Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ՝ 6 Սեպտեմբերէն մինչեւ 20 Դեկտեմբեր 1999, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով ներկայացուած նիւթերու վրայ հիմնուած։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, անջատ թուղթի մը վրայ ձեր կրցած չափով հարցումներուն պատասխանեցէք։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղի ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն աւարտին տրուած տեղեկութիւնները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարան–ի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Եհովա մարդկային անկախ իշխանութիւնը թոյլատրած է, որպէսզի ապացուցանէ թէ իշխելու Իր կերպը միշտ շիտակ ու արդար է։ (Բ. Օր. 32։4. Յոբ. 34։10-12. Երեմ. 10։23) [w97 2/15 էջ 5 պարբ. 3]
2. Աստուածաշունչը կը նշէ թէ Աստուած ամէն տեսակ գանգատ կը դատապարտէ։ [w97 12/1 էջ 30 պարբ. 3-4]
3. Գլխաւորութեան աստուածային սկզբունքներուն եւ կարգ ու կանոնի գիտակցելով, ծնողներ ամուսնացած զաւակներուն հետ իրենց յարաբերութեան նկատմամբ շիտակ տեսակէտ մը կ’ունենան։ (Ծննդ. 2։24. Ա. Կորն. 11։3. 14։33, 40) [Ընտանիք էջ 164 պարբ. 6]
4. Մարկոս 6։31-34–ը ցոյց կու տայ թէ Յիսուս բազմութեան վրայ խղճաց, պարզապէս անոր համար որ անոնք հիւանդ եւ աղքատ էին։ [w97 12/15 էջ 29 պարբ. 1]
5. Եթէ ուրիշ ոչխարներու դասակարգէն Քրիստոնեայ մը պատճառով մը չկարենայ ներկայ գտնուիլ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին, զայն ամիս մը ետք պէտք է տօնակատարէ Թուոց 9։10, 11–ի մէջ յիշուած սկզբունքին համաձայն։ (Յովհ. 10։16) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 93 5/1 էջ 29 պարբ. 9]
6. Մինչ Քրիստոնեայ մեծ–ծնողներ, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններ իրենց զաւակներուն մէջ քանդակելու հօրը եւ մօրը պատասխանատուութիւնը անոնց ձեռքէն չեն առներ, անոնք կրնան լրացուցիչ դեր մը խաղալ, զաւկին հոգեւոր զարգացման նպաստելու մէջ։ (Բ. Օր. 6։7. Բ. Տիմ. 1։5. 3։14, 15) [Ընտանիք էջ 168 պարբ. 15]
7. Առակաց 6։30–ը ցոյց կու տայ թէ գողութիւնը որոշ պարագաներու ներքեւ կրնայ ներուիլ կամ արդարացի ըլլալ։ [g97 11/8 էջ 19 պարբ. 2]
8. 1530–ին Ուիլիըմ Թինտէյլ Եհովա Աստուծոյ անունը գործածող առաջին անհատը եղաւ, Եբրայերէն Գրութիւններու Անգլերէն թարգմանութեան մը մէջ։ [w97 9/15 էջ 28 պարբ. 3]
9. Ներկայիս, այլաբանական ապաստանի քաղաքը Աստուծոյ այն կարգադրութիւնն է, որ արեան սրբութեան նկատմամբ իր պատուիրանքը բեկանելուն որպէս հետեւանք մահուան արժանանալէ մեզ կը պահպանէ։ (Թուոց 35։11) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 96 3/1 էջ 27 պարբ. 8]
10. Բ. Օրինաց անունը որ կը նշանակէ՝ «Երկրորդ Օրէնք», պատշաճ է, քանի որ Աստուածաշունչի այս գիրքը պարզապէս Օրէնքին կրկնումն է։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Բոլոր Գիրքը էջ 36 պարբ. 4]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Պէնտէկոստէի Տօնակատարութեան ընթացքին քահանայապետին ներկայացուցած երկու խմորեալ հացերը ի՞նչ կը պատկերացնեն։ (Ղեւտ. 23։15-17) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 98 6/1 էջ 13 պարբ. 21]
12. Քրիստոնէական Յոբելեանը ե՞րբ սկսաւ, եւ անիկա ի՞նչպիսի ազատութիւն բերաւ այդ ժամանակ։ (Ղեւտ. 25։10) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 95 8/1 էջ 30 պարբ. 14]
13. Թուոց գրքին արձանագրութեան համաձայն, վերապրումը ի՞նչ երեք բաներէ կախեալ է։ [Բոլոր Գիրքը էջ 30 պարբ. 1]
14. Ի՞նչ կերպով Մովսէս հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ, ցոյց տալով թէ ինք նախանձ հոգի մը չունէր։ (Թուոց 11։29) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 95 12/1 էջ 27 պարբ. 11]
15. Կորխի, Դաթանի եւ Աբիրոնի պարագան ի՞նչպէս կը փաստէ թէ տեսնելը միշտ հաւատալու չ’առաջնորդեր։ [Դիտ. 97 6/1 էջ 4 պարբ. 2]
16. Մատթէոս 15։3-6 եւ Ա. Տիմոթէոս 5։4–ի մէջ տարեց ծնողները պատուելու ո՞ր երկու մարզերը ուշագրաւ դարձուած են։ [Ընտանիք էջ 173-175 պարբ. 2-5]
17. Թուոց 26։64, 65–ի մէջ ի՞նչ կարեւոր դաս մը ընդգծուած է։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ g95 8/8 էջ 10-11 պարբ. 5-8]
18. Փենեհէսի օրինակը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ Եհովայի նուիրուելուն իմաստը գնահատենք։ (Թուոց 25։11) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 95 6/1 էջ 16 պարբ. 12-13]
19. Ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ եղող անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ «քաղաքին սահմաններէն դուրս ելլել»։ (Թուոց 35։26) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 96 3/1 էջ 29 պարբ. 20]
20. Սինայիթիգուս Մատեանը ի՞նչ կերպով օրհնութիւն մը դարձաւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան համար։ [w97 10/15 էջ 11 պարբ. 2]
Հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար, պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը հայթայթեցէք.
21. Եհովա չարութիւնը թոյլատրած է, որպէսզի միանգամ ընդմիշտ հաստատէ այն հիմնական ճշմարտութիւնը թէ միայն ինք ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ է եւ թէ իր օրէնքներուն ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ կենսական է, իր ստեղծագործութիւններուն յարատեւ խաղաղութեան եւ երջանկութեան համար։ (Սաղմ. 1։1-3. Առ. 3։5, 6. Ժող. 8։9) [w97 2/15 էջ 5 պարբ. 4]
22. Ղեւտացւոց գիրքը արեան ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ցցուն դարձնելու մէջ յատուկ է, ցոյց տալով որ անոր թոյլատրելի միակ գործածութիւնը ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐։ [Բոլոր Գիրքը էջ 29 պարբ. 33]
23. Սաղմոս 144։15բ–ի համաձայն, ճշմարիտ ուրախութիւնը սրտի վիճակ մըն է, հիմնուած՝ հարազատ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ եւ Եհովայի հետ լաւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ վրայ։ [w97 3/15 էջ 23 պարբ. 7]
24. Հասարակ Յունարէնի թարգմանուած Եբրայերէն Աստուածաշունչը ամբողջացաւ շուրջ Հ.Դ.Ա. 150–ին եւ կոչուեցաւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐. Լատիներէնի թարգմանուած Ժերոմի Աստուածաշունչը կոչուեցաւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐, որ ամբողջացաւ շուրջ Հ.Դ. 400–ին։ [w97 8/15 էջ 9 պարբ. 1. էջ 10 պարբ. 4]
25. Թուոց գրքին մէջ Բաղաամի եւ Կորխի մասին արձանագրուած դէպքերը գործածելով, Յուդա Քրիստոնեաները ազդարարեց որ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ եւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ թակարդներէն զգուշանան։ [Բոլոր Գիրքը էջ 35 պարբ. 35]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն շիտակ պատասխանը ընտրեցէք.
26. Տարին անգամ մը, (Տաղաւարահարաց Տօնին. Քաւութեան Օրը. Պասեքին), ամբողջ Իսրայէլ ազգը, Եհովան պաշտող պանդխտացած օտարականներն ալ, պէտք էր (ամէն գործ դադրեցնէին, տասանորդ վճարէին, երախայրիներ ընծայէին) ու ծոմ պահէին։ (Ղեւտ. 16։29-31) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 96 10/1 էջ 7 պարբ. 12]
27. Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան Յանձնախումբին նպատակակէտերէն մէկն էր թարգմանութիւն մը արտադրել որ (կարելի եղածին չափ բառացի. բնագիր լեզուներուն յարասութիւնը. որոշ վարդապետութեան մը հասկացողութեան հետ՝ համաձայն) ըլլար, որպէսզի ընթերցողը աւելի ընտելացնէր բնագիր լեզուներուն նրբերանգներուն եւ անոնց ընկերակցող մտածելակերպին։ [w97 10/15 էջ 11 պարբ. 5]
28. Եբրայեցիս 13։19–ի համաձայն, հաւատակիցներու յարատեւ աղօթքները կրնան որոշ ազդեցութիւն ունենալ (Աստուծոյ թոյլատրութեան վրայ. Աստուծոյ գործի լծուելու ժամանակին վրայ. հարցերը ղեկավարելու Աստուծոյ կերպին վրայ)։ [w97 4/15 էջ 6 պարբ. 1]
29. Իսրայելացիներու ‘հանդերձներու քղանցքներու ծոպերուն վրայ եղող կապոյտ ժապաւէնը’ պահանջուած էր որպէս (սրբազան զարդեղէն. համեստութեան նշան. Եհովայի ժողովուրդը աշխարհէն անջատող տեսանելի վերյիշեցում)։ (Թուոց 15։38, 39) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 84 7/1 էջ 17 պարբ. 16]
30. Բ. Օրինաց գրքին ծածկած ժամանակաշրջանն է՝ (երկու ամիս. մէկ տարի. երկու տարի), իսկ անոր գրութիւնը ամբողջացաւ Հ.Դ.Ա. (1513–ի. 1473–ի. 1467–ի) սկիզբը։ [Բոլոր Գիրքը էջ 36 պարբ. 6]
Հետեւեալ համարները վարը տրուած արտայայտութիւններուն հետ համեմատեցէք.
Թուոց 16։41, 49. Մատթ. 19։9. Ղուկ. 2։36-38. Կող. 2։8. 3։14
31. Խստակեցութիւնը մասնայատուկ սրբութեան կամ լուսաւորութեան չ’առաջնորդեր։ [g97 10/8 էջ 21 պարբ. 3]
32. Ամուսնալուծուելու եւ վերստին ամուսնանալու սուրբ գրային միակ հիմը՝ պոռնկութիւնն է։ [Ընտանիք էջ 159 պարբ. 15]
33. Աստուածպետական գործունէութեանց մէջ շատ գործունեայ ըլլալը, նոյնիսկ հետագայ տարիներուն, կրնայ անհատին օգնել որ իր կողակիցին կորուստին տոկայ։ [Ընտանիք էջ 170-171 պարբ. 21]
34. Իր նշանակուած ծառաներուն միջոցաւ Եհովայի արդարութեան գործադրութիւնը քննադատելը, կրնայ աղիտալի հետեւանքներ ունենալ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 96 9/1 էջ 25 պարբ. 13]
35. Անձնուրաց սէրը ամուսնացած զոյգ մը իրարու կը կապէ եւ կը մղէ որ անոնք իրարու ու իրենց զաւակներուն համար լաւագոյն բաները ընեն։ [Ընտանիք էջ 187 պարբ. 11]