Ուշադրութիւն Ընծայեցէք թէ Ի՛նչպէս Մտիկ կ’Ընէք
Մօտէն ուշադրութիւն ընծայելը կենսական է երբ ժողովքային հանդիպումներու եւ համաժողովներու կը յաճախենք։ (Ղուկ. 8։18) Մտիկ ընելու ձեր կարողութիւնը ի՞նչպէս կրնաք բարելաւել։
◼ Ժողովներէն առաջ ծանր կերակուր ուտելէ խուսափեցէ՛ք։
◼ Թոյլ մի՛ տաք որ ձեր միտքը թափառի։
◼ Գլխաւոր կէտերուն մասին հակիրճ նոթեր առէք։
◼ Կարդացուած համարները բացէք։
◼ Երբ պատեհութիւնը ներկայանայ՝ մասնակցեցէ՛ք։
◼ Ներկայացուած նիւթին մասին խոկացէք։
◼ Ձեր լսած բաները գործածելու կերպերուն մասին խորհեցէք։
◼ Ետքը, ձեր սորված բաներուն մասին խօսեցէք։
Տեսէք՝ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Ուղեգիրք–ին 5–րդ դասը։