Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/00 էջ 1
  • «Ձեր Աշխատութիւնը Պարապ Չէ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ձեր Աշխատութիւնը Պարապ Չէ»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անիկա Քարոզչութեան Խոչընդո՞տ Մըն Է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Ինչո՞ւ բոլորս ալ Աստուած պէտք է փառաբանենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 6/00 էջ 1

«Ձեր Աշխատութիւնը Պարապ Չէ»

1 Ի՜նչ քաջալերական միտք մը։ Եհովայի ծառայութեան մէջ ձեր աշխատանքը պարապ չէ։ (Ա. Կորն. 15։58) Ասոր հակառակը, խորհեցէք թէ մարդիկ որքա՜ն երկար եւ ծանր կ’աշխատին, որպէսզի կեանքի մէջ իրենց դիրքը կամ տնտեսական վիճակը բարելաւեն։ Անոնք կրնան տարիներ բարձր ուսում հետապնդել, կամ նիւթական բարգաւաճութեան համար ստրկօրէն աշխատիլ։ Բայց եւ այնպէս, «ժամանակ ու դիպուած»ի պատճառաւ, անոնք թերեւս բնաւ չհասնին իրենց ձգտած դիրքին, կամ թերեւս ստիպուին նիւթական գետնի վրայ իրենց փափաքածէն նուազով գոհանալ։ Անոնց ջանքերը ‘հովի համար աշխատութեան’ նման ունայն են։ (Ժող. 1։14. 9։11) Հետեւաբար, որքա՜ն կենսական է որ աւելիով աշխատինք այն միա՛կ գործին մէջ որ ունայն չէ, քանի որ անիկա մնայուն արժէք ունի։

2 Իրապէս Արժէքաւոր Եղող Գործը. Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը երկրի վրայ ամենէն կարեւոր գործն է։ Անիկա գործ մըն է որ պէ՛տք է կատարուի, մարդիկ լսեն կամ ոչ։ Կ’ուզենք Պօղոսի նման կարող ըլլալ ըսելու. «Ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն։ Վասն զի ետ չկեցայ Աստուծոյ բոլոր կամքը ձեզի յայտնելէ»։—Գործք 20։26, 27

3 Երբ մարդիկ Թագաւորութեան պատգամին մտիկ ընեն եւ անոր ընդառաջեն, ասիկա ի՜նչ ուրախութիւն կը պատճառէ։ Երիտասարդուհիի մը մօրաքոյրը մահանալէն ետք, ան հարց տուաւ թէ իր մօրաքոյրը ո՛ւր գացած էր՝ երկի՞նք թէ՝ դժոխք։ Ան օգնութեան համար Աստուծոյ աղօթեց, Եհովա անունը գործածելով, ինչպէս իր քոյրը իրեն սորվեցուցած էր։ Շատ չանցած, ան սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ քրիստոնէական ժողովներու յաճախել։ Ան կեանքի հանդէպ բոլորովին նոր տեսակէտ մը ձեռք ձգեց եւ փողոցային խուժաններու հետ իր կապերը խզեց։ Այս երիտասարդուհին հրաժարեցաւ ծխելէ, թմրեցուցիչ գործածելէ եւ գողնալէ։ Ան կ’ըսէ. «Միայն Եհովայի հանդէպ սէրն էր որ զիս մղեց այսպիսի գէշ կենցաղ մը ձգելու։ Միայն Եհովան իր անսահման ողորմութեամբ կրնար ինծի յաւիտենական կեանքի յոյսը տալ»։ Ներկայիս ան իր կեանքը ունայն հետապնդումներով չի վատներ։

4 Նոյնիսկ երբ մարդիկ մերժեն մտիկ ընել, տակաւին արժէքաւոր բան մը իրագործած կ’ըլլաք։ Անոնք գիտեն թէ Եհովայի Վկաները իրենց այցելեցին։ Իսկ դուք ձեր անհատական ուղղամտութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ սէրը հաստատած կ’ըլլաք։ Հետեւաբար, Տէրոջը գործին մէջ ձեր աշխատանքը պարա՞պ է։ Երբե՛ք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել