Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Փետրուարին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի։ Ապրիլին ու Մայիսին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Հետաքրքրուած անհատներու համար Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ձեր քով ունեցէք, եւ ջանացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ պէտք է ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներու գործունէութիւնը։ Եթէ ոեւէ մէկը ժամերու պահանջին գոհացում տալու դժուարութիւն կ’ունենայ, երէցները պէտք է կարգադրեն որ աջակցութիւն տրուի անոր։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք Ընկերութեան 1 Հոկտեմբեր թուակիր տարեկան նամակները (S-201)։ Նաեւ նկատի առէք Օգոստոս 1986–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածականին 12-20–րդ պարբերութիւնները։
◼ Շաբաթ՝ 13 Մայիս 2000–ին, Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի Ընկերութեան համալիրները փակ պիտի ըլլան գարնանային մաքրութեան պատճառով։ Այդ օրը շրջապտոյտի համար կարգադրութիւններ պիտի չըլլան, նաեւ, ժողովքները չեն կրնար գրականութիւններ առնել։
◼ Քարտուղարը հոգ պիտի տանի որ Շրջանային Շինարարութեան Յանձնախումբը տեղեակ ըլլայ Թագաւորութեան Սրահի Կամաւորներու Հարցարանի պատճեններ (S-82) ներկայացուցած, մկրտուած բոլոր հրատարակիչներուն կեցուածքին մասին։ Երբ կամաւորի մը վիճակը փոփոխութեանց ենթարկուի, ինչպէս՝ երբ փոխադրուի, կամ օգնական ծառայ կամ երէց նշանակուի, շուտով նոր պատճեններ պէտք է լեցուին եւ ղրկուին։ Եթէ կամաւորի մը հասցէն կամ հեռաձայնի թիւը փոխուի, կամ եթէ ան այլեւս ժողովքին մէջ օրինակելի չըլլայ, երէցները անմիջապէս նամակով մը շրջանային յանձնախումբը տեղեակ պէտք է պահեն։
◼ Միացեալ Նահանգներու զինուորագրութեան կանոնները կը պահանջեն որ 18 տարեկան եղող բոլոր տղամարդիկը նամակատուն երթան ու գրանցուին։ Խնդրոյ առարկայ անհատները պէտք է արագօրէն հոգ տանին այս հարցին, զայն նկատելով որպէս Քրիստոնեայի մը պարտաւորութիւնը վերին իշխանութիւններուն հանդէպ։ Երէցները պէ՛տք է այս մասին մտածեն եւ վերյիշեցնեն երիտասարդ եղբայրներուն, որոնք 18 տարեկան պիտի ըլլան։ Այս առնչութեամբ երիտասարդ Քրիստոնեային պատասխանատուութիւններուն շուրջ յարուցուած հարցումներուն՝ երէցները կրնան պատասխանել։
◼ Երբեմն Ընկերութիւնը անհատի մը դրամատոմսով վճարում մը կ’ընէ, բայց զայն ստացող անհատը կ’որոշէ զայն չգանձել, խորհելով թէ ասիկա համաշխարհային գործին համար եղած նուիրատուութիւն մը պիտի համարուի։ Հաճեցէք նկատի առնել թէ ժամանակ մը ետք, այսպիսի դրամատոմսեր անտէր ստացուածք կը նկատուին եւ Պետութեան կը յանձնուին։ Եթէ անհատ մը ուզէ դրամատոմսին ներկայացուցած գումարը նուիրել, ան դրամատոմսը Ընկերութեան պէտք է վերադարձնէ, երկտողով մը նշելով որ զայն նուիրատուութիւն նկատեն։
◼ 17 Ապրիլ 2000–էն սկսեալ, Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան խորագրով գիրքը պիտի ուսումնասիրենք։