Հարցումի Տուփ
◼ Ո՞վ նահանգային համաժողովի լանջանշան մը պէտք է ստանայ։
Համաժողովի լանջանշանները կրնան շատ օգտակար ըլլալ մեր եղբայրները բնորոշելու եւ համաժողովը ծանուցանելու համար։ Սակայն, անոնք պէտք չէ անխտրաբար բաշխուին։ Զանոնք կրողները, կը բնորոշուին որպէս Եհովայի Վկաներու որոշ ժողովքի մը մէջ լաւ կեցուածք ունեցող անհատներ։
Լանջանշանը ունի պարապ տեղ մը ուր կը գրուի անհատին անունը եւ ժողովքին անունը։ Հետեւաբար, տրամաբանական տարողութեամբ մը անհատը յիշեալ ժողովքին հետ ընկերակցող մը պէտք է ըլլայ։ Ընկերութիւնը իւրաքանչիւր ժողովքին լանջանշաններու քանակ մը կը ղրկէ։ Պատշաճ պիտի ըլլայ որ իւրաքանչիւր մկրտուած եւ չմկրտուած հրատարակիչ, լանջանշան մը ստանայ։ Նաեւ՝ լանջանշան մը կրնան ստանալ երախաները եւ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուողները, որոնք դաշտի ծառայութեան մասնակցելու ուղղութեամբ կը յառաջդիմեն։ Յարմար պիտի չըլլար համաժողովի լանջանշան մը տալ վտարուած անհատի մը։
Երբ լանջանշանները ձեռնտու ըլլան, երէցները վստահ պէտք է ըլլան թէ անոնք կը բաշխուին այս ցուցմունքներուն համաձայն։