Անիկա Քարոզչութեան Խոչընդո՞տ Մըն Է
1 Մարդոց մեծամասնութիւնը զբաղած կեանք մը կը վարէ։ Եհովայի Վկաները ամենէն զբաղած մարդոց շարքին կը դասուին. անոնք Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրեն, ժողովներու ներկայ կը գտնուին եւ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցին։ Ասկէ զատ, զբաղած ենք աշխարհիկ գործով, տնային կամ դպրոցական աշխատանքով, եւ շատ մը այլ պատասխանատուութիւններով, որոնք բոլորն ալ ժամանակ կ’առնեն։ Ասիկա յատկապէս դժուար է տան գլուխներուն համար։
2 Տնտեսական աննպաստ պայմաններու պատճառաւ, շատ մը երկիրներու մէջ, ընտանիքի գլուխներ կը ստիպուին երկար ժամեր ու ծանր աշխատիլ, ապրուստ ճարելու համար։ Երբ պահանջկոտ աշխարհիկ գործեր իրենց ժամանակին ու կորովին մեծ մասը կը սպառեն, անոնք քարոզչութեան համար շատ քիչ ժամանակ կ’ունենան։ Քանի որ իրենց ընտանիքին նիւթական կարիքները հայթայթելու պարտաւորութիւնը ունին, ոմանք կը զգան թէ ծառայութեան համար միայն քիչ ժամանակ կրնան տրամադրել։ (Ա. Տիմ. 5։8) Արդարեւ, ներկայիս կեանքի անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելու հետ առնչուած ճնշումները շատ են։ Սակայն, անհատին աշխարհիկ գործը պէտք չէ խոչընդոտ մը հանդիսանայ բարի լուրի քարոզչութեան։ (Մար. 13։10) Ուստի, լաւ կ’ընենք եթէ մեր իսկական պարագան քննենք։
3 Քանի որ աշխարհի կերպարանքը միշտ կը փոխուի, ընտանիքի մը գլուխը կրնայ գործին շատ ժամանակ յատկացնելու հակումը ունենալ, տնտեսական աննախատեսելի տագնապներու դիմաց ինքզինք ապահովելու միտումով։ (Ա. Կորն. 7։31) Մինչ յաւելեալ աշխարհիկ գործը կրնայ թուիլ թէ նիւթական աւելի բաներ կամ ժամանցի ու զբօսանքի համար յաւելեալ պատեհութիւններ կը հայթայթէ, ասիկա ընտանիքը աւելի ուրախ եւ աւելի գոհունակ պիտի ընէ՞, եթէ հոգեւոր հետապնդումներու եւ ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելու համար յատկացուած ժամանակին հաշւոյն ըլլայ։ Վստահաբար պիտի ուզենք խուսափիլ որեւէ բանէ որ մեր հոգեւորականութիւնը կրնայ վտանգել։ ‘Երկնքի մէջ գանձեր դիզելու’ եւ ‘Աստուծմով հարստանալու’ Յիսուսի խրատին հետեւիլը իմաստուն ընթացքն է։—Մատթ. 6։19-21. Ղուկ. 12։15-21
4 Առաջ Թագաւորութեան Շահերը Փնտռեցէք. Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց հոգեւոր բաները ամէն բանէ առաջ դնել։ Ան յորդորեց զանոնք. «Հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք’»։ Ան ինչո՞ւ այսպէս ըսաւ։ Ան բացատրեց. «Վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են»։ Եթէ իրապէս համոզուած ենք թէ այս խօսքերը շիտակ են, պիտի չըլլայ արգելք մը որ մեզ ետ պահէ Յիսուսի ըսած յաջորդ խօսքերը կատարելէ. «Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր [անհրաժեշտ նիւթական] բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ Աստուած վստահ պիտի ըլլայ որ մենք այս բոլոր բաները ունինք։ (Մատթ. 6։31-33) Վստահաբար ասիկա ժամանակը չէ որ մտացիր ըլլանք ապրուստ մը ճարելու անտեղի մտահոգութեամբ, կամ նիւթական գետնի վրայ հանգստաւէտ կեանք մը վարելու ցանկութեամբ, դրութեան մը մէջ որ շուտով պիտի անցնի։—Ա. Պետ. 5։7. Ա. Յովհ. 2։15-17
5 Աշխարհիկ գործին գլխաւոր նպատակն է անհատին նիւթական կարիքները հայթայթել։ Սակայն, որքա՞ն պէտք ունինք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։ Կը ջանա՞նք ասկէ աւելին ձեռք ձգել։ Եթէ այս է պարագան, ուրեմն կարելի է որ հնձենք այն հետեւանքները, որոնց մասին Պօղոս զգուշացուց. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ»։ (Ա. Տիմ. 6։8, 9. Մատթ. 6։24. Ղուկ. 14։33) Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ թէ չափազանցուած ցանկութիւնները մեզի խոչընդոտ մը կը հանդիսանան թէ ոչ։
6 Եթէ մեր աշխարհիկ հետապնդումներուն պատճառաւ դաշտի ծառայութեան մէջ քիչ մասնակցութիւն կը բերենք եւ կամ բարի լուրին համար զոհողութիւններ ընելու կարիքը չենք տեսներ, ասիկա կը նշանակէ թէ մեր նախապատուութիւնները վերաճշդելու կարիքը կայ։ (Եբր. 13։15, 16) Աւելի համեստ կենցաղ մը պիտի օգնէ որ մեր քարոզելուն արգելք հանդիսացող վերոյիշեալ խոչընդոտը չքանայ։ Երբ հարցը մեր ժամանակն ու կորովը գործածելու առնչութեամբ է, Թագաւորութեան շահերուն միշտ նախապատուութիւնը պէտք է տանք։
7 Պարապ Չեղող Աշխատանքը. Պօղոսի խօսքերը միշտ մեզ կը քաջալերեն որ ‘աւելնանք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ մեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով’։ (Ա. Կորն. 15։58) «Տէրոջը [առաջնակարգ] գործ»ը Թագաւորութեան քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործն է։ (Մատթ. 24։14. 28։19, 20) Անոր մէջ կարելի եղածին չափ լման բաժին բերելու համար, պէտք է դաշտի ծառայութեան ամէն շաբաթ ժամանակ յատկացնենք, եւ ջանանք այդ ժամանակը ուրիշ որեւէ հետապնդումի համար չգործածել։ (Եփ. 5։15-17) Այն ատեն, ո՛չ աշխարհիկ գործը ո՛չ ալ որեւէ բան մեր ծառայութեան խոչընդոտ մը պիտի հանդիսանայ։
8 Երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու մէջ մեր անձերը մատուցանենք, տալէն յառաջ եկող գերազանց ուրախութիւնը պիտի վայելենք։ (Գործք 20։35) Թագաւորութեան քարոզչութեան հետամուտ ըլլալով, կրնանք վստահութեամբ նայիլ ապագային, ‘քանզի Աստուած անիրաւ չէ, որ մեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցինք’։—Եբր. 6։10