Զօրաւոր Համոզումով Քարոզենք Բարի Լուրը
1 Առաջին դարուն սկիզբները, Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն յանձնարարեց որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեն եւ ‘բոլոր ազգերը աշակերտեն’։ (Մատթ. 24։14. 28։19, 20) Եհովայի Վկաները այս պատուէրը լուրջի առած են եւ ասոր որպէս արդիւնք 20–րդ դարու վերջաւորութեան, մեր Քրիստոնեայ եղբայրակցութիւնը ուռճացաւ, անոր թիւը հասնելով աւելի քան 5,900,000 աշակերտներու, 234 երկիրներու մէջ։ Փառաբանութեան ի՜նչ բարձր աղաղակ մը կը մատուցուի մեր երկնաւոր Հօր։
2 Այժմ 21–րդ դարը մտանք։ Մեր Հակառակորդը խորամանկօրէն կը փորձէ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու մեր գլխաւոր գործին արգելք հանդիսանալ։ Ան այս դրութիւնը գործածելով ճնշումներ կը բանեցնէ, ջանալով մեր ուշադրութիւնը շեղել, մեր ժամանակը վատնել եւ մեր ոյժը սպառել, անհրաժեշտ չեղող բազմաթիւ հոգերով եւ հետաքրքրութիւններով։ Փոխանակ թոյլ տալու որ այս դրութիւնը մեզի թելադրէ թէ ի՛նչ է կեանքի մէջ կարեւոր բանը, մենք Աստուծոյ Խօսքէն փաստենք թէ կարեւորագոյն բանը Եհովայի կամքը ընելն է։ (Հռովմ. 12։2) Ասիկա կը նշանակէ ‘խօսքը նպաստաւոր ու աննպաստ ժամանակին քարոզելու եւ ծառայութիւնը լիովին կատարելու’ սուրբ գրային յորդորին հնազանդիլ։—Բ. Տիմ. 4։2, 5, ՆԱ
3 Հաստատ Համոզում Մշակենք. Քրիստոնեաներ պէտք է ‘լման կենան ու հաստատօրէն համոզուած Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ’։ (Կող. 4։12, ՆԱ) «Համոզում» բառը սահմանուած է որպէս «ամուր՝ հաստատ տեսակէտ կամ հաւատք. համոզուած ըլլալու վիճակ»։ Որպէս Քրիստոնեաներ համոզուած պէտք է ըլլանք թէ Աստուծոյ մարգարէական խօսքը վստահելի է եւ թէ հիմա վերջին ժամանակին մէջ շատ յառաջացած ենք։ Պօղոս առաքեալի նման զօրաւոր հաւատք պէտք է ունենանք, որ ըսաւ թէ բարի լուրը ‘Աստուծոյ զօրութիւնն է՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար’։—Հռովմ. 1։16
4 Բանսարկուն չար ու խաբեբայ մարդիկ կը գործածէ, որոնք արդէն մոլորած են, ուրիշներու ազդելու եւ զանոնք մոլորեցնելու համար։ (Բ. Տիմ. 3։13) Ասոր մասին կանխազգուշացուած ըլլալով, քայլեր կ’առնենք զօրացնելու համար մեր համոզումը թէ ճշմարտութիւնը ունինք։ Փոխանակ թոյլ տալու որ կեանքի մտահոգութիւնները մեր եռանդը մարեն, կը շարունակենք Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել։ (Մատթ. 6։33, 34) Ոչ ալ կ’ուզենք մեր ժամանակներուն ստիպողականութիւնը անտեսել, թերեւս խորհելով թէ այս դրութեան վախճանը տակաւին ուշ է։ Անիկա երթալով աւելի՛ կը մօտենայ։ (Ա. Պետ. 4։7) Թէեւ կրնանք խորհիլ թէ կարգ մը երկիրներու մէջ բարի լուրը տարածելը շատ քիչ ազդեցութիւն ունի, նկատի առնելով արդէն տրուած վկայութիւնը, այսուհանդերձ, ազդարարութեան գործը պէտք է շարունակուի։—Եզեկ. 33։7-9
5 Այս յառաջացած ժամանակին մէջ կարգ մը կարեւոր հարցումներ կրնանք հարցնել. ‘Յիսուսի տուած աշակերտելու յանձնարարութիւնը լուրջի կ’առնե՞մ։ Երբ բարի լուրը կը քարոզեմ, Թագաւորութիւնը իրական ըլլալուն շուրջ զօրաւոր համոզում կը ցուցաբերե՞մ։ Վճռա՞ծ եմ կարելի եղածին չափ շատ բաժին բերել այս կեանք փրկող ծառայութեան մէջ’։ Վերջին ժամանակին մէջ շատ յառաջացած ըլլալու իրողութեան ի տես, պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք մեր անձին եւ քարոզելու եւ աշակերտելու մեր յանձնարարութեան։ Ասիկա ընելով մենք մեզ պիտի ապրեցնենք ու զանոնք ալ, որոնք մեզի մտիկ կ’ընեն։ (Ա. Տիմ. 4։16) Ի՞նչպէս կրնանք բոլորս ալ որպէս քարոզիչներ մեր համոզումը զօրացնել։
6 Թեսաղոնիկեցիները Ընդօրինակենք. Պօղոս առաքեալ, Թեսաղոնիկէի եղբայրներուն ծանր աշխատանքը վերյիշելով, անոնց ըսաւ. «Մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ [«զօրաւոր համոզումով», ՆԱ], ինչպէս գիտէք ալ թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ ձեզի համար։ Դուք ալ՝ մեզի ու Տէրոջը նմանելով ընդունեցիք խօսքը շատ նեղութեան մէջ Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնովը»։ (Ա. Թես. 1։5, 6) Այո՛, Պօղոս Թեսաղոնիկէի ժողովքը գովեց, քանի որ հակառակ շատ նեղութեան անոնք եռանդով ու զօրաւոր համոզումով քարոզեցին։ Ի՞նչ բան կարելի դարձուց որ ասիկա ընեն։ Գլխաւորաբար Պօղոս առաքեալի ու իր գործակիցներուն մէջ իրենց տեսած եռանդն ու համոզումը դրական ազդեցութիւն ունեցան իրենց վրայ։ Ի՞նչպէս։
7 Պօղոսի եւ իր ուղեկիցներուն կեանքը ինքնին կը վկայէր, որ Աստուծոյ սուրբ հոգին անոնց վրայ էր եւ թէ անոնք ամբողջ սրտով կը հաւատային իրենց քարոզած բաներուն։ Թեսաղոնիկէ գալէն առաջ, Պօղոս ու Շիղա լիրբ վերաբերմունքի հանդիպեցան Փիլիպպէի մէջ։ Առանց դատավարութեան, անոնք ծեծուեցան ու բանտ նետուեցան, եւ իրենց ոտքերը կոճղի մէջ դրուեցան։ Այս փորձութիւնը, բարի լուրի հանդէպ իրենց եռանդը չմարեց։ Աստուածային միջամտութիւնը անոնց ազատ արձակուելուն նպաստեց, բանտապահը ու անոր ընտանիքը դարձի բերաւ, եւ ճամբան հարթեց որ այս եղբայրները իրենց ծառայութիւնը շարունակեն։—Գործք 16։19-34
8 Աստուծոյ հոգիին զօրութեամբ Պօղոս Թեսաղոնիկէ եկաւ։ Հոն իր անձնական կարիքներուն հոգ տանելու համար աշխատեցաւ, ապա, ճշմարտութիւնը Թեսաղոնիկեցիներուն սորվեցնելու նուիրեց ինքզինք։ Ան ամէն առիթով բարի լուրը ծանուցանելէն ետ չկեցաւ։ (Ա. Թես. 2։9) Զօրաւոր համոզումով Պօղոսի քարոզչութիւնը տեղացի բնակիչներուն վրայ ա՛յնքան զօրաւոր ազդեցութիւն ունեցաւ, որ անոնցմէ ոմանք իրենց նախկին կռապաշտական պաշտամունքը լքելով, ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի ծառաները դարձան։—Ա. Թես. 1։8-10
9 Հալածանքը արգելք չհանդիսացաւ որ նորահաւատները բարի լուրը քարոզեն։ Իրենց նորագիւտ հաւատքէն խրախուսուած, եւ լիովին համոզուած թէ յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի ստանան, Թեսաղոնիկեցիները մղուեցան իրենց խանդավառութեամբ ողջունած ճշմարտութիւնը ծանուցանել։ Այդ ժողովքը ա՛յնքան գործունեայ դարձաւ որ անոնց հաւատքին ու եռանդին լուրը Մակեդոնիոյ միւս մասերը, նոյնիսկ մինչեւ Աքայիա հասաւ։ Ուստի երբ Պօղոս իր առաջին նամակը գրեց Թեսաղոնիկեցիներուն, անոնց բարի գործերը արդէն իսկ հանրածանօթ դարձած էին։ (Ա. Թես. 1։7) Ի՜նչ ուշագրաւ օրինակ մը։
10 Աստուծոյ ու Մարդոց Հանդէպ Սէրէ Մղուած. Ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք Թեսաղոնիկեցիներուն նման անձնական զօրաւոր համոզում պահպանել երբ բարի լուրը կը քարոզենք։ Անոնց մասին Պօղոս գրեց. ‘Անդադար կը յիշենք ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը’։ (Ա. Թես. 1։3) Բացայայտ է թէ անոնք խոր ու սրտանց սէր ունէին Եհովա Աստուծոյ եւ իրենց քարոզած անհատներուն հանդէպ։ Այս նո՛յն սէրն էր որ մղեց Պօղոսը եւ իր ընկերակիցները, որ Թեսաղոնիկեցիներուն ‘ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը տան, հապա իրենց անձերն ալ’։—Ա. Թես. 2։8
11 Նոյնպէս, Եհովայի ու մեր ընկեր արարածին հանդէպ խոր սէրը, կը մղէ մեզ որ փափաքինք լիովին մասնակցիլ քարոզչութեան, զոր Աստուած մեզի տուած է որ կատարենք։ Այսպիսի սիրով մը, կ’ընդունինք թէ մեր անհատական ու աստուածատուր պատասխանատուութիւնն է բարի լուրը տարածել։ Մեզ «ճշմարիտ կեանք»ի առաջնորդելու համար, Եհովայի ըրած բոլոր բաներուն մասին դրականօրէն ու գնահատութեամբ խորհրդածելով, կը մղուինք մեր սրտանց հաւատացած հոյակապ ճշմարտութիւններուն մասին ուրիշներուն խօսելու։—Ա. Տիմ. 6։19
12 Մինչ զբաղած կը մնանք քարոզչութեան գործին մէջ, Եհովայի ու մարդոց հանդէպ մեր սէրը պէտք է շարունակէ աճիլ։ Եթէ ասիկա ըլլայ, պիտի մղուինք դռնէ դուռ ծառայութեան մէջ մեր մասնակցութիւնը աւելցնել եւ մեր առջեւ բացուած վկայելու միւս բոլոր ձեւերը հետապնդել։ Ազգականներու, դրացիներու եւ ծանօթներու անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւնները պիտի օգտագործենք։ Թէեւ մարդոց մեծամասնութիւնը կրնան մերժել մեր ներկայացուցած բարի լուրը, եւ ոմանք արգելք հանդիսանալ Թագաւորութեան ծանուցման, սակայն մենք ներքին ուրախութիւն կ’ունենանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտենք թէ մեր լաւագոյնը ըրինք՝ Թագաւորութեան մասին վկայելով եւ մարդոց օգնելով որ փրկութիւն ձեռք ձգեն։ Իսկ Եհովա ուղղամիտ անհատներ գտնելու մեր ջանքերը պիտի օրհնէ։ Նոյնիսկ երբ կեանքի ճնշումները մեզ խեղդեն եւ Սատանան փորձէ մեր ուրախութիւնը խլել, մենք կրնանք մեր զօրաւոր համոզումը եւ ուրիշներու վկայելու մեր եռանդը պահպանել։ Երբ բոլորս մեզի ինկած բաժինը ընենք, ասիկա Թեսաղոնիկէի ժողովքին նման զօրաւոր ու նախանձախնդիր ժողովքներ մէջտեղ պիտի բերէ։
13 Փորձութեան Ներքեւ Բնաւ Տեղի Մի՛ Տաք. Համոզումի կարիքը ունինք նաեւ երբ զանազան փորձութիւններ կը դիմագրաւենք։ (Ա. Պետ. 1։6, 7) Յիսուս իր աշակերտներուն բացայայտ ըրաւ որ եթէ իրեն հետեւէին, ‘բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլային’։ (Մատթ. 24։9) Պօղոս ու Շիղա ասոր փորձառութիւնը ունեցան Փիլիպպէի մէջ։ Գործք Առաքելոցի 16–րդ գլուխի արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Պօղոս ու Շիղա ներսի բանտը նետուեցան եւ կոճղի մէջ դրուեցան։ Ընդհանրապէս, գլխաւոր բանտը տեսակ մը գաւիթ կամ նախասրահ մըն էր, որուն կողմերը շարք մը խուցեր կային, որոնք լուսաւոր եւ օդասուն ըլլալու առաւելութիւնը ունէին։ Սակայն, ներսի բանտը ո՛չ լուսաւոր էր, ոչ ալ՝ օդասուն։ Պօղոս ու Շիղա ստիպուած էին այս թշուառ բանտի խաւարին, տաքութեան եւ հոտին տոկալու։ Ժամերով կոճղի մէջ արգելափակուած եւ իրենց կռնակը ձաղկումէն քերթուած ու արիւնաթաթախ ըլլալով, կրնա՞ք երեւակայել թէ անոնք ի՜նչ ցաւերու մէջ ըլլալու էին։
14 Ի հեճուկս այս փորձութիւններուն, Պօղոս ու Շիղա հաւատարիմ մնացին։ Անոնք սրտանց համոզում ցուցաբերեցին, որ զիրենք զօրացուց Եհովայի ծառայելու՝ հակառակ փորձութեան։ Անոնց համոզումը աչքառու դարձուած է 16–րդ գլուխի 25–րդ համարին մէջ, ուր կ’ըսէ թէ Պօղոս եւ Շիղա «աղօթք կ’ընէին եւ Աստուած կ’օրհնէին»։ Արդարեւ, թէեւ ներսի բանտն էին, բայց ա՛յնքան համոզուած էին որ Աստուծոյ հաճութիւնը ունէին, որ միւս բանտարկեալներուն կողմէ լսելի դառնալու աստիճան բարձրաձայն երգեցին։ Ներկայիս նոյնանման համոզում պէտք է ունենանք, երբ մեր հաւատքը փորձէ կ’անցնի։
15 Բանսարկուին մեր վրայ բերած փորձութիւնները բազմաթիւ են։ Ոմանց համար անիկա ընտանիքէն եկած հալածանքը կրնայ ըլլալ։ Մեր եղբայրներէն շատեր օրինական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Թերեւս հաւատուրացներու կողմէ հակառակութեան կ’ենթարկուին։ Կան տնտեսական բեռներ, նաեւ մեր ապրուստը ի՛նչպէս ճարելու մտահոգութիւնը։ Պատանիներ դպրոցին մէջ շրջապատի ճնշումի կ’ենթարկուին։ Ի՞նչպէս կրնանք այս փորձութիւնները յաջողութեամբ դիմագրաւել։ Համոզում ցուցաբերելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ։
16 Նախ եւ առաջ, պէտք է Եհովայի հետ անձնական սերտ յարաբերութիւն մը պահպանենք։ Երբ Պօղոս ու Շիղա ներսի բանտն էին, անոնք այդ ժամանակը չգործածեցին իրենց կացութեան համար գանգատելու կամ իրենք իրենց վրայ խղճալու համար։ Անմիջապէս աղօթքով Աստուծոյ դիմեցին եւ զինք երգերով օրհնեցին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրենց երկնաւոր Հօր հետ անձնական սերտ յարաբերութիւն ունէին։ Անոնք անդրադարձան որ արդարութեան համար կը տառապէին եւ թէ իրենց փրկութիւնը Եհովայէ կախեալ էր։—Սաղմ. 3։8
17 Ներկայիս, երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք մենք ալ Եհովայի պէտք է նայինք։ Պօղոս կը քաջալերէ մեզ որ որպէս Քրիստոնեաներ ‘մեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, մեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ’։ (Փիլ. 4։6, 7) Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա թոյլ պիտի չտայ որ փորձութիւններու մէջէն առանձին անցնինք։ (Եսայ. 41։10) Ան միշտ մեզի հետ է մինչեւ այն ատեն որ իրեն կը ծառայենք իսկական համոզումով։—Սաղմ. 46։7
18 Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնալը, համոզում ցուցաբերելու համար կենսական ուրիշ մէկ օգնութիւն մըն է։ (Ա. Կորն. 15։58) Պօղոս ու Շիղա բանտ նետուեցան քանի որ բարի լուրի քարոզչութեամբ զբաղած էին։ Անոնք իրենց փորձութիւններուն պատճառաւ քարոզելէ դադրեցա՞ն։ Ո՛չ, անոնք շարունակեցին քարոզել նոյնիսկ երբ բանտին մէջ էին. իսկ ազատ արձակուելէ ետք Թեսաղոնիկէ ճամբորդեցին ու Հրեաներուն ժողովարանը մտան ‘անոնց հետ գրքերէն խօսելու’ համար։ (Գործք 17։1-3) Երբ Եհովայի հանդէպ զօրաւոր համոզում կամ հաւատք ունինք եւ համոզուած ենք թէ ճշմարտութիւնը ունինք, ո՛չ մէկ բան «կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է»։—Հռովմ. 8։35-39
19 Զօրաւոր Համոզումի Ներկայ Օրինակներ. Մեր օրերուն բազմաթիւ անհատներու ուշագրաւ օրինակներ կան, որոնք Պօղոսի ու Շիղայի նման զօրաւոր համոզում ցուցաբերած են։ Օշուիթցի կեդրոնացման ճամբարէն վերապրող քոյր մը կը պատմէ հոն գտնուող եղբայրներուն ու քոյրերուն ցուցաբերած անխախտ հաւատքին ու համոզումին մասին։ Ան կ’ըսէ. «Հարցաքննութեան մը ընթացքին, զինուորական պաշտօնեայ մը բռունցքը սեղմած ինծի մօտեցաւ։ Ան բացագանչեց. ‘Ձեզի հետ ի՞նչպէս պիտի վարուինք։ Եթէ ձեզ ձերբակալենք, ձեր հոգը չէ։ Եթէ ձեզ բանտ նետենք, ձեր վերջին հոգն է։ Եթէ ձեզ կեդրոնացման ճամբարները ղրկենք, ասիկա ձեզ չի մտահոգեր։ Երբ ձեզ մահուան դատապարտենք, պարզապէս անվրդով կը կենաք։ Ի՞նչ պիտի ընենք ձեզի’»։ Մեր հաւատքը որքա՜ն կը կերտուի երբ տեսնենք մեր եղբայրներուն ունեցած հաւատքը այսպիսի բիրտ պայմաններու ներքեւ։ Անոնք յարատեւաբար Եհովայի դիմեցին որ իրենց օգնէր տոկալու։
20 Վստահաբար կը յիշենք մեր եղբայրներէն շատերուն համոզումը վերջին տարիներուն ի յայտ եկած ազգատոհմային ատելութեան դիմաց։ Նոյնիսկ երբ վտանգաւոր կացութիւններու մէջ գտնուին, պատասխանատու եղբայրներ իրենց կարելին կ’ընեն, իրենց եղբայրներն ու քոյրերը հոգեւորապէս կերակրելու համար։ Բոլորն ալ հաւատարմօրէն կը շարունակեն այն զօրաւոր համոզումով թէ ‘իրենց վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի’։—Եսայ. 54։17
21 Անհաւատ կողակիցներ ունեցող մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր ալ զօրաւոր հաւատք ու համբերութիւն կը ցուցաբերեն։ Կուատըլուբի մէջ, եղբայր մը զօրաւոր հակառակութեան հանդիպեցաւ իր անհաւատ կնոջ կողմէ։ Ժողովներու երթալու արգելք հանդիսանալու համար, ան իր ճաշերը չէր պատրաստեր, հագուստները չէր լուար, չէր արդուկեր ոչ ալ կը կարկտնէր։ Օրեր շարունակ, կինը իր հետ չէր խօսեր։ Սակայն, Եհովայի ծառայելու սրտանց համոզում ցուցաբերելով եւ օգնութեան համար աղօթքով անոր դիմելով, այս եղբայրը կրցաւ այս բոլորին տոկալ։ Ո՞րքան ժամանակ։ Մօտ 20 տարի, որմէ ետք կնոջ սրտի վիճակը աստիճանաբար սկսաւ փոխուիլ։ Ի վերջոյ, ան կրցաւ իրապէս ուրախանալ, քանի որ կինը Աստուծոյ Թագաւորութեան յոյսը ընդունեց։
22 Վերջապէս, պէտք չէ մոռնանք մեր պատանի եղբայրներուն ու քոյրերուն զօրաւոր համոզումը, որոնք ամէն օր դպրոց կը յաճախեն եւ շրջապատի ճնշումի եւ ուրիշ մարտահրաւէրներու կը հանդիպին։ Դպրոցին մէջ համակերպելու ճնշումին նկատմամբ, պատանուհի Վկայ մը ըսաւ. «Դպրոցին մէջ, ամէնքն ալ կը քաջալերեն քեզ որ քիչ մը ըմբոստ ըլլաս։ Աշակերտները աւելի կը յարգեն քեզ եթէ ըմբոստութեան սահմանին հասնիս»։ Մեր պատանիները շատ մեծ ճնշում կը դիմագրաւեն։ Անոնք իրենց մտքին ու սրտին մէջ հաստատ կերպով վճռած պէտք է ըլլան որ փորձութեան դէմ դնեն։
23 Մեր պատանիներէն շատեր կը յաջողին իրենց ուղղամտութիւնը պահել հակառակ փորձութիւններու։ Ահաւասիկ Ֆրանսայի մէջ բնակող պատանուհի քրոջ մը օրինակը։ Օր մը ճաշէն ետք, քանի մը տղաք փորձեցին ստիպել զինք որ զիրենք համբուրէ, բայց ան աղօթեց եւ զօրաւոր կերպով դիմադրեց, ուստի անոնք ձգելով զինք հեռացան։ Հետագային, անոնցմէ մէկը վերադարձաւ ու ըսաւ թէ հիացած էր իր քաջութեան վրայ։ Քոյրը կրցաւ Թագաւորութեան մասին լաւ վկայութիւն մը տալ անոր, բացատրելով այն բարձր չափանիշներուն մասին զորս Եհովա կը պահանջէ բոլոր անոնցմէ որոնք կ’ուզեն այդ Թագաւորութեան օրհնութիւններուն մէջ բաժին ունենալ։ Դպրոցական տարեշրջանին, ան նաեւ իր հաւատալիքները ամբողջ դասարանին բացատրեց։
24 Ի՜նչ թանկագին առանձնաշնորհում մըն է անոնց մէջ ըլլալ, զորս Եհովա հաճոյքով կը գործածէ, որպէսզի իր կամքին մասին զօրաւոր համոզումով խօսին։ (Կող. 4։12) Ասկէ զատ, հոյակապ պատեհութիւն մը ունինք մեր ուղղամտութիւնը փաստելու, երբ մեր առիւծանման Հակառակորդին՝ Բանսարկու Սատանային կողմէ յարձակումի ենթարկուինք։ (Ա. Պետ. 5։8, 9) Երբեք մի՛ մոռնաք որ Եհովա Թագաւորութեան պատգամը կը գործածէ փրկելու համար թէ՛ մեզ՝ զայն քարոզողներս՝ եւ թէ մեզի մտիկ ընողները։ Թող որ մեր տուած որոշումները եւ մեր առօրեայ կեանքը փաստեն թէ մենք Թագաւորութիւնը առաջին տեղը կը դնենք։ Թող որ շարունակենք բարի լուրը քարոզել զօրաւո՛ր համոզումով։