Հարցումի Տուփ
◼ Պատշա՞ճ է ծափահարել երբ վերընդունուելու ծանուցում մը կ’ըլլայ։
Իր ողորմածութեամբ, Եհովա Աստուած սուրբ գրային կերպ մը հայթայթած է, որպէսզի զղջացող մեղաւորները իր հաճութիւնը վերաշահին եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ վերընդունուին։ (Սաղմ. 51։12, 17) Երբ ասիկա տեղի ունենայ, մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ այսպիսի անկեղծ զղջացողներուն հանդէպ մեր սէրը հաստատենք։—Բ. Կորն. 2։6-8
Այսուհանդերձ, ազգականի մը կամ ծանօթի մը վերընդունուիլը որքան ալ ուրախութիւն պատճառէ, որոշ լրջութիւն մը պէտք է տիրէ երբ անհատին վերընդունուիլը կը ծանուցուի ժողովքին մէջ։ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1998 էջ 27–ն հարցը հետեւեալ կերպով բացատրեց. «Սակայն, պէտք է յիշենք որ ժողովքին մեծամասնութիւնը տեղեակ չէ որ ի՛նչ պարագաներ անհատի մը վտարումին եւ կամ վերընդունուելուն առաջնորդեցին։ Ասկէ զատ, թերեւս կան անհատներ որոնք զղջացողին գործած յանցանքէն անհատապէս ազդուած կամ վիրաւորուած են՝ թերեւս նոյնիսկ երկար ժամանակ։ Այսպիսի նիւթերու հանդէպ զգայուն ըլլալով, երբ վերընդունուելու ծանուցում մը ըլլայ, հասկնալի է որ բարի գալուստ մաղթելու ձեր արտայայտութիւնը զսպէք, մինչեւ որ կարենաք անհատապէս զայն ընել»։
Թէեւ շատ ուրախ կ’ըլլանք երբ անհատի մը ճշմարտութեան վերադառնալը կը տեսնենք, սակայն, անոր վերընդունուելուն ատեն ծափահարելը պատշաճ պիտի չըլլայ։