1998–ի «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» Բնաբանով Նահանգային եւ Միջազգային Համաժողովներ
1 Առակաց 10։29–ը կը յիշեցնէ մեզ թէ ‘Տէրոջը ճամբան զօրութիւն է’։ Այս տարուան նահանգային համաժողովը որքա՜ն պատշաճ բնաբան մը ունի՝ «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը»։ Այս բնաբանը ի՞նչպէս պիտի զարգացուի երեք օրուան յայտագրին ընթացքին։ Բոլորս ալ ակնկառոյց կը սպասենք մեզի համար պատրաստուած այս յայտագրին։ Հոն մասնայատուկ կէտեր պիտի ներկայացուին։
2 Հաւանաբար, ձեր համաժողովին մէջ միսիոնարներ, միջազգային ծառաներ կամ օտար նշանակումներու մէջ ծառայողներ ալ ներկայ գտնուին։ Կ’ակնկալուի որ ուրիշ երկիրներէ հազարաւոր պատուիրակներ ներկայ ըլլան, այն քաղաքներուն մէջ ուր միջազգային համաժողովներ տեղի պիտի ունենան։ Թերեւս այս այցելուներէն ոմանց հանդիպիք։ Համաժողովի յայտագիրը պիտի ընդգրկէ տեղեկագրութիւններ՝ թէ Եհովա կարգ մը թաղամասերու մէջ քարոզչութեան գործը ի՛նչպէս կ’օրհնէ։
3 Ներկայ Գտնուելու Համար Թափուած Ջանքը կ’ԱրժԷ. Ափրիկէի մէջ բնակող մեր եղբայրներէն շատեր դժուարութիւններ քաշեցին, այդ ցամաքամասին կարգ մը մասերուն մէջ տեղի ունեցող պատերազմներուն եւ խռովութեանց պատճառաւ։ Անոնք Եհովայի ժողովուրդին գումարած նահանգային համաժողովները կը նկատեն որպէս իրենց ազատարար չուանը։ Ոմանք համաժողովի մը ներկայ գտնուելու համար երկար ճամբորդութիւններ պէտք է ընեն, բայց եւ այնպէս, անոնց մտքէն իսկ չ’անցնիր բացակայ ըլլալ։ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ (նախապէս՝ Զայիր) բնակող 73 տարեկան եղբայր մը, շուրջ 450 քմ. քալեց որպէսզի նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուի։ Ան ճամբայ ելլելէն 16 օր վերջ հասաւ, ուռած ոտքերով՝ բայց ուրախ որ հոն էր։ Հոգեւորապէս զօրացած եւ շատ ուրախ տրամադրութեամբ, համաժողովէն ետք ան քալելով տուն վերադարձաւ։ Ան ասիկա տարիներէ ի վեր կ’ընէ։
4 Մոզամպիկի մէջ, նահանգային տեսուչ մը եւ իր կինը, բարձր լեռ մը մագլցեցան եւ քալելով անապատանման շրջան մը կտրեցին, որպէսզի շրջանային համաժողովի մը ներկայ գտնուին։ Անոնք այս 90 քիլոմեթրնոց ճամբորդութիւնը 45 ժամէն ըրին։ Այս զոյգին հոյակապ օրինակը մեծապէս քաջալերեց բոլոր ներկաները։ Ներկայ եղող ընտանիքներէն շատեր նոյնանման ջանքեր թափած էին։ Նահանգային տեսուչը տեղեկագրեց թէ եղբայրներէն ոմանք, մէջը ըլլալով 60 տարեկան եղբայր մը, 200 քմ. քալած էին։
5 Այս տարուան նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուելու համար հաստատ ծրագիրներ ըրա՞ծ էք։ Հաւանաբար երկար քիլոմեթրներ պիտի չքալէք, սակայն որոշ ջանք եւ զոհողութիւն պիտի պահանջուին, որպէսզի դուք ու ձեր ընտանիքը կարենաք ներկայ գտնուիլ։ Այնպէս մը կարգադրեցէք որ ամբողջ յայտագրին ներկայ գտնուիք, սկիզբէն մինչեւ վերջ։ Աստուածաշունչի աշակերտներէն շատեր դէպի նուիրում կը յառաջդիմեն, եւ նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուիլը պիտի օգնէ անոնց որ շիտակ որոշումը առնեն։ Աստուածաշունչի ձեր աշակերտները եւ հետաքրքրուած ուրիշ անհատներ հրաւիրա՞ծ էք որ ձեզի հետ ներկայ գտնուին։
6 Եռօրեայ Յայտագիր. Այս տարի Միացեալ Նահանգներու տարածքին 198 նահանգային համաժողովներ տեղի պիտի ունենան։ Համաժողովները, Անգլերէն լեզուէն զատ, հետեւեալ լեզուներով ալ պիտի ըլլան. Ամերիկեան Համրերու Լեզու, Թակալոկ, Իտալերէն, Ճափոներէն, Չինարէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։ Դիտարան 15 Փետրուար 1998–ի համարը (Անգլերէն), այս համաժողովներուն թուականները եւ վայրերը կու տայ։ Արդէն իսկ տեղեկացած պէտք է ըլլաք թէ ձեր ժողովքը ո՛ւր նշանակուած է։
7 Մասնայատուկ Նշմար. Յատկապէս կարեւոր է որ ձեր ժողովքին նշանակուած համաժողովին ներկայ գտնուիք։ Հաճեցէք չծրագրել ներկայ ըլլալ միջազգային համաժողովի մը, ուր ձեր ժողովքը նշանակուած չէ։ Միջազգային համաժողովի համար տրամադրուած վայրերը յարմարութիւն պիտի չունենան պարունակելու հոն ներկայ ըլլալ փափաքողներէն նոյնիսկ մաս մը։ Այս կարգադրութիւններուն հանդէպ ձեր յարգանքը եւ համագործակցութիւնը ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ ըլլալու պիտի նպաստեն։—Ա. Կորն. 14։33, 40
8 Երեք օրերուն ալ, յայտագիրը պիտի սկսի առաւօտուն ժամը 9։30–ին։ Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը, յայտագիրը պիտի վերջանայ յետմիջօրէի ժամը 5։00–ին, իսկ Կիրակի օրը՝ յետմիջօրէի ժամը 4։00–ին։ Ամէն օր դռները առաւօտուն ժամը 8։00–ին պիտի բացուին։ Մի՛միայն գործի նշանակումներ ունեցողները պիտի կարենան վայրը մտնել այդ ժամանակէն առաջ, սակայն մէկը չի կրնար ժամը 8։00–էն առաջ աթոռներ ապահովել։
9 Համաժողովի երթ ու դարձի ժամանակ, անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւններ պէտք է փնտռենք։ Վառելանիւթի կայաններու աշխատաւորներ, վաճառատուներու պաշտօնեաներ, մայրուղիի հարկահաւաքներ, պանդոկի անձնակազմի անդամներ եւ սպասեակներ թերեւս հետաքրքրուած ըլլան Թագաւորութեան պատգամով։ Ասոր համար պատրաստուեցէք, ձեր հետ ունենալով՝ թերթիկներ, ընթացիկ պարբերաթերթեր, գրքոյկներ կամ զանազան գրականութիւններ, որպէսզի կարենաք պատեհութիւնները օգտագործել, վկայելով անոնց՝ որոնց այլ կերպով չենք կրնար հասցնել բարի լուրը։—Բ. Տիմ. 3։17
10 «Նայեցէք թէ Ի՛նչպէս կը Լսէք». Համաժողովի պատուիրակները լաւ կ’ընեն եթէ ուշադրութիւն ընծայեն Ղուկաս 8։18–ի խրատին։ Բոլորս ալ քաջալերուած ենք մեր հետ բերել՝ Աստուածաշունչ, երգարան եւ նոթատետր մը։ Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք իւրաքանչիւր ներկայացումին գլխաւոր կէտերը եւ հակիրճ նոթեր առէք։ Դուք ձեզի հարց տուէք թէ տրուած նիւթը ի՛նչպէս կրնաք անձնապէս կիրարկել։ Համաժողովի իւրաքանչիւր գիշեր, նախքան որ քնանաք, ձեր նոթերը վերաքաղ ըրէք եւ վերլուծեցէք թէ Եհովայի ընդունելի ապրելակերպին ո՛րքան սերտօրէն կը հետեւիք։—Առ. 4։10-13
11 Նկատուած է թէ նիստերու ընթացքին, ոմանք լսարանը ձգելով դուրս կ’ելլեն եւ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ կը նստին, յայտագրէն մաս մը կորսնցնելով։ Տեսնուած է որ ուրիշներ նրբանցքներուն մէջ կը սլքտան, փոխանակ լսարանը նստելու եւ ունկնդրելու։ Նաեւ նկատուած է թէ պատանիներէ կազմուած խումբեր համաժողովի վայրը կը լքեն յետմիջօրէի կիսուն։ Եհովայի անցեալի ծառաներէն ոմանք իրենց կեանքի ընթացքին լուրջ մեղքեր գործեցին, քանի որ Եհովայի վերյիշեցումներուն ուշադրութեամբ մտիկ չըրին։ Վստահաբար պիտի ուզէինք նոյնանման սխալներ գործելէ խուսափիլ։ (Դ. Թագ. 17։13-15) «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեր բոլորին պէտք եղող հրահանգներ պատրաստած է։ Մասնաւորաբար կարեւոր է որ երեք օրուան յայտագրին իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին ‘ըսուածներուն շատ աւելի ուշադիր ըլլանք’։ Իւրաքանչիւր օր յատկապէս մեզ հետաքրքրող բան մը պիտի ներկայացուի, մէջը ըլլալով տեղեկութիւններ, որոնք վստահաբար դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան ապագային մեր ապրելակերպին վրայ։ Գալիք համաժողովներուն, Եհովայի հայթայթած հոգեւոր սնունդէն լիովին օգտուելով եւ ուշի ուշով մտիկ ընելով, մեր յոյսը ամրօրէն պիտի հաստատուի, որպէսզի ‘չըլլայ’ որ Աստուծոյ ընդունելի ապրելակերպէն ‘հեռանանք’։—Մատթ. 24։45. Եբր. 2։1, ՆԱԹ։
12 Եհովան Պատուող Հագուելակերպ. Այս ճակատագրական ժամանակներուն, պէտք է սովորականէն աւելի ուշադրութիւն ընծայենք, որպէսզի այս աշխարհի հոգիէն չազդուինք։ (Ա. Կորն. 2։12) Մեր հագուածքն ու յարդարանքը պարկեշտ պէտք է ըլլան եւ մեր պաշտած Աստուծոյն արժանավայել պատիւը պէտք է արտացոլացնեն։ (Ա. Տիմ. 2։9, 10) «Մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդար»ողներուն մէջ ըլլալու համար, սուղնոց հագուստներու պէտք չունինք։ (Տիտ. 2։10) Նկատի առէք Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1997, էջ 23-24, 14-18–րդ պարբերութիւններուն մէջ յիշուած գործնական եւ սուրբ գրային հոյակապ խրատները։ Բնաւ թեթեւի մի՛ առնէք այն ազդեցիկ վկայութիւնը որ կրնաք տալ, երբ Եհովայի պատիւ բերող կերպով հագուիք։
13 16 տարեկան Վկայ պատանուհի մը պատմեց թէ երբ երեկոյ մը համաժողովէն վերջ ինք ու իր եղբայրը ճաշարան մը գացին, նկատեցին թէ հոն գտնուող եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք իրենց հագուստները փոխած ու անպատշաճ հագուած էին։ Այսուհանդերձ, ճաշարանի յաճախորդներէն շատեր նպաստաւոր կերպով հակազդեցին, երբ կոկիկ ու պատշաճ կերպով հագուած եւ իրենց լանջանշանները դրած Վկաներ տեսան։ Ասիկա ճամբայ բացաւ որ յաճախորդներէն ոմանց վկայութիւն տրուի։
14 Եհովան Փառաբանող Վարք. Գիտենք թէ մեր քրիստոնէական վարքը, ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ ուրիշներու տեսակէտին կ’ազդէ։ Հետեւաբար, կը փափաքինք որ ամէն ատեն բարի լուրին արժանավայել եղող եւ Եհովայի փառք բերող կերպով մը վարուինք։—Փիլ. 1։27
15 Անցեալ տարի, առաջին անգամ ըլլալով Անկոլայի հիւսիսը նահանգային համաժողով մը տեղի ունեցաւ։ Համաժողովի երկրորդ օրը, երկու ոստիկաններ ղրկուեցան հոն, որպէսզի կարգ ու կանոնը պահեն։ Անոնք ամբողջ օրը հոն կեցան եւ օրուան վերջաւորութեան իրենց հիացմունքը յայտնեցին իրենց լսած բաներուն եւ նկատած կարգապահ վարքին հանդէպ։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Մենք ինչո՞ւ հոս ղրկուեցանք։ Գիտենք որ Եհովայի Վկաները իրենց հաւաքոյթներուն կարգապահութիւնը կը պահեն»։
16 Ափրիկեան երկրի մը քաղաքական կուսակցութեան մէկ անդամը Եւրոպա փախաւ, երբ իր կուսակցութեան բոլոր անդամները սպաննուեցան։ Ան բազմաթիւ դժուարութիւններէ տառապելով շատ յուսահատեցաւ։ Ի վերջոյ, ան ընդունեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Երբ առաջին անգամ ըլլալով նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուեցաւ, շատ տպաւորուեցաւ, տեսնելով՝ զանազան ենթահողերէ մարդիկ խաղաղութեամբ եւ համերաշխութեամբ իրարու քով հաւաքուած։ Ան համոզուեցաւ որ ճշմարտութիւնը գտած էր եւ այդ համաժողովին ընթացքին իսկ, որոշեց իր բոլոր քաղաքական կապերը խզել։ Հետագային, ան մկրտուեցաւ եւ ներկայիս ինք եւ իր զաւակները Եհովայի կը ծառայեն։
17 Այս տարի նահանգային համաժողովներուն մեր վարքը ի՞նչպէս պիտի ազդէ անոնց, որոնք առաջին անգամ ըլլալով ներկայ պիտի գտնուին հոն։ Երբ որպէս կամաւոր միասնաբար կ’աշխատինք, անոնք մեր համագործակցութեան հոգին պիտի նշմարե՞ն։ Անոնք պիտի տպաւորուի՞ն, տեսնելով՝ թէ ի՛նչպէս մենք ու մեր զաւակները համաժողովէն ետք մեր նստարաններուն շուրջ հաւաքուած աղբերը կը ժողվենք, վայրը մաքուր պահելու համար։ Անոնք մեր ընտիր վարքը պիտի նկատե՞ն, երբ մենք համաժողովէն դէպի մեր իջեւանները կ’ուղղուինք։ Պիտի նշմարե՞ն թէ որպէս ծնողներ, ամէն ժամանակ մեր զաւակներուն մօտէն կը հսկենք։ Վստահ ըլլանք որ կարելի եղած չափով լաւ տպաւորութիւն ձգենք բոլոր մեզի դիտողներուն վրայ։
18 Համաժողովի Ծախսերը Ծածկել. Ներկայիս, մարզական դաշտի մը մէջ խաղ մը, կամ սրահի մը մէջ ներկայացում մը դիտելու համար մուտքի տոմսակ մը ձեռք ձգելը սուղի կրնայ նայիլ։ Պատճառներէն մէկը այն է որ մեծ քաղաքներու մէջ վարձքերը շատ սուղ են։ Համաժողովներուն նկատմամբ, Ընկերութեան գործելակերպը միշտ հետեւեալը եղած է՝ «մուտքը ազատ, հանգանակութիւն չկայ»։ Հետեւաբար, համաժողովի վայրերուն վարձքերը եւ ուրիշ ծախսերը ի՞նչպէս պիտի հոգացուին։ Ներկաներուն առատաձեռն նուիրատուութիւններով։ Վստահ ենք, որ Աստուծոյ վաղեմի ծառաներուն ցուցաբերած առատաձեռնութեան հոգիին նման հոգի մը պիտի ցուցաբերէք, Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելով։ (Բ. Կորն. 8։7) Մեծապէս հոգ կը տարուի որ բոլոր նուիրատուութիւնները ապահով տեղ մը դրուին, անոնց մասին մանրամասն արձանագրութիւն մը պահուի եւ որոշուած նպատակին համար գործածուին։ Եթէ դրամատոմսով նուիրատուութիւն մը ըլլայ, անիկա «Դիտարան»ին անունով թող ըլլայ։
19 Նստարաններ Ապահովել. Քանի մը տարիներէ ի վեր տրուած ուղղութիւնները պիտի շարունակուին կիրարկուիլ, այսինքն, ԿԱՐԵԼԻ Է ԱԹՈՌՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԵԼ ՄԻ՛ՄԻԱՅՆ ՁԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՁԵՐ ՀԵՏ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՈՎ ՃԱՄԲՈՐԴՈՂՆԵՐՈՒՆ։ Քաջալերական է տեսնել, որ այս հարցին նկատմամբ լաւ բարեփոխութիւններ եղած են եւ ասիկա մեր համաժողովներուն ցուցաբերուած սիրալիր մթնոլորտը աւելցուցած է։ Վայրերու մեծամասնութեանց մէջ, կարգ մը նստարաններ ուրիշներէն աւելի դիւրամատչելի են։ Հաճեցէք նկատառութիւն ցուցաբերել ու աւելի հանգստաւէտ նստարանները տարեցներուն եւ մասնայատուկ պարագաներ ունեցողներուն համար ձգել։ Մի՛ մոռնաք թէ ‘սէրը իրենը չի փնտռեր’։—Ա. Կորն. 13։4, 5. Փիլ. 2։4
20 Լսողութեան Տկարութիւն Ունեցողներուն. Ուրախ պիտի ըլլաք գիտնալով թէ կարգադրութիւն եղած է որ լսողութեան տկարութիւն ունեցողները յայտագիրը ունկնդրեն ձայնասփիւռի FM ալիքներուն վրայ։ Եթէ ձեր լսողութիւնը տկար է եւ կը փափաքիք յայտագիրը մտիկ ընել, կարիքը ունիք ընկալուջ ունեցող եւ FM–ի ալիքներ ընկալող փոքր Walkman-type ձայնասփիւռի մը։
21 Լուսանկարչական Մեքենաներ, Պատկերագրող եւ Ձայնագրող Մեքենաներ. Լուսանկարչական մեքենաներ եւ երիզագրող գործիքներ գործածելը թոյլատրելի է։ Սակայն, անոնց գործածութիւնը, ներկաները պէտք չէ խանգարէ։ Յայտագրի ընթացքին պէտք չէ հոս–հոն երթանք նկարելու համար, քանի որ ասիկա յայտագրին ուշադրութեամբ հետեւողները կրնայ խանգարել։ Երիզագրող որեւէ գործիք, ելեկտրական կամ ձայնային դրութեան պէտք չէ կապուի, ո՛չ ալ արգելք հանդիսանայ անցքերուն, նրբանցքներուն, կամ ուրիշներու տեսողութեան։
22 Նախնական Դարմանում. Նախնական Դարմանումի Բաժինը միայն շտապ օգնութեան համար է։ Հաճեցէք ձեր անձնական գործածութեան համար ձեր հետ բերել ասբիրին, մարսողական դեղեր, վիրակապեր, ապահով գնդասեղներ եւ նոյնանման պիտոյքներ. այսպիսի բաներ համաժողովին մատչելի պիտի չըլլան։ Անոնք որոնք լուսնոտութեան եւ շաքարախտի տագնապներէ, սրտի խնդիրներէ եւ այլ պարագաներէ կը տառապին, իրենց հետ անհրաժեշտ եղող դեղորայքը պէտք է բերեն։ Ընտանիքի կամ ժողովքի անդամներէն մէկը, որ անոնց վիճակէն տեղեակ է, միշտ անոնց քով պէտք է ըլլայ, անմիջական օգնութիւն հայթայթելու համար։ Համաժողովներուն՝ դժուարութիւններ յարուցուած են, երբ երկարատեւ հիւանդութիւններ ունեցող անհատներ առանձին ձգուած եւ հիւանդացած են։ Եթէ առողջապահական մասնաւոր կարիքներ ունեցող անհատներ, իրենց աջակցող ընտանիքի անդամներ չունին, ժողովքի երէցները անոնց պարագայէն տեղեակ պէտք է ըլլան եւ օգնութեան անհրաժեշտ կարգադրութիւններ ընեն։ Համաժողովներուն մէջ, գերզգայնութեան (ալէրժի) խնդիրներ ունեցողներու համար մասնաւոր սենեակներու կարգադրութիւններ պիտի չըլլան։
23 Ուտելիք. Ներկաներէն իւրաքանչիւրը իր անձնական ուտելիքը պէտք է բերէ, փոխանակ կէսօրուան կարճ դադարին դուրսէն բան մը գնելու։ Պարզ, սնուցիչ եւ դիւրատար ուտելիքները բաւարար պիտի ըլլան։ Մայիս 1995–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին 26–րդ պարբերութիւնը, կարգ մը գաղափարներ կու տայ մեր բերելիք բաներուն մասին։ Ապակեայ անօթներ եւ ոգելից ըմպելիներ արտօնուած չեն համաժողովի վայրերէն ներս։ Ուտելիքի սառնարանները կամ տոպրակները պէտք է պզտիկ ըլլան, որպէսզի ձեր աթոռին տակ դրուին։ Նկատուած է, որ ներկաներէն ոմանք յայտագրի ընթացքին կ’ուտեն ու կը խմեն։ Ասիկա առիթին պատշաճող բան մը չէ։
24 Որքա՜ն ուրախ ենք որ «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» բնաբանով Նահանգային Համաժողովը շուտով պիտի սկսի։ Ներկայ ըլլալու կարգադրութիւնները ամբողջացուցա՞ծ էք։ Կը մաղթենք որ ապահով ու թարմացած տուն վերադառնաք, վճռած ըլլալով յարատեւել Եհովայի թանկագին ծառայութեան մէջ եւ շարունակել Աստուծոյ ընդունելի ապրելակերպին համաձայն ապրիլ, ձեր յաւիտենական օգտին համար։
[Շրջանակ՝ էջ 6]
ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՎԵՐՅԻՇԵՑՈՒՄՆԵՐ
▪ Մկրտութիւն. Մկրտութեան թեկնածուները, Շաբաթ առաւօտուն յայտագիրը չսկսած, իրենց համար նշանակուած բաժնին մէջ նստած պէտք է ըլլան։ Մկրտութեան պատրաստուած իւրաքանչիւր անհատ իր հետ պատշաճ լողազգեստ եւ անձեռոց պէտք է բերէ։ Անցեալին, ոմանք անպատշաճ եւ առիթին արժէքը նսեմացնող լողազգեստներ հագած էին։ Մկրտութեան թեկնածուներուն հետ Մեր Ծառայութիւնը գրքէն մկրտութեան հարցումները նկատի առնող երէցները, վստահ պէտք է ըլլան որ իւրաքանչիւր անհատ այս կէտերը հասկցած է։ Անհատի մը նուիրումը խորհրդանշող մկրտութիւնը՝ այդ անհատին եւ Եհովայի միջեւ եղած մտերիմ, անձնական հարց մըն է։ Հետեւաբար, անպատշաճ է որ թեկնածուներ ողջագուրուին, կամ իրարու ձեռք բռնելով մկրտուին։
▪ Լանջանշաններ. Հաճեցէք 1998–ի լանջանշանները ձեր վրայ կրել ամէն ժամանակ՝ համաժողովի քաղաքին մէջ եւ երթ ու դարձի ընթացքին։ Ասիկա յաճախ մեզի պատեհութիւններ կը ստեղծէ, հոյակապ վկայութիւն մը տալու։ Լանջանշանները եւ անոնց պատեանները ձեր ժողովքին միջոցաւ պէտք է ստանաք, քանի որ համաժողովին մէջ մատչելի պիտի չըլլան։ Համաժողովէն բաւական առաջ, ձեր եւ ձեր ընտանիքին համար լանջանշաններ ապահովեցէք։ Մի՛ մոռնաք ձեր հետ կրել ձեր ընթացիկ Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը։
▪ Իջեւան. Կը խնդրենք որ ամէն ոք համագործակցի, գործածելով ՄԻՄԻԱՅՆ համաժողովին կողմէ հայթայթուած՝ իջեւաններու ցանկը։ Ի մտի ունեցէք որ համաժողովի սենեակներուն սակերը, նաեւ կ’ընդգրկեն Հինգշաբթի եւ Կիրակի գիշերները։ ԵԹԷ ՊԱՆԴՈԿԻ ՄԸ ՀԵՏ ԽՆԴԻՐ ՄԸ ՈՒՆԵՆԱՔ, հաճեցէք առանց վարանելու Իջեւանելու Բաժինը տեղեակ պահել, մինչ տակաւին համաժողովի վայրը կը գտնուիք, որպէսզի կարենան ձեզի օգնել, հարցը անմիջապէս լուծելու։ Հաճեցէք նկատի առնել, որ թերեւս բոլորին կարելի չըլլայ չծխողներու մասէն սենեակ մը ձեռք ձգել պանդոկին մէջ, նոյնիսկ եթէ այս բանը խնդրուած էր վերապահութիւնը եղած ատեն։ Միեւնոյնը կիրարկելի է մեծ չափով կամ երկու հոգինոց անկողին մը խնդրելու պարագային։ Ժողովքի քարտուղարները վստահ պէտք է ըլլան որ Special Needs Room Request թղթիկները շուտով ղրկուին, յարմար համաժողովի հասցէին։ Եթէ մասնաւոր կարիքներու կարգադրութեամբ եղած իջեւանելու համաձայնութիւն մը պիտի ջնջէք, պէտք է անմիջապէս տեղեակ պահէք թէ՛ տանտէրը կամ պանդոկը, եւ թէ համաժողովի Իջեւանելու Բաժինը, որպէսզի կարելի ըլլայ սենեակը ուրիշ անհատի մը յատկացնել։
▪ Մանուկներու Կառքեր եւ Ետեւ Թեքուող Աթոռներ. Շատ մը վայրերու մէջ մանուկներու կառքերը կարելի չէ գործածել հանրային համաժողովներու ընթացքին։ Հրդեհի վերաբերեալ եղած օրէնքները կ’արգիլեն զանոնք դնել նրբանցքներու եւ աթոռներու շարքերուն միջեւ։ Քանի որ մեծ ամբոխները կրնան խճողում պատճառել, մանուկներու կառքերը վտանգաւոր են ո՛չ միայն մանուկին, այլ նաեւ՝ ոեւէ անհատի որ անոնց պատճառաւ կրնայ իյնալ։ Հետեւաբար, հաճեցէք զանոնք չբերել համաժողովի վայրը։ Նորածիններու կամ մանուկներու ապահով աթոռներ թոյլատրելի են, քանի որ կրնան ամրացուիլ ծնողներուն քովի աթոռներուն վրայ։ Հաճեցէք ետեւ թեքուող աթոռներ չբերել։ Ասոնց գործածութիւնը հանրային ընդարձակ վայրերու մէջ արտօնուած չէ։ Ձեր համագործակցութիւնը կարեւոր է ու՝ գնահատելի։
▪ Կամաւորներու Սպասարկութիւն. Կրնա՞ք համաժողովի ընթացքին, որոշ ժամանակ յատկացնել սպասարկման բաժիններէն մէկուն օգնելու համար։ Ձեր եղբայրներուն ծառայելը, նոյնիսկ մի քանի ժամուան համար, կրնայ շատ օգտակար ըլլալ ու անհատական մեծ գոհունակութիւն պատճառել։ Եթէ կրնաք օժանդակել, հաճեցէք տեղեկացնել համաժողովի Կամաւորներու Սպասարկութեան Բաժինը։ 16 տարեկանէն վար եղող պատանիներն ալ կրնան լաւ մասնակցութիւն մը բերել, գործելով ծնողի մը կամ ուրիշ պատասխանատու չափահասի մը հսկողութեան ներքեւ։
▪ Զգուշացումներ. Վստահ եղէք որ ձեր ինքնաշարժը ամէն ատեն կղպուած ըլլայ եւ բնաւ տեսանելի բան մը մի ձգէք, որ կրնայ ինքնաշարժը բանալու հրաւէր տալ։ Գողերն ու քսակահատները իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն համագումարներու վրայ։ Իմաստութիւն պիտի չըլլայ ձեր աթոռին վրայ որեւէ արժէքաւոր բան ձգել։ Չէք կրնար վստահ ըլլալ որ բոլոր ձեր շուրջը եղողները Քրիստոնեաներ են։ Ինչո՞ւ առիթ տաք փորձութեան։ Տեղեկագրուած է որ օտարներ փորձած են երախաներ հրապուրելով զանոնք հեռացնել։ ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԱՄԷՆ ԱՏԵՆ ՁԵՐ ՏԵՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ՊԱՀԵՑԷՔ։
Շատ մը պանդոկներու մէջ մատչելի եղած հեռատեսիլի ու պատկերիզի սպասարկութիւնները յաճախ լկտի, պոռնկագրական յայտագիրներ կը ցուցադրեն։ Թոյլ մի՛ տաք պզտիկներուն, որ առանց հսկողութեան հեռատեսիլ դիտեն սենեակին մէջ։ Թերեւս ծնողներ փափաքին որ իրենց զաւակները «վճարովի հեռատեսիլ»ը չգործածեն իրենց պանդոկի սենեակներուն մէջ, պանդոկէն խնդրելով որ իրենց կեցութեան ընթացքին զայն փակ պահէ։
Հաճեցէք նամակ չգրել կամ չհեռաձայնել համաժողովի վայրի վարչութեան, տեղեկութիւններ խնդրելով համաժողովի որեւէ հարցի շուրջ։ Եթէ պէտք եղած տեղեկութիւնը երէցներու կողմէ մատչելի չէ, կրնաք համաժողովի հասցէին գրել, որ կը գտնուի Special Needs Room Request form–ին ետեւը։