Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/99 էջ 2
  • Ծառայութեան ժողովի յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան ժողովի յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Դեկտեմբեր 6–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 3–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 12/99 էջ 2

Ծառայութեան ժողովի յայտագիր

ՆՇՄԱՐ. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին այս համարէն սկսեալ, Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիրը յաջորդ ամսուան առաջին Ծառայութեան Ժողովին համար ուրուագիծ մը պիտի պարփակէ։ Այս բարեճշդումը կ’ըլլայ, առաքումի նոր կարգադրութիւններու պատճառաւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին առաքումներուն հաւանական ուշացումը համակշռելու համար։

Դեկտեմբեր 6–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 152

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։

15 վյրկ. «Եհովայի Անաչառութիւնը Ընդօրինակենք»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն պակաս թող ըլլան, ապա հարց պատասխանով նիւթը նկատի առէք։ Բացատրեցէք անաչառութեան իմաստը, Եհովա ի՛նչպէս զայն կը ցուցաբերէ, եւ անիկա ի՛նչպէս կրնանք մեր ծառայութեան մէջ ցուցաբերել։—Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ, Ա. Հատոր, էջ 1192, պարբերութիւն 4-7։

20 վյրկ. «Ասիկա Նախապէս Լսած Չե՞նք»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ մեկնաբանեն թէ ի՛նչպէս կրկնումը իրենց օգնած է, ճշմարտութիւնը լիովին հասկնալու ու գնահատելու։—Տես՝ Դիտարան 15 Յուլիս 1995, էջ 21-22, եւ 1 Նոյեմբեր 1993, էջ 21-22, պարբերութիւն 10-12։

Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 21

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Թելադրութիւններ ներկայացուցէք թէ ի՛նչպէս կրնանք փափկանկատութեամբ պատասխանել տօնական մաղթանքներու։ Եթէ ժողովքը Մեծագոյն Մարդը, կամ Մեծ Ուսուցիչը գրքերէն օրինակներ ունի, ցոյց տուէք թէ անոնք ի՛նչպէս կրնան ծառայութեան մէջ օգտակար կերպով գործածուիլ, Ծնունդի տօնի ընթացքին։

15 վյրկ. «2000–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց»։ Դասախօսութիւն Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչին կողմէ։ Նոր տարուան յայտագրին մէջ եղած հետեւեալ փոփոխութիւնները վերաքաղ ըրէք։ Թիւ 3 Դասախօսութիւնը հիմնուած պիտի ըլլայ՝ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկին վրայ. Թիւ 4 Դասախօսութիւնը հիմնուած պիտի ըլլայ՝ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկին, կամ՝ Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ գրքին վրայ։ Երբ այս նշանակումին կողքին (#) նշանը դրուած ըլլայ, նախընտրելի է որ եղբայր մը զայն ներկայացնէ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան հետ քայլ պահեն եւ դպրոցին մէջ իրենց նշանակումները ջանադրութեամբ ընեն։

20 վյրկ. «Ի՞նչ Պիտի Ըսէիք Անաստուածի մը»։ Հարց պատասխանով։ Վերաքաղ ըրէք զանազան պատճառներ թէ շատեր ինչո՛ւ Աստուծոյ վրայ իրենց հաւատքը կորսնցուցած են։ Անոնց մօտենալու կարգ մը կերպեր թելադրեցէք, անոնց օգնելով որ Աստուծոյ գոյութիւնը ընդունելուն տրամաբանական ըլլալը տեսնեն։ Մէկ կամ երկու հակիրճ ցուցադրութիւններ ներկայացուցէք։ Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 145-151, եւ Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը, 14–րդ գլուխը։

Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 33

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներ թող պատմեն հակիրճ եւ յարմար փորձառութիւններ, զորս վերջերս վայելած են դաշտի ծառայութեան մէջ։

15 վյրկ. Խօսակցութիւնը Ընդհատող Հաւանական Առարկութիւններուն Ի՛նչպէս Պատասխանել։ Ներկաներուն հետ խօսակցութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Կարդացէք Պատճառաբանել գրքին 15-16–րդ էջին վրայ եղող «Ծանօթագրութիւն»ը։ Երկու կամ երեք «խօսակցութիւն ընդհատող առարկութիւններ» ընտրեցէք, էջ 16-20, կամ ձեր թաղամասին մէջ յաճախակի գործածուած ուրիշ առարկութիւններ գործածեցէք։ Վերաքաղ ըրէք թելադրուած կարգ մը պատասխանները, եւ վերլուծեցէք թէ անոնք ինչո՛ւ ազդու կրնան ըլլալ ձեր թաղամասին մէջ։ Անոնցմէ ոմանք հակիրճօրէն ցուցադրեցէք։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ խօսին իրենց գործածած արդիւնաւոր պատասխաններուն մասին։

20 վյրկ. Կրօնական Կազմակերպութեան Հետ Կապ Ունեցող Գործ մը Պէտք Է՞ Ընդունիմ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Ապրիլ 1999–ի վրայ, էջ 26-30։ Ոմանք ընդունած են այսպիսի գործեր եւ հետագային անդրադարձած են թէ իրենց ըրածը Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ չէր։ Վերաքաղ ըրէք այն հարցումները զորս նկատի պէտք է առնենք, երբ կրօնական որոշ կապեր ունեցող աշխարհային գործ մը ընելու շուրջ որոշումներ կու տանք։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Եհովայի առջեւ լաւ կեցուածք ապահովող ընթացք մը հետապնդեն։— Բ. Կորն. 6։3, 4, 14-18

Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 127

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Եթէ ձեր ժողովքը նոր տարուան համար ժողովի ժամերը պիտի փոխէ, ազնիւ քաջալերութիւն տուէք, բոլորէն խնդրելով որ շարունակեն ժողովներուն կանոնաւորաբար գալ, նոր ժամերուն համաձայն։ Աստուածաշունչի աշակերտները եւ հետաքրքրուած անհատները որեւէ փոփոխութեան մասին տեղեակ պահեցէք եւ սկսեցէք նոր յայտագիրը ցոյց տուող յայտաթերթիկները գործածել։ Վերյիշեցուցէք որ բոլորն ալ իրենց Դեկտեմբերի դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը տան։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. Յունուարի Ընթացքին Հին Գրքեր Ներկայացնենք։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Ցոյց տուէք երկու կամ երեք 192–էջնոց հին գրքեր, որոնք 1986–էն առաջ հրատարակուած են եւ ժողովքը ունի։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ դաշտի ծառայութեան համար քանի մը օրինակ առնեն։ (Եթէ այդ գրքերէն չունիք, Յունուարին ներկայացնելիք ուրիշ գրականութեան մը մասին խօսեցէք)։ Բացատրեցէք թէ այս հին գրականութիւնները ինչու տակաւին ազդու են Աստուածաշունչին հանդէպ հետաքրքրութիւն մշակելու համար։ Իւրաքանչիւր գրքին մէջ, աչքառու դարձուցէք խօսակցական կէտեր եւ պատկերներ, որոնք կրնան օգտակար կերպով գործածուիլ խօսակցութիւններ սկսելու համար։ Մէկ կամ երկու ներկայացումներ ցուցադրեցէք։ Հոն ուր հետաքրքրութիւն կը գտնէք, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կրնաք գործածել, ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։

Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 3–ով Սկսող Շաբաթ

ՆՇՄԱՐ. Ժողովքներ Յունուար 3–ով սկսող իրենց Ծառայութեան Ժողովը որոշուած օրէն առաջ պէտք չէ ընեն, բացի եթէ անիկա շրջանային տեսուչին այցելութեան կը զուգադիպի։

Երգեցողութիւն թիւ 10

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

17 վյրկ. Գիտցէք Ամէն Մէկուն Ի՛նչպէս Պատասխան Տալ։ (Կող. 4։6) Դասախօսութիւն եւ ներկաներու հետ խօսակցութիւն։ Ուրիշներու հետ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը բաժնելու համար ճամբան հարթող հոյակապ օգնութիւն մըն է Պատճառաբանել գիրքը։ Եթէ տանտէր մը մեր հաւատալիքներուն մասին առարկութիւն մը ընէ, թերեւս այդ հաւատալիքը նկատի առնող հատուածին վերջաւորութեան՝ «Եթէ Անհատ մը Ըսէ» հատուածը կրնանք գործածել։ Նկատի առէք էջ 64-68–ին վրայ նշուած Աստուածաշունչի մասին եղած նշմարները եւ խօսեցէք թէ թելադրուած պատասխանները ինչո՛ւ կրնան ազդու ըլլալ։

20 վյրկ. «‘Աստուծոյ Խօսքը Կատարողներ’ Բնաբանով Եհովայի Վկաներու 2000–ի Նահանգային Համաժողով»։ Քարտուղարը հարց պատասխանով յաւելուածականը նկատի կ’առնէ։ Նախ, կարդացէք համաժողովի նշանակումի առնչութեամբ 15 Դեկտեմբեր 1999 թուակիր նամակը։ Յիշուած համարները գործածեցէք, ցոյց տալու համար թէ ինչո՛ւ բոլորս ալ պէտք է Ընկերութեան ուղղութիւններուն սերտօրէն հետեւինք։ Ընդգծեցէք թէ կարեւոր է որ ամէն ոք նախապէս իր արձակուրդին թուականը որոշէ, որպէսզի համաժողովի բոլոր օրերուն ներկայ գտնուի, ի ներառեալ Ուրբաթ օրը։ Եղբայրները գովեցէք Ընկերութեան կարգադրութիւններուն հետ իրենց համագործակցութեան համար։

Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել