Եհովայի Անունը Ճանչցնենք Բոլոր Երկրին Մէջ
1 Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն յանձնարարութիւն տուաւ որ իր վկաները ըլլան «մինչեւ երկրին ծայրերը», ան արդէն օրինակ մը ձգած էր անոնց։ (Գործք 1։8) Ան ե՛րբ որ եւ ո՛ւր որ մարդիկ գտնէր, անոնց կը խօսէր մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին։ Յիսուսի օրինակին հետեւելով, հաւատարիմ ծառայ դասակարգը Եհովայի անունը ‘բոլոր երկրի մէջ գիտցնելու համար’ շատ կերպեր կը գործածէ։—Եսայ. 12։4, 5
2 Նախորդ Տարիներուն Ի՛նչ Կատարուեցաւ. Նախորդ տարիներուն, թերթերուն մէջ քարոզներ հրատարակուեցան. «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամը» պատրաստուեցաւ ու միլիոնաւոր անհատներու ցուցադրուեցաւ. ձայնասփռող ինքնաշարժներ գործածուեցան. ֆոնոկրաֆը լայնօրէն գործածուեցաւ եւ ժամանակ մըն ալ՝ ձայնասփիւռը. այս բոլորը՝ բարի լուրը քարոզելու համար։ Անշո՛ւշտ, գլխաւոր շեշտը միշտ մարդոց հետ անձնապէս խօսելու վրայ դրուեցաւ, որպէսզի գտնուած հետաքրքրութիւնը մշակուի։ Հետեւաբար, տունէ տուն ծառայութիւնը փաստած է ազդու միջոց մը ըլլալ Եհովայի անունը ամէնուրեք գիտցնելու համար։—Գործք 5։42
3 Ի՛նչ կը Կատարուի Մեր Օրերուն. Փոխուող ժամանակներուն հետ աշխարհ խելացնոր կ’ընթանայ, եւ շատ մը վայրերու մէջ մարդիկ յաճախ տունը չեն գտնուիր։ Քիչեր հոգեւոր բաներ կարդալու եւ անոնց վրայ խոկալու համար ժամանակ տրամադրելու պատրաստ են։ Հետեւաբար, մեր ծառայութիւնը ըստ այնմ պէտք է յարմարցնենք։ Թաղամասը շարունակաբար տունէ տուն աշխատելէ զատ, մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ երթանք հո՛ն՝ ուր մարդիկ կան եւ ‘միշտ պատրա՛ստ ըլլանք’ մեր ունեցած յոյսին մասին պատասխան տալու։ (Ա. Պետ. 3։15) Ասիկա կը նշանակէ որ պէտք է ջանանք քարոզել գործակիցներու, դասընկերներու, փողոցը ու հանրային պարտէզի կամ կառատունի մէջ գտնուող մարդոց, վաճառատունէ վաճառատուն, եւ այլ տեղեր ուր մարդիկ կը գտնուին։ Եհովան որպէս նեցուկ ունենալով, մեր ջանքերը մեծ յաջողութեամբ պիտի պսակուին։ Ամէնուրեք մարդոց հասնելու համար ձեր մասնակցութիւնը կը բերէ՞ք։
4 Եհովայի անունը մեր թաղամասին մէջ ճանչցնելու համար, անհատապէս բոլոր հնարաւոր միջոցները փորձենք։ Մեր ծառայութիւնը լիովին կատարելու մէջ կրնանք մեծ գոհունակութիւն գտնել, մինչ Եհովայի կը նայինք որ արդարամիտ անհատները իրեն քաշէ։—Յովհ. 6։44