Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Փետրուար 14–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 113
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Խօսքը Շտապօրէն Քարոզենք»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, որմէ ետք նիւթը նկատի առէք հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք կէտեր առնուած Մեր Ծառայութիւնը գրքէն, էջ 170։ Կարգ մը գործնական թելադրութիւններ տուէք, թէ ի՛նչպէս կարելի է քարոզչութեան գործունէութիւնը աւելցնել ձմրան մնացեալ օրերուն։
20 վյրկ. «Ի՛նչպէս Մշակել Պատճառաբանելու Կարողութիւնը»։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Բացատրեցէք թէ պատճառաբանելու կարողութիւնը ինչո՛ւ շատ կարեւոր է ծառայութեան մէջ եւ զայն ի՛նչպէս կրնանք ձեռք ձգել։ Երկու ատակ հրատարակիչներ թող խօսակցին ծառայութեան ի՛նչպէս պատրաստուելու մասին, հետեւելով յօդուածին 3–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած քայլերուն, ապա թող ցուցադրեն իրենց ներկայացումը։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 21–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. «Տիրոջմով Ծանր Աշխատող Կիներ»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, ապա նիւթը նկատի առէք հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք կարգ մը կէտեր, առնուած՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1996–ի թիւէն, էջ 26, պարբերութիւններ 18-19։ Ջերմօրէն գովեցէք քոյրերը իրենց յօժարակամ աջակցութեան, ուրիշներուն ի նպաստ իրենց ըրած օգտակար ծառայութիւններուն, եւ իրենց նախանձախնդիր քարոզչութեան համար։
20 վյրկ. «Ի՛նչ Բան Կրնայ Օգնել որ Հաւատքի Մէջ Հաստատ Մնանք»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Դժուար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք, եւ բոլորս ալ կերպով մը օգնութեան կարիքը ունինք։ Վերաքաղ ըրէք թէ երէցներն ու օգնական ծառաները ի՛նչ կրնան ընել յուսալքիչ խնդիրներով ծանրաբեռնուած անհատները զօրացնելու համար։ (Տես՝ «Հովուութիւնը որ կը Կերտէ» ենթագլուխը, Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1993, էջ 21-23, Անգլ.) Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս կրնանք զիրար քաջալերել, այնպիսի կերպերով, որոնք մեզ հոգեւորապէս պիտի հաստատեն։—Հռովմ. 1։11, 12
Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 28–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերյիշեցուցէք որ բոլորն ալ իրենց Փետրուարի դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը տան։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք, թերթիկներ գործածելով խօսակցութիւններ սկսելու «Չորս Դիւրին Քայլեր» ենթագլուխը, որ յիշուած էր անցեալ ամսուան Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 4–ի վրայ։ Ցուցադրեցէք թէ ի՛նչպէս Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը Մէջ թերթիկը կրնայ գործածուիլ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնելու համար։ Թերթիկին բացման պարբերութեան մէջի հարցումները հարցնելէ ետք, կարդացէք էջ 3–ի վրայ գտնուող առաջին պարբերութիւնը, ի ներառեալ Սաղմոս 37։29։ Եթէ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, բացէք Գիտութիւն գրքին 5–րդ էջը, կարդացէք շրջագիծը, ապա ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք։ Այս ամիս, բոլորս ալ մասնայատուկ ջանք պէտք է թափենք տան սուրբ գրային նոր ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։
5 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։
12 վյրկ. Շրջանային Շինարարական Յանձնախումբերու Աշխատանքը Գնահատենք։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած Օգոստոս 1995–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին վրայ։ Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի թաղամասին մէջ գործող Շրջանային Շինարարական 77 Յանձնախումբերը 2,289 Թագաւորութեան Սրահներ շինելու, նորոգելու, հոգ տանելու օգնեցին, որոնցմէ օգտուեցան 3,484 ժողովքներ։ Տակաւին ահագին աշխատանք կայ։ Նկատի առէք շրջանային յանձնախումբերու աշխատանքը եւ Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման հանդէպ խանդավառութիւն կերտեցէք։ Բացատրեցէք թէ որո՛նք որակելի կրնան ըլլալ որպէս կամաւորներ, եւ մղեցէք որ ուրիշներ ալ ասիկա ընեն։ (Տես՝ Նոյեմբեր 1992 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը, պարբերութիւն 18-20։) Հարցազրոյց ունեցէք Թագաւորութեան Սրահի մը շինարարութեան ծրագրին մասնակցողներէն ոմանց հետ, եւ պարփակեցէք իրենց ունեցած ուրախութեան արտայայտութիւնները։—Տես՝ Դիտարան 1 Յունիս 1999, էջ 27-28, պարբերութիւն 15-16։
18 վյրկ. «Զօրաւոր Համոզումով Քարոզենք Բարի Լուրը»։ Երկու կամ երեք վայրկեան տեւող սրտառուչ բացում մը ըրէք, հիմնուած՝ նիւթին, ինչպէս նաեւ առաջին եւ երկրորդ պարբերութիւններուն մէջ յիշուած ու մէջբերուած համարներուն վրայ։ Ապա հարց պատասխանով նկատի առէք 3-12–րդ պարբերութիւնները։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 6–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
10 վյրկ. «Ուշադրութիւն Ընծայեցէք թէ Ի՛նչպէս Մտիկ կ’Ընէք»։ Ընտանիքի գլուխ մը կը խօսակցի իր կնոջ ու զաւակներուն հետ թէ ի՛նչ կրնան ընել լիովին օգտուելու համար ժողովքային հանդիպումներէն եւ համաժողովներէն։ Ան կը խորհի թէ ընտանիքին բոլոր անդամներն ալ կրնան աւելի լաւ կեդրոնանալ։ Անոնք վերաքաղ կ’ընեն յիշուած թելադրութիւնները եւ նկատի կ’առնեն թէ ամէն մէկը ի՛նչպէս կրնայ գործադրել, ի ներառեալ իրենց սորված բաներուն մասին աւելի խօսակցութիւններ ունենալու կարիքը։ Անոնք նկատի կ’առնեն թէ ի՛նչպէս կրնան իրենց որոշումին համաձայն ապրիլ, որ է՝ որեւէ ժողովէ, կամ համաժողովի որեւէ նիստէ չբացակայիլ, եթէ կարելի է։
20 վյրկ. «Զօրաւոր Համոզումով Քարոզենք Բարի Լուրը»։ Անցեալ շաբաթ յաւելուածականին մէջ նկատի առնուած 12 պարբերութիւններուն մասին հակիրճ վերաքաղ մը ընելէ ետք, 13-24–րդ պարբերութիւնները հարց պատասխանով նկատի առէք։ Մէջբերուած եւ յիշուած համարները լաւ կերպով գործածեցէք։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։