Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ՝ 3 Յունուարէն մինչեւ 17 Ապրիլ 2000, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով ներկայացուած նիւթերու վրայ հիմնուած։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, անջատ թուղթի մը վրայ ձեր կրցած չափով հարցումներուն պատասխանեցէք։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղի ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն աւարտին տրուած տեղեկութիւնները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարան–ի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Երբեմն, Եհովայի օրհնութիւնները ստանալու համար պէտք է սպասենք, քանի որ Եհովա մեր պարագան գիտէ եւ մեր բոլոր կարիքները կը հայթայթէ այն ատեն՝ երբ անոնցմէ լաւագոյն օգուտը կրնանք քաղել։ (Սաղմ. 145։16. Յակ. 1։17) [w98 1/1 էջ 23 պարբ. 6]
2. Ուխտի տապանակին ներկայութիւնը ինքնին Իսրայելացիներուն յաջողութիւն չէր երաշխաւորեր։ Եհովայի օրհնութիւնները կախեալ էին տապանակը ունեցող անհատներուն հոգեւոր կեցուածքէն ու հաւատարիմ հնազանդութենէն։ (Յես., գլ. 7) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ it-1 էջ 167 պարբ. 2]
3. Ներկայիս, պարզապէս Եհովայի խօսքերը կարդալով հոգեւորապէս կը սնուցանուինք։ (Բ. Օր. 8։3) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/3/86 էջ 17 պարբ. 15, 17]
4. Բ. Օրինաց 23։20–ի մէջ, Մովսիսական Օրէնքին մէջ ընդգծուած սկզբունքը ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոնեայի մը կողմէ փոխ տրուած դրամին համար տոկոս առնելը անսիրալիր արարք մըն է։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ it-1 էջ 1212 պարբ. 5-6. it-2 էջ 259 պարբ. 12. Դիտ. 1/7/87 էջ 15 պարբ. 9]
5. Յեսուի եւ Քաղէբի լաւատես տեղեկագրութիւնը հիմնուած էր, Խոստացեալ Երկիրը նուաճելու համար որեւէ խոչընդոտ յաղթահարելու Իսրայելացիներու զօրութեան ու վճռակամութեան նկատմամբ անոնց ունեցած զօրաւոր համոզումին վրայ։ (Թուոց 13։30) [Դիտ. 1/5/98 էջ 5 պարբ. 4]
6. Ա. Տիմոթէոսի մէջ «պարգեւին» ակնարկելով, Պօղոս Տիմոթէոսին կը յիշեցնէր իր սուրբ հոգիով օծուիլը եւ իրեն սպասող երկնային վարձատրութիւնը։ (Ա. Տիմ. 4։14) [w98 2/15 էջ 25 պարբ. 1]
7. Թագաւորութեան Սերունդը մէջտեղ բերելու արձանագրութեան մէջ, Յեսուայ գիրքը որեւէ կենսական օղակ չի հայթայթեր։ [Բոլոր Գիրքը էջ 46 պարբ. 24]
8. Դատաւորաց գիրքը, Իսրայէլի վրայ իշխելու համար, ազգին կողմէ ընտրուած ու նշանակուած մարդոց արձանագրութիւնն է՝ թագաւորական շրջանէն առաջ։ [Բոլոր Գիրքը էջ 46 պարբ. 2]
9. Դատաւորաց 6։37-39–ի մէջ նկարագրուած Գեդէօնի խնդրանքը ցոյց կու տայ որ ան չափազանց զգոյշ եւ կասկածամիտ էր։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/6/88 էջ 31 պարբ. 2]
10. Իր աշակերտներուն ‘ճամբան մարդու բարեւ չտալու’ պատուէրը տալով, Յիսուս քարոզչութեան գործին ստիպողականութիւնը եւ այս ամենէն կարեւոր նշանակումին լիովին ուշադրութիւն դարձնելու կարիքը կը շեշտէր։ (Ղուկ. 10։4) [Դիտ. 1/6/98 էջ 30 պարբ. 5]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Եհովայի խօսքերը ծնողներու սրտին վրայ ըլլան։ (Բ. Օր. 6։5, 6) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w98 6/1 էջ 20 պարբ. 4]
12. Ընտանիքի մը գլուխը ի՞նչպէս կրնայ Բ. Օրինաց 11։18, 19–ին խրատը կիրարկել։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Ընտանիք էջ 70 պարբ. 14]
13. Սուրբ գրային ի՞նչ փաստ կայ որ Պօղոս Փիլիմոնի նամակ գրելէն առաջ, փախստական ծառան՝ Ոնեսիմոս, որոշ ժամանակ Պօղոս առաքեալի հետ եղած ըլլալու էր։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w98 1/15 էջ 30 պարբ. 2]
14. Երբ անիրաւութիւններ տեսնենք կամ անհատապէս անոնցմէ տառապինք, ի՞նչ կրնանք ընել յուսահատ կամ յոռետես տեսակէտ մը չզարգացնելու համար։ [Դիտ. 1/5/98 էջ 6 պարբ. 2-3]
15. Յեսու եւ Գեդէօն Աստուծոյ օրէնքին հանդէպ ի՞նչ կերպով մեծ յարգանք ցուցաբերեցին։ (Բ. Օր. 20։8, 15-18) [Բոլոր Գիրքը էջ 41 պարբ. 32]
16. Յեսուայ 10։10-14–ի մէջ նկարագրուած դէպքերը ի՞նչ կերպով կը համեմատին Արմագեդոնին ակնկալուածին հետ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/1/87 էջ 23 պարբ. 12–էջ 24 պարբ. 14]
17. Պատուաբեր վարքի համար տրուած անկեղծ գովաբանութեան երեք օգուտները յիշեցէք։ (Համեմատել՝ Առակաց 15։23) [w98 2/1 էջ 31 պարբ. 5-6]
18. Յեսուայ 20։4–ի համաձայն, անհատ մը ի՞նչպէս այլաբանական ապաստանի քաղաքը կը փախչի։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/1/87 էջ 24 պարբ. 16]
19. Դատաւորաց 5։31–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ Կիսոն հեղեղատին մէջ Սիսարայի գերակշիռ զօրքերուն դէմ Բարակ Դատաւորին յաղթանակը, մեզի համար յատկանշական իմաստ մը ունի։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/5/86 էջ 28 պարբ. 4]
20. Դատաւորաց 7։21–ի մէջ արձանագրուած ‘ամէն մարդ իր տեղը կայներ էր’ արտայայտութեան ետին եղող սկզբունքին հանդէպ ի՞նչպէս կրնանք յարգանք ցուցաբերել։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w82 6/1 էջ 25 պարբ. 17]
Հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար, պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը հայթայթեցէք.
21. Եհովայի օրհնութիւնները աւելի լիովին վայելելու համար, պէտք է շարունակենք ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ եւ Եհովայի աղաչել որ օգնէ մեզի իր ներշնչուած Խօսքին մէջ եղած ուսուցումները ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐։ (Ա. Տիմ. 4։8, 9) [w98 1/1 էջ 24 պարբ. 6]
22. Շողոքորթութիւնը Եհովայի աչքին շատ անհաճելի է, քանի որ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ յառաջ կու գայ. անիկա ո՛չ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ է, ոչ ալ՝ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐, իսկ ամէն բանէ աւելի՝ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ է։ [w98 2/1 էջ 30 պարբ. 2-3]
23. Յեսու անունը կը նշանակէ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐, եւ անիկա ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մարգարէական տիպն էր։ [Բոլոր Գիրքը էջ 42 պարբ. 5]
24. Մատթէոս 7։24-27–ի մէջ Յիսուսի առակին համաձայն, իմաստուն ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ փոթորկանման ճնշումներուն դէմ կենան, անոնց ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ տալով, որպէսզի ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մնան։ [Դիտ. 1/2/98 էջ 9 պարբ. 1]
25. Դատաւորաց գրքի պատմական արձանագրութիւնը կը պարփակէ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մահուընէ մինչեւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ժամանակաշրջանը, ծածկելով շուրջ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ տարիներ։ [Բոլոր Գիրքը էջ 47 պարբ. 5]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն շիտակ պատասխանը ընտրեցէք.
26. Մահուան պարագային անհատի մը ստացուածքը ուրիշի մը փոխանցելու առնչութեամբ քայլեր առնելը (ժողովքային հարց. անձնական հարց. ճշմարիտ Քրիստոնեաներէն պահանջուած բան) մըն է։ (Գաղ. 6։5) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w98 1/15 էջ 19 պարբ. 6]
27. Պօղոս քաջալերեց Փիլիմոնը որ սիրով ընդունի (Օնամը. Ոնեսիփորոսը. Ոնեսիմոսը), սակայն իր առաքելական հեղինակութիւնը չգործածեց հրամայելով որ այդպէս ընէ կամ իր ծառան ազատ արձակէ։ (Փիլի. 21) [w98 1/15 էջ 31 պարբ. 1]
28. Յիսուսի կողմէ բժշկուած բորոտներու պատմութեան մէջ թելադրուած անոնց լուրջ թերացումը (անհաւատութիւնն. անհնազանդութիւնն. ապերախտութիւնն) էր։ (Ղուկ. 17։11-19) [Դիտ. 1/2/98 էջ 5 պարբ. 1]
29. Քանի որ Աստուած Ռախաբի ընթացքին հաճեցաւ, Իսրայելացի լրտեսները հալածող Երիքովի մարդոց տուած անոր պատասխանը ցոյց կու տայ թէ (ստելը անձնական որոշում մըն է. ստիպուած չենք իրաւասութիւն չունեցողներուն ճիշդ տեղեկութիւններ յայտնելու. ան տակաւին իր աշխարհային ճամբաները չէր փոխած)։ (Յես. 2։3-5. համեմատել՝ Հռովմայեցիս 14։4) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w93 12/15 էջ 25 պարբ. 1]
30. Ինչպէս որ արձանագրուած է Յովհաննու 13։5–ի մէջ, Յիսուսի տուած դասը (ազնուութեան. կարեկցութեան. խոնարհութեան) յատկութիւնը կ’ընդգծէ, որ զայն ունեցողները կը մղէ ուրիշներուն համար շատ համեստ ծառայութիւններ մատուցանելու։ [w98 3/15 էջ 7 պարբ. 6]
Հետեւեալ համարները վարը տրուած արտայայտութիւններուն հետ համեմատեցէք.
Բ. Օր. 7։3, 4. 17։7. 25։11, 12. 28։3. Երեմ. 15։20
31. Վերարտադրական անդամներուն հանդէպ Ստեղծիչին խոր յարգանքը, ընտանեկան ծրագրումի պատշաճ մեթոտ մը գործածելու նկատմամբ, Քրիստոնեայի մը տուած որոշումին պէտք է ազդէ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w99 6/15 էջ 28 պարբ. 1-4]
32. Կրնանք Եհովայի օգնութեան վստահիլ, մինչ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը կը կատարենք։ [Դիտ. 6/1/98 էջ 28 պարբ. 1]
33. Աստուածաշունչի ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայելով, կը խնայուինք այն ցաւալի հետեւանքներէն որոնք յաճախ կը յարուցուին երբ Քրիստոնեայ մը անհաւատի մը հետ կը լծակցի։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 2/1/90 էջ 28 պարբ. 11]
34. Աստուծոյ օրհնութիւնները վայելելը ո՛չ մեր բնակած կամ ծառայած վայրէն, եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր ունեցած նշանակումէն կախեալ է։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 9/1/96 էջ 20 պարբ. 15]
35. Ա. Կորնթացիս 5–րդ գլուխին մէջ վտարումի մասին իր տուած հրահանգներուն որպէս հեղինակութիւն, Պօղոս Եհովայի Օրէնքը կը մէջբերէ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Բոլոր Գիրքը էջ 213 պարբ. 24]