղեկութիւն ստանալու համար, տես՝ Փետրուար 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը. Պատճառաբանել գրքին էջ 22-23–ը. եւ Մարդկութիւնը Աստուած կը Փնտռէ, գլուխ 9։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 25–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 129
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին օգնեցէք որ պատրաստուին՝ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնել Նոյեմբերի ընթացքին։ Բացատրեցէք ի՛նչպէս ներկայացում մը պատրաստել, որ՝ «Աստուած աղօթքներու կը պատասխանէ՞» հարցումը նկատի կ’առնէ։ Գրքոյկին 7–րդ դասէն, կամ գրքին 16–րդ գլուխին 12-14–րդ պարբերութիւններէն առնուած կէտեր գործածեցէք։ Մէկ համար գործածելով պարզ ներկայացում մը ցուցադրեցէք։
15 վյրկ. Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխաններ Գտնել։ Հրատարակիչ մը օգնական ծառայի մը կը մօտենայ. ան հանդիպած է հետաքրքրուած անհատի մը որ սուրբ գրային հարցում մը ունի։ Փոխանակ պատասխանը տալու, օգնական ծառան կը բացատրէ ի՛նչպէս գտնել զայն։ Նախ, ան վերաքաղ կ’ընէ Դպրոցի Ուղեգիրք–ին մէջ գտնուած թելադրութիւնները, Դաս 7, պարբերութիւն՝ 8-9։ Ապա, միասնաբար փնտռտուք կ’ընեն հարցումի մը մասին որ սովորաբար կը հարցուի ժողովքի թաղամասին մէջ։ Անոնք նիւթը շօշափող մասնայատուկ աղբիւրներ նկատի կ’առնեն եւ համոզիչ կէտեր կը գտնեն, որոնք Աստուածաշունչի պատասխանին հիմնական պատճառները կը յստակացնեն։ Ներկաները քաջալերեցէք որ սուրբ գրային հարցումներու մասին փնտռտուք ընելու համար, այս տեսակ վարձահատոյց ուսումնասիրութիւն մը ընեն։
15 վյրկ. Ի՛նչպիսի Նպատակակէտեր Կրնանք Դնել։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներու հետ խօսակցութիւն։ Վերաքաղ ըրէք Դիտարան 15 Մարտ 1997 (Անգլերէն), էջ 11–ի շրջագծին մէջ ուրուագծուած գործնական նպատակակէտերը։ Օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայութեան ծառայութեան մասնակցելու քաջալերութիւն տուէք։ Բացատրեցէք թէ այս նպատակակէտերուն հասնիլը ի՛նչպէս կրնայ անձնապէս օգտակար ըլլալ մեզի։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ աստուածպետական կարգ մը նպատակակէտերու հասնելէն իրենց ձեռք ձգած ուրախութեան մասին խօսին։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։