1996–Ի «Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ» Բնաբանով Նահանգային Համաժողով
1 Այս տարուան նահանգային համաժողովի յայտագիրը վստահաբար մեզի պիտի օգնէ մեր աստուածային խաղաղութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ անիկա պիտի բացատրէ ուրիշներուն օգնելու մեր դերը որպէսզի այսպիսի խաղաղութիւն գտնեն։ Ինչպէս ծանուցանուեցաւ Յունուար 1996 թուակիր Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, համաժողովին բնաբանն է՝ «Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ»։ Ձեր ծրագիրները ըրա՞ծ էք այնպէս որ յայտագրին որեւէ մասը չկորսնցնէք։
2 Եռօրեայ Յայտագիր մը. Մենք վստահ ենք որ այս տարուան նահանգային համաժողովը ամբողջովին պիտի վայելէք ու վերանորոգուած կորովով տուն պիտի վերադառնաք։ (Բ. Մնաց. 7։10) Այս տարի դարձեալ եռօրեայ յայտագիր մը պիտի ունենանք։ Արդէն իսկ կարգադրութիւններ ըրա՞ծ էք ձեր աշխարհային գործէն արձակուրդ առնելու այնպէս որ կարենաք ամբողջ յայտագրին ներկայ գտնուիլ։ Ամառուան արձակուրդին համար դպրոցները փակուելէ առաջ, կարգ մը համաժողովներ տեղի պիտի ունենան։ Եթէ դպրոց յաճախող զաւակներ ունիք, յարգալից կերպով անոնց ուսուցիչներուն տեղեակ պահա՞ծ էք որ Ուրբաթ օրը դպրոցէն պիտի բացակային, իրենց կրօնական մարզման այս կարեւոր մէկ երեսակին պատճառով։
3 15 Փետրուար 1996 թուակիր Անգլերէն Դիտարանը Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի թաղամասին մէջ տեղի ունենալիք 198 համաժողովներու թուականներուն ու վայրերուն ցանկը կու տայ։ Հիմա ձեր ժողովքին քարտուղարը արդէն իսկ ձեզի տեղեակ պահած է թէ ո՛ր համաժողովին նշանակուած էք։ Համաժողովները, Անգլերէն լեզուէն զատ, հետեւեալ լեզուներով պիտի ըլլան. Թակալոկ, Իտալերէն, Խուլերու Ամերիկեան Լեզու, Ճաբոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթիւկալերէն, Քորեայերէն եւ Ֆրանսերէն։
4 Երեք օրերն ալ յայտագիրը պիտի սկսի առաւօտուն ժամը 9։30–ին ու վերջ պիտի գտնէ Կիրակի օր կէսօրէ ետք մօտաւորապէս ժամը 4։00–ին։ Դռները առաւօտուն ժամը 8։00–ին պիտի բացուին։ Մի՛միայն գործի նշանակումներ ունեցողները կրնան վայրը մտնել այդ ժամանակէն առաջ, սակայն անոնք չեն կրնար աթոռներ ապահովել մինչեւ որ սրահին դռները բոլորին առջեւ բացուին։ Ազնուութիւն պիտի ցուցաբերե՞նք աւելի յարմար ու հանգստաւէտ նստարանները չգրաւելով, որպէսզի մեր տարեց ու վատառողջ եղբայրներն ու քոյրերը հոն նստին։ Յիշենք որ «սէրը . . . իրենը չի փնտռեր»։—Ա. Կորն. 13։4, 5. Փիլ. 2։4
5 Դուք Պիտի Սրուի՞ք. Առակաց 27։17 մէջբերելէ ետք, «Երկաթը երկաթով կը սրուի», 15 Օգոստոս 1993 թուակիր Անգլերէն Դիտարանը դիտել տուաւ. «Մենք կանոնաւորաբար սրուելու կարիքը ունեցող գործիքներու նման ենք։ Քանի որ Եհովայի հանդէպ սէր արտայայտելը ու մեր հաւատքին համաձայն որոշումներ առնելը կը նշանակեն աշխարհէն տարբեր ըլլալ, մենք մեծամասնութեան հետեւած ընթացքին հակառակ ուղղութեամբ յարատեւ պէտք է ընթանանք»։ Այս խրատը ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել։
6 Մենք այս աշխարհէն տարբեր ենք ու այդպէս ալ պէտք է մնանք։ Ասիկա իրագործելու յարատեւ ջանքը պէտք է պահպանուի եթէ կ’ուզենք բարի գործերու նախանձախնդիր ըլլալ։ (Տիտ. 2։14) Ասոր համար վերոյիշեալ Դիտարանի յօդուածը շարունակեց ըսել. «Երբ Եհովան սիրող անհատներու հետ ենք, իրար կը սրենք՝ իրար սիրոյ եւ բարեգործութեան կը մղենք»։ Նահանգային համաժողովը Եհովայի կարգադրութիւններէն մէկն է մեզի օգնելու որ հոգեւոր գետնի վրայ սուր վիճակի մէջ մնանք։ Մենք չենք փափաքիր յայտագրին որեւէ մասը փախցնել։
7 Իմաստուն Անհատը Մտիկ Պիտի Ընէ. Մտիկ ընելը մշակուելիք արուեստ մըն է։ Ըսուած է որ սովորական անհատ մը կը յիշէ իր լսածին միայն կէսը, նոյնիսկ եթէ կը խորհի որ ուշի–ուշով մտիկ ըրած է։ Քանի որ զբաղումներու դարու մը մէջ կ’ապրինք, երբեմն դժուար կը գտնենք որ երկար ժամանակ մեր կեդրոնացումը պահենք։ Կրնա՞նք փորձել մեր կեդրոնացման տեւողութիւնը աւելցնել, յատկապէս երբ նստած ըլլանք ունկնդիրներու հսկայ բազմութեան մը մէջ ու դասախօսի մը մտիկ կ’ընենք։ Համաժողովէն տուն վերադառնալէ ետք, եթէ ձեզմէ խնդրուի, պիտի կարենա՞ք ամփոփում մը տալ իւրաքանչիւր օրուան յայտագրին նկատմամբ։ Բոլորս ալ ի՞նչպէս կրնանք մեր մտիկ ընելու կարողութիւնը բարելաւել, ինչպէս նաեւ համաժողովի յայտագրին իւրաքանչիւր դասախօսութեան սուր ուշադրութիւն ընծայել։
8 Խոր հետաքրքրութիւնը կենսական է, քանի որ յիշողութեան աստուածային պարգեւը առանց անոր չի կրնար ազդուօրէն գործել։ Օրինակի համար, անհատ մը որքան աւելի հետաքրքրուի նիւթով մը, այնքան աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ դասախօսութեան գլխաւոր կէտերը յիշէ։ Շատ բան կախեալ է սովորականէն աւելի ուշադրութիւն ընծայելէն այն բաներուն զորս նահանգային համաժողովներուն լսելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Համաժողովի յայտագրին իւրաքանչիւր բաժինով խորապէս հետաքրքրուիլը ու անոր ուշադրութիւն ընծայելը ազդեցութիւն ունի մեր ներկայ հոգեւոր վիճակին եւ ապագայի հեռանկարներուն վրայ։ Համաժողովներուն Եհովայի ճամբաները կը սորվինք եւ կենսապահ գործ մը կատարելու առնչութեամբ ուղղութիւններ կը ստանանք։ (Ա. Տիմ. 4։16) Երեւակայեցէք որ փոթորկալից ծովու մը մէջ նաւ մըն էք։ Եհովայի խոստումները յոյսի հաստատ խարիսխն են։ Եթէ անհատ մը Քրիստոնէական հանդիպումներուն անուշադիր է ու թոյլ կու տայ որ իր միտքը թափառի, ան կրնայ կենսական խրատներ եւ ուղղութիւններ փախցնել, որոնք կրնան հոգեւոր նաւաբեկութենէ զինք պաշտպանել։—Եբր. 2։1. 6։19
9 Աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, մեր եղբայրները ֆիզիքական շատ ջանք կը թափեն ժողովներուն յաճախելու համար։ Սքանչելի է տեսնել համաժողովներուն ընթացքին անոնց ցուցաբերած սուր ուշադրութիւնը։ Կարգ մը տեղեր, սակայն, ոմանք ուրիշներու կեդրոնացումը խանգարած են, յայտագրին ընթացքին համաժողովի վայրին մէջ դեգերելով։ Ուրիշներ ուշ գալու սովորութիւնը ունին։ Անցեալին տեղի ունեցած կարգ մը համաժողովներուն, յայտագրին առաջին մի քանի վայրկեանները լսելը դժուար եղած է, քանի որ շատեր կը թափառէին նրբանցքներուն մէջ ու նստարաններուն ետեւի կողմը։ Այս անհատները սովորաբար գործի նշանակումներ ունեցող եղբայրներ չէին, ո՛չ ալ իրենց մանուկներուն կարիքներուն հոգ տանող մայրեր։ Անոնք որոնք պարզապէս այցելուներ էին խանգարման մեծամասնութիւնը պատճառած են։ Այս տարի Հիւրընկալներու Բաժինը այս հարցին աւելի ուշադրութիւն պիտի ընծայէ եւ կը յուսանք որ բոլորն ալ իրենց աթոռները գրաւեն, երբ ատենապետը մեզ հրաւիրէ որ ասիկա ընենք։ Ասոր առնչութեամբ ձեր համագործակցութիւնը մեծապէս պիտի գնահատուի։
10 Ի՞նչ գործնական թելադրութիւններ պիտի օգնեն մեզի որ համաժողովի յայտագրին աւելի ուշադրութիւն ընծայենք ու ներկայացուած նիւթերէն շատ բան յիշենք։ Յարմար է կրկնել ի՛նչ որ անցեալ տարիներուն ըսուած էր. (ա) Կեդրոնացէք համաժողովի քաղաքը երթալու գլխաւոր պատճառին վրայ։ Հոն կ’երթաք ո՛չ թէ զբօսանքի միջամուխ ըլլալու, այլ մտիկ ընելու եւ սորվելու։ (Բ. Օր. 31։12) Փորձեցէք իւրաքանչիւր գիշեր բաւարար հանգստանալ։ Եթէ համաժողովին յոգնած գաք, կեդրոնանալը դժուար պիտի ըլլայ։ (բ) Բաւարար ժամանակ տրամադրեցէք որպէսզի ձեր ինքնաշարժը շարէք ու յայտագիրը չսկսած ձեր աթոռը գրաւէք։ Եթէ վերջին վայրկեանին համաժողովի վայրը աճապարանօք հասնիք, սովորաբար բացման բաժինէն մասեր պիտի կորսնցնէք։ (գ) Բանալի կէտերուն մասին հակիրճօրէն նոթագրեցէք։ Չափազանց նոթագրելը կրնայ լաւ կերպով ունկնդրելուն արգելք հանդիսանալ։ Իսկ մինչ կը նոթագրէք, վստահ եղէք որ ուրիշ կէտեր չկորսնցնէք։ (դ) Երբ համաժողովի յայտագրին մէկ բաժինը կը ներկայացուի, անձկագին ակնկալեցէք։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Այս բաժինէն ի՞նչ կրնամ քաղել որ Եհովայի հանդէպ սէրս ու գնահատութիւնս պիտի աւելցնէ։ Այս տեղեկութիւնները ի՞նչպէս կրնան ինծի օգնել որ նոր անձնաւորութիւնը լման կերպով ցուցաբերեմ։ Այս նիւթը ի՞նչպէս պիտի օգնէ ինծի որ ծառայութիւնս բարելաւեմ’։
11 Մեր Ծառայութիւնը Զարդարող Վարքը. Պօղոս Տիտոսի քաջալերութիւն տուաւ որ «բարի գործերու օրինակ» հանդիսանայ։ Իր ուսուցումին մէջ անեղծութիւն ցուցաբերելով, Տիտոս պիտի կարենար ուրիշներուն օգնել որ «մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարեն»։ (Տիտ. 2։7, 10) Ամէն տարի, ազնիւ վերյիշեցումներ կը ստանանք թէ բարեպաշտ վարքը ինչո՛ւ շատ կարեւոր է մինչ դէպի համաժողովի վայրը կ’ուղղուինք ու անկէ կը վերադառնանք, ինչպէս նաեւ երբ պանդոկներու ու ճաշարաններու եւ համաժողովին մէջ ենք։ Անցեալ տարի դարձեալ լսեցինք կարգ մը ջերմ մեկնաբանութիւններ, զորս կը փափաքինք ձեր հետ բաժնել։
12 Պանդոկի մը տնօրէնը ըսաւ. «Միշտ հաճոյք է Վկաները ունենալ մեր պանդոկին մէջ, քանի որ անոնք համբերող ու համագործակցող են, ինչպէս նաեւ իրենց զաւակները կը հսկեն»։ Պանդոկի գրագիր մը ըսաւ թէ իր աշխատանքը «շատ աւելի դիւրին կը դառնայ, երբ Վկաները պանդոկ կը հասնին կամ անկէ կը մեկնին, քանի որ շարքի կենալով հանդերձ, անոնք միշտ քաղաքավար, համբերող ու նկատառու են»։ Նոր Անգլիայի մէջ կին մը ա՛յնքան ազդուած էր միեւնոյն պանդոկին մէջ գտնուող Վկայ պատանիներու վարքէն որ ան մեր կազմակերպութեան մասին կարգ մը գրականութիւններ խնդրեց։
13 Միւս կողմէ, որոշ երեսակներու մէջ կարելի է աւելի բարելաւուիլ։ Կը փափաքինք Ընկերութեան յղուած կարգ մը դիտողութիւններ բաժնել։ Ճամբորդող տեսուչ մը տեղեկագրեց որ Եհովայի Վկաներու զաւակները պանդոկներու մէջ պէտք է աւելի վերահսկուին։ Ոմանք տեսնուած են որ նրբանցքներու մէջ կը վազվզեն, վերելակը անդադար կը գործածեն, լողարանին շուրջ շատ աղմուկ կը հանեն ու լողաւազանին մէջ կը մնան անոր փակման ժամանակէն բաւական ետք, այսպիսով ուրիշ հիւրերու քունը խանգարելով։ Մենք պէտք է մեր զաւակները մարզենք որ հասկնան թէ Քրիստոնէական վարքը որոշ ժամանակներու սահմանուած չէ։ Անիկա վերջ չի գտներ, երբ համաժողովի վայրէն դուրս կ’ելլենք։ Անիկա օրական 24 ժամ պէտք է տեւէ։ Մեր վարքը պանդոկին մէջ, ճաշարաններուն մէջ եւ փողոցները պէտք է պատուական ըլլայ, ինչպէս որ է երբ կը նստինք մեր եղբայրներուն հետ համաժողովի յայտագրին ընթացքին ու Եհովայէ կը սորվինք։—Եսայ. 54։13. Ա. Պետ. 2։12
14 Կը փափաքինք նաեւ ազնիւ վերյիշեցում մը ընել ձեռաձիր տալու նկատմամբ։ Սպասաւորներ, պանդոկի սպասուհիներ, դռնապաններ եւ ուրիշներ որոնք նոյնանման գործերով կը զբաղին, իրենց ապրուստը ձեռաձիրներով կ’ապահովեն։—Տես Զարթի՛ր 22 Յունիս 1986, էջ 24–27։
15 Մեր համաժողովներուն մէջ ուտելիքի սպասարկութիւնը վերջ գտնելով հանդերձ, տակաւին շատ ծախսեր պարփակուած են, ինչպէս՝ համաժողովի վայրին վարձքը, կառատուն ապահովելը ու զանազան հարցերու հոգ տանիլը։ Մեր յօժարակամ նուիրատուութեամբ այս ծախսերը կը հոգածուին։ Պատանի զաւակներ ունեցող քոյր մը սահմանափակ գումարով համաժողովի եկաւ։ Բայց եւ այնպէս, ան եւ իր զաւակները պզտիկ նուիրատուութիւն մը ըրին։ Ասոր առնչութեամբ իւրաքանչիւր անհատին որոշածը անձնական հարց է, բայց գիտենք որ այսպիսի վերյիշեցումներ կը գնահատէք։—Գործք 20։35. Բ. Կորն. 9։7
16 Մեր Հագուելակերպով Ճանչցուիլ. Մեր հագուելակերպը մեր մասին եւ ուրիշներուն հանդէպ մեր ցուցաբերած զգացումներուն նկատմամբ շատ բան կը յայտնէ։ Պատանիներուն մեծամասնութիւնը եւ բազմաթիւ չափահասներ դպրոցին կամ գործատեղիին մէջ շրջապատուած են քմայքոտ, թափթփած հագուելիքի նորաձեւութեամբ։ Ամէն տարի հագուստի նորաձեւութիւնները աւելի ծայրայեղ կը դառնան, նոյնիսկ՝ ցնցիչ։ Եթէ ուշադիր չենք, կրնանք աշխարհային բարեկամներէն դիւրաւ ազդուիլ ու իրենց նման հագուիլ։ Շատ մը հագուստի նորաձեւութիւններ ժողովներու համար անպատշաճ են։ Անցեալ տարուան նահանգային համաժողովէ մը ետք ստացանք նամակ մը որ յայտագիրը գնահատեց բայց աւելցուց. «Հարց տուի որ ինչո՛ւ շատ պատանուհիներ կային, որոնք կարճ, օձիքը ցած եւ երկայն ճեղքերով հագուստներ հագած էին»։ Վստահաբար բոլորս ալ կը փափաքինք Քրիստոնեայ ծառաներու վայել կերպով հագուիլ թէ՛ համաժողովին եւ թէ յայտագրէն յետոյ, երբ իրարու հետ կ’ընկերակցինք։ Ամէն ժամանակ լաւ կ’ընենք եթէ Պօղոսի խրատին ուշադրութիւն ընծայենք, որ Քրիստոնեաները «վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ» ինքզինքնին զարդարեն։—Ա. Տիմ. 2։9
17 Ո՞վ պէտք է որոշէ թէ ի՛նչ է համեստ, «վայելուչ» հագուստը։ Համեստ ըլլալ կը նշանակէ «յանդուգն եւ պնդերես» չըլլալ։ Բառարանը համեստ բառը նաեւ կը սահմանէ որպէս «անյաւակնոտ»։ Ո՛չ Ընկերութիւնը եւ ոչ ալ երէցները կրնան յարդարանքի առնչութեամբ օրէնքներ դնել։ Այսուհանդերձ, Քրիստոնեայի մը յստակ պէտք չէ՞ ըլլայ թէ հագուստի ո՛ր ոճերը համեստ կամ պատշաճ չեն։ (Բաղդատել Փիլիպպեցիս 1։10։) Մեր արդուզարդը եւ հագուելակերպը անհարկի ուշադրութիւն պէտք չէ գրաւեն։ Մեր արտաքին երեւոյթը պէտք է ընդունելի ըլլայ, ո՛չ թէ աշխարհային կամ ուրիշներու նեղութիւն պատճառող։ Որպէս բարի լուրի ծառաներ, երբ նահանգային համաժողովի քաղաքին մէջ ենք, մեր պատշաճօրէն հագուիլը ու յարդարուիլը Եհովայի պատիւ կը բերէ ու կազմակերպութեան լաւ համբաւին կը նպաստէ։ Ուստի, ծնողներ օրինակ պիտի հանդիսանան, ապա վստահ պիտի ըլլան որ իրենց զաւակները առիթին համաձայն պատշաճօրէն հագուին։ Երէցները պիտի ուզեն լաւ օրինակ մը հանդիսանալ ու պատրաստ ըլլալ ազնուօրէն խրատելու եթէ հարկ ըլլայ։
18 Պանդոկներ. Նախապէս պանդոկի մը անձնակազմի մէկ անդամէն մէջբերում ըրինք, որ ըսաւ թէ իրենք տպաւորուած էին, քանի որ եղբայրները համբերող, քաղաքավար ու համագործակցող էին։ Կը փափաքինք Քրիստոնէական այս յատկութիւնները ցուցաբերել, երբ արձանագրուելու համար շարքի կը կենանք։ Կը գնահատենք այն պանդոկները որոնք Ընկերութեան հետ համագործակցած են մատչելի գիներով սենեակներ հայթայթելու համար։ Ճամբորդութենէն յոգնած ըլլալով հանդերձ, չմոռնանք պանդոկի պաշտօնեաներուն հետ ազնուութեամբ վարուելու։ Ասիկա ընելով թերեւս մի քանիներ մղուին ճշմարտութիւնը մօտէն քննելու։ Հաճեցէք Յունուար 1996 թուակիր Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը վերաքաղ ընել, պանդոկի դիւրութիւններուն նկատմամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու համար։ Ասկէ զատ, պանդոկի սենեակներէն ներս պէտք չէ ճաշ եփել, բացի եթէ այդ նպատակաւ խոհանոց մը ունին։
19 Լուսանկարչական Մեքենաներ եւ Երիզագրող Մեքենաներ. Թոյլատրելի է լուսանկարչական մեքենաներ եւ ուրիշ երիզագրող գործիքներ գործածելը, պայմանաւ որ մեր շուրջը եղողներուն հանդէպ նկատառու ըլլանք։ Յայտագրին ընթացքին եթէ հոս–հոն երթանք նկարելու համար, ոչ միայն ունկնդիրները պիտի խանգարենք, այլեւ յայտագրէն մասեր պիտի կորսնցնենք։ Սովորաբար համաժողովէն աւելի կ’օգտուինք, երբ դասախօսներուն ուշի–ուշով կը հետեւինք ու հակիրճ նոթեր կ’առնենք։ Թերեւս յայտագիրը կ’արձանագրենք տունը արգելափակուած եղբօր կամ քրոջ մը համար. սակայն, եթէ մեր անձնական գործածութեան համար է, թերեւս տուն վերադառնալէ ետք տեսնենք որ ժամանակ չունինք մեր արձանագրածին մեծ մասը վերաքաղ ընելու։ Երիզագրող որեւէ գործիք ելեկտրական կամ ձայնի դրութեան պէտք չէ կապուի, ոչ ալ արգելք հանդիսանայ աթոռներու միջեւ եղած անցքերուն, նրբանցքներուն կամ ուրիշներուն տեսողութեան։
20 Աթոռներու Գործածութիւնը. Կը շարունակենք բարելաւումներ նկատել աթոռներ ապահովելու հարցին նկատմամբ։ Անցեալ տարի, ձեր մեծամասնութիւնը տրուած ուղղութիւններուն հետեւեցաւ. ԿԱՐԵԼԻ Է ԱԹՈՌՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԵԼ Մի՛ՄԻԱՅՆ ՁԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՁԵՐ ՀԵՏ ՁԵՐ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՈՎ ՃԱՄԲՈՐԴՈՂՆԵՐՈՒՆ։ Հաւանաբար պարագան աւելի նուազ ճնշիչ գտաք, քանի որ շատեր այս յստակ ուղղութիւններուն հետեւեցան։ Ա՛լ աւելի կարեւորը, ձեր ենթարկումը հաճելի էր Եհովայի ու ‘հաւատարիմ ծառայ’ին, որ հոգեւոր կերակուրը կը մատակարարէ։—Մատթ. 24։45
21 Առողջապահական մասնաւոր կարիքներ ունեցող եղբայրներուն թիւը երթալով կ’աւելնայ։ Ոմանք հաշմանդամի անուաւոր կառքերով համաժողովի կու գան ու կարիքը ունին որ իրենց ընտանիքի անդամները իրենց հոգ տանին։ Ուրիշներ զանազան դեղեր կը գործածեն երկարատեւ հիւանդութիւններու համար, ինչպէս՝ սրտի խնդիրներու կամ լուսնոտութեան տագնապներու համար։ Իրապէս մեր սրտերը կ’ուրախանան տեսնելով այս սիրելի եղբայրներն ու քոյրերը համաժողովին մէջ, որոնք վճռած են որեւէ հոգեւոր սնունդ չկորսնցնել։ Սակայն, համաժողովի ընթացքին երբեմն կարգ մը անհատներ հիւանդացած են, իրենց ընտանիքի կամ ժողովքի անդամները իրենց մօտը չունենալով, որպէսզի իրենց օգնեն։ Կարգ մը պարագաներուն համաժողովի վարչութիւնը ստիպուեցաւ բժշկական շտապ օգնութեան դիմել, եղբայր մը կամ քոյր մը հիւանդանոց փոխադրելու համար։ Երկարատեւ հիւանդութիւն ունեցող անհատներուն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը գլխաւորաբար ընտանիքի անդամներուն եւ մօտիկ ազգականներուն վրայ կ’ինայ։ Համաժողովի Նախնական Դարմանման Բաժինը ի վիճակի չէ մնայուն հիւանդութիւններ ունեցողներուն հոգ տանելու։ Եթէ ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկը մասնաւոր հոգատարութեան կարիք ունի, հաճեցէք վստահ ըլլալ որ ան առանձին չձգուի, թերեւս շտապ օգնութեան պարագայ մը ծագի։ Ասկէ զատ, համաժողովներուն մէջ մասնաւոր սենեակներու կարգադրութիւններ պիտի չըլլան դիւրազգացութեան խնդիրներ ունեցողներուն համար, որոնք նստելու սովորական վայրերուն մէջ չեն կրնար մնալ։ Երէցները պէտք է արթուն ըլլան թէ ժողովքին մէջ որո՛նք առողջապահական մասնաւոր կարիքներ ունին ու վստահ ըլլան որ անոնց հոգ տանելու համար առաջուընէ կարգադրութիւններ եղած են։
22 Համաժողովի Համար Ուտելիքի Կարիքներ. Մեր ուտելիքը մեր հետ բերելու օգուտներուն նկատմամբ շատ մը դրական մեկնաբանութիւններ տրուեցան։ Եղբայր մը գրեց. «Այս կարգադրութեան մէջ հոգեւոր հսկայ օգուտ մը յստակօրէն կը տեսնեմ։ Ներկայիս ամէն այդ ժամանակն ու կորովը կրնան հոգեւոր բաներու տրամադրուիլ։ Ոչ մէկ ժխտական մեկնաբանութիւն լսեցի»։ Քոյր մը գրեց. «Մեզի օրինակ հանդիսանալով, ո՛վ սիրելի եղբայրներ, մեզ կը քաջալերէք որ անհատապէս մեր անձերը քննենք ու կերպեր փնտռենք մեր կեանքերը պարզելու եւ մեր աստուածպետական գործունէութիւնը աւելցնելու»։ Ճամբորդող տեսուչ մը ուտելիքի սպասարկութեան նախկին կարգադրութեան նկատմամբ գրեց. «Առաջուան կարգադրութեան պատճառաւ շատ մը եղբայրներ համաժողովի ամբողջ յայտագիրը կը կորսնցնէին»։ Եղբայրներուն բերած ուտելիքներուն մասին, երէց մը գրեց. «Անոնք բերած էին ի՛նչ որ կը փափաքէին ուտել եւ հարկ չկար որ շարքի կենային անոր համար»։ Նաեւ, ուրիշ քոյր մը գրեց. «Նիստերէն ետք, խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն կը տիրէին ու զուարթ մթնոլորտ մը կար»։ Այո, իւրաքանչիւր անհատ կրնար բաւարար ուտելիք բերել, որպէսզի կարենար յետ միջօրեան յայտագրին հետեւիլ առանց անօթենալու։ Շատեր դիտել տուին այն իրողութիւնը որ աւելի ժամանակ ունեցան իրենց բարեկամները այցելելու։
23 Այս տարի դարձեալ ուտելիքի սպասարկութիւն պիտի չըլլայ։ Կրնաք մի քանի վայրկեան տրամադրել վերաքաղ ընելու համար Մայիս 1995 թուակիր Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին 26–րդ պարբերութիւնը, ուր համաժողովին բերուելիք գործնական, սնուցիչ ուտելիքներու նկատմամբ թելադրութիւններ կան։ Հաճեցէք յիշել որ ապակեայ անօթներ կամ ոգելից ըմպելիներ պէտք չէ բերուին համաժողովի դիւրութիւններէն ներս։ Եթէ կերակուրը պաղ պահելու ծառայող պզտիկ պահեստաման մը անհրաժեշտ է, ատիկա պէտք է դրուի ձեր աթոռին տակ։ Ի մտի ունեցէք որ կէսօրուան դադարի ընթացքին ձեր բերածը ուտելու ու խմելու բաւարար ժամանակ կայ։ Ինչպէս է պարագան մեր Թագաւորութեան Սրահին մէջ եղած ժողովներուն ընթացքին, մենք համաժողովի նիստերուն ընթացքին ուտելէ միշտ կը խուսափինք։ Այսպիսով պաշտամունքի կարգադրութեան եւ հայթայթուած հոգեւոր սնունդին հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերենք։
24 Շուտով «Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ» Բնաբանով Նահանգային Համաժողովներուն առաջինը պիտի սկսի։ Համաժողովին ներկայ ըլլալու ձեր պատրաստութիւնները ամբողջացուցած էք ու հիմա պատրա՞ստ էք ուրախ ընկերակցութեան ու հոգեւոր ճոխ բաներու երեք օրեր վայելելու։ Մեր անկեղծ աղօթքն է որ Եհովա օրհնէ ձեր ջանքերը, որպէսզի այս ամառուան համաժողովին ներկայ գտնուիք։
Վերյիշեցումներ՝ Նահանգային Համաժողովի Վերաբերեալ
Մկրտութիւն. Մկրտութեան թեկնածուները Շաբաթ առաւօտ յայտագիրը չսկսած պէտք է գրաւեն իրենց աթոռները որոշուած բաժինին մէջ։ Նկատուած է որ ոմանք անվայելուչ եւ առիթին արժէքը նսեմացնող զգեստներ հագած են։ Իւրաքանչիւր անհատ, որ կը ծրագրէ մկրտուիլ, իր հետ պէտք է բերէ լոգանքի համեստ զգեստ մը եւ անձեռոց մը։ Մեր Ծառայութիւնը գրքին հարցումները մկրտութեան թեկնածուներուն հետ վերաքաղ ընող ժողովքի երէցները պիտի ուզեն վստահ ըլլալ որ իւրաքանչիւր անհատ այս կէտերը կը հասկնայ։ Մկրտութեան դասախօսութենէն ու դասախօսին կողմէ ներկայացուած աղօթքէն ետք, նիստին ատենապետը թեկնածուներուն հակիրճ ուղղութիւններ պիտի տայ, ապա երգեցողութեան մը պիտի հրաւիրէ։ Վերջին տունէն ետք, հիւրընկալները պիտի առաջնորդեն թեկնածուները դէպի մկրտութեան վայրը։ Քանի որ մկրտութիւնը, որ անհատին նուիրումին խորհրդանիշն է, մտերիմ ու անձնական հարց մըն է անհատին եւ Եհովային միջեւ, կարգադրութիւն չկայ այնպէս կոչուած ընկերակիցներու մկրտութեան, ուր երկու կամ աւելի թեկնածուներ իրարու ձեռքերը բռնած կը մկրտուին։
Պատճեր. Հաճեցէք 1996–ի պատճերը կրել համաժողովին ատեն եւ մինչ կը ճամբորդէք դէպի համաժողովի վայրը ու անկէ կը վերադառնաք։ Ասիկա յաճախ կարելի կը դարձնէ որ լաւ վկայութիւն մը տանք մինչ կը ճամբորդենք։ Պատճերը եւ անոնց պատեանները ձեր ժողովքին միջոցաւ պէտք է ստանաք, քանի որ համաժողովին մէջ մատչելի պիտի չըլլան։ Մի սպասէք մինչեւ համաժողովէն մի քանի օր առաջ, որպէսզի պատճեր խնդրէք ձեզի ու ձեր ընտանիքին համար։ Յիշեցէք ձեր հետ կրել ձեր ընթացիկ Բժշկական Կանխաւ Ցուցմունքի/Զերծումի քարտը։
Իջեւանիլ. Կը խնդրենք որ ամէն անհատ համագործակցի, գործածելով ՄԻԱՅՆ համաժողովի կողմէ հայթայթուած իջեւաններու ցանկը։ Եթէ անտեսենք Ընկերութեան կարգադրութիւնը եւ ապահովենք պանդոկ մը որ ընդունուած ցանկին մէջ չէ կամ համաձայնուած գինէն աւելի վճարենք պանդոկի մը որ ցանկին մէջ է, կը քանդենք մեր եղբայրներուն ծանր աշախտանքը, որոնք կը բանակցին պանդոկներու հետ աւելի նպաստաւոր գիներու համար։ ԵԹԷ ԽՆԴԻՐ ՄԸ ՈՒՆԵՆԱՔ ՊԱՆԴՈԿԻ ՄԸ ՀԵՏ, հաճեցէք չվարանիլ զանիկա Իջեւանելու Բաժինի տեսուչին ուշադրութեան յանձնել համաժողովին մէջ, որպէսզի ան կարենայ ձեզի օգնել խնդիրը շուտով լուծելու։ Ժողովքներու քարտուղարները պէտք է վստահ ըլլան որ Special Needs Room Request form–երը շուտով ղրկուած են յարմար համաժողովի հասցէին։ Եթէ հարկ ըլլայ որ ջնջէք համաձայնութիւն մը որ կատարուեցաւ մասնայատուկ կարիքներու կարգադրութեամբ, պէտք է անմիջապէս տեղեկացնէք թէ՛ տանտիրոջ կամ պանդոկին եւ թէ համաժողովի Իջեւանելու Բաժինին, որպէսզի կարելի ըլլայ սենեակը ուրիշի մը նշանակել։
Մանուկներու Կառքեր. Շատ մը վայրերու մէջ մանուկներու կառքերը կարելի չէ գործածել հանրային համաժողովներու մէջ։ Հրդեհի վերաբերեալ եղած օրէնքները կ’արգիլեն զանոնք կեցնել նրբանցքներուն եւ աթոռներու շարքերուն միջեւ։ Քանի որ մեծ ամբոխները կրնան խճողումի վիճակներ պատճառել, մանուկներու կառքերը վտանգաւոր են ո՛չ միայն մանուկին համար, այլ նաեւ ոեւէ անհատի որ անոնց վրայ կրնայ իյնալ։ Հետեւաբար, հաճեցէք զանոնք չբերել համաժողովի վայրը։ Սակայն, մանուկներու աթոռները, որոնք ինքնաշարժի մէջ կը գործածուին, թոյլատրելի են, քանի որ կրնան ապահովուիլ ծնողներուն քովի աթոռներուն վրայ։ Կը գնահատենք ձեր համագործակցութիւնը այս հարցին մէջ։
Կամաւորներու Սպասարկութիւն. Ուտելիքի սպասարկութիւն այլեւս չըլլալով, այդ բաժինին մէջ նախապէս աշխատողներէն շատեր հիմա կրնան ուրիշ տեղեր ծառայել որպէս կամաւորներ։ Կրնա՞ք համաժողովին ընթացքին ժամանակ յատկացնել օգնելու համար բաժիններէն մէկուն մէջ։ Մեր եղբայրներուն ծառայելը, նոյնիսկ մի քանի ժամ, կրնայ շատ օգտակար ըլլալ ու մեծ գոհունակութիւն պատճառել։ Եթէ կրնաք օժանդակել, հաճեցէք տեղեկացնել Կամաւորներու Սպասարկութեան Բաժինին համաժողովին մէջ։ 16 տարեկանէն վար եղող պզտիկները կրնան նաեւ լաւ մասնակցութիւն մը բերել, գործելով ծնողի մը կամ ուրիշ պատասխանատու չափահասի մը հսկողութեան ներքեւ։
Ազդարարութեան Խօսքեր. Ուշադիր մնալով այն խնդիրներուն որոնք կրնան ծագիլ, մենք մեզ հեռու կը պահենք անտեղի դժուարութիւններէ։ Գողերը եւ ուրիշ անխիղճ անհատներ յաճախ կը յարձակին այն մարդոց վրայ որոնք իրենց տան շրջանէն հեռու են։ Վստահ եղէք որ ձեր ինքնաշարժը ամէն ատեն կղպուած է եւ բնաւ տեսանելի բան մը մի ձգէք որ կրնայ մէկը հրապուրել ինքնաշարժը բանալու։ Գողերն ու քսակահատները իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն համագումարներուն վրայ։ Իմաստութիւն պիտի չըլլայ ձգել որեւէ արժէքաւոր բան ձեր աթոռին վրայ։ Չէք կրնար վստահ ըլլալ որ ձեր շուրջը եղողները բոլորն ալ Քրիստոնեաներ են։ Ինչո՞ւ առիթ տաք փորձութեան։ Տեղեկագրուած է որ օտարներ փորձած են երախաներ խաբել ու զանոնք հեռացնել։ ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԱՄԷՆ ԱՏԵՆ ՁԵՐ ՏԵՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ՊԱՀԵՑԷՔ։
Շատ մը պանդոկներու մէջ մատչելի եղած հեռատեսիլն ու Վիտէոյն յաճախ կը ցուցադրեն լկտի, պոռնկագրական յայտագիրներ։ Ուշադիր եղէք այս որոգայթին եւ թոյլ մի տաք զաւակներուն որ առանց հսկողութեան հեռատեսիլը դիտեն սենեակին մէջ։
Հաճեցէք նամակ չգրել կամ չհեռաձայնել համաժողովի լսարանին վարչութեան, խնդրելով տեղեկութիւններ համաժողովի որեւէ հարցի շուրջ։ Եթէ պէտք եղած տեղեկութիւնը մատչելի չէ երէցներու կողմէ, կրնաք համաժողովի հասցէին գրել, ինչպէս կը գտնուի Special Needs Room Request form–ին ետեւը, որու մէկ օրինակը ժողովքի ծանուցման տախտակին վրայ կախուած է։