Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/96 էջ 3
  • Շատ Զբաղա՞ծ Էք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շատ Զբաղա՞ծ Էք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ժամանակը Ի՛նչպէս Ծախու Առնել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Միշտ՝ Ընելիք Շատ Բան Կայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Շատ ընելիք ունենալով կրնա՞ք ուրախ ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Անիկա Քարոզչութեան Խոչընդո՞տ Մըն Է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 5/96 էջ 3

Շատ Զբաղա՞ծ Էք

1 Պօղոս յորդորեց որ ‘ամէն ատեն շատ ընելիք ունենանք Տէրոջը գործին մէջ’։ (Ա. Կորն. 15։58, ՆԱ) Մեզի քաջալերութիւն կը տրուի որ անձնական ուսումնասիրութեան առօրեայ սովորութիւն մը պահպանենք, ծառայութեան մէջ կանոնաւորաբար բաժին բերենք, ժողովներուն հաւատարմօրէն ներկայ գտնուինք ու ժողովքի նշանակումներուն ժրաջանութեամբ հոգ տանինք։ Ասկէ զատ, մենք պէտք է աջակցինք մեր օգնութեան կարիքը ունեցողներուն։ Շատ ընելիք ունենալով, երբեմն կրնանք ճնշուած զգալ, խորհելով որ պէտք է կերպեր գտնենք մեր աշխատանքի բեռը թեթեւցնելու համար։

2 Կարգ մը պարագաներուն, թէ՛ իմաստութիւն եւ թէ բանաւոր է որոշ գործունէութիւններ դադրեցնել կամ նուազեցնել։ Ոմանք կը խորհին որ պէտք է ընեն ի՛նչ որ ուրիշներ իրենցմէ կը խնդրեն։ Ասոր առնչութեամբ հաւասարակշռուած չըլլալը կրնայ ճնշում եւ նեղութիւն պատճառել, որոնք ի վերջոյ կրնան կործանիչ դառնալ։

3 Հաւասարակշռուած Ըլլանք. Հաւասարակշռուած ըլլալու բանալին կը կայանայ ‘աւելի կարեւոր բաներէն վստահ ըլլալ’ու Պօղոսի խրատը կիրարկելուն մէջ։ (Փիլ. 1։10, ՆԱ) Ասիկա պարզապէս կը նշանակէ որ մենք կեդրոնանանք իրապէս կարեւորութիւն ունեցող հարցերուն վրայ, իսկ եթէ ժամանակն ու պարագաները կը ներեն, աւելի նուազ կարեւորութիւն ունեցող կարգ մը բաներուն հոգ տանինք։ Վստահաբար ընտանեկան պարտաւորութիւնները կենսական բաներուն շարքին մէջ առաջնակարգ տեղերը կը գրաւեն։ Կարգ մը աշխարհային պատասխանատուութիւններ պէտք է ձեռք առնուին։ Սակայն, Յիսուս սորվեցուց որ Թագաւորութիւնը առաջ փնտռենք ու ասոր հիման վրայ մեր նախապատուութիւնները որոշենք։ Մենք նա՛խ այն բաները պէտք է ընենք որոնք թոյլ կու տան որ Եհովայի մեր նուիրումը կատարենք։—Մատթ. 5։3. 6։33

4 Ասիկա ի մտի ունենալով, վստահ պիտի ըլլանք որ մեր խճողուած յայտագրէն ջնջենք ոչ–անհրաժեշտ անձնական հետապնդումները, չափազանց ժամանցը եւ անհարկի խոստումները։ Երբ իւրաքանչիւր շաբթուան համար մեր գործունէութիւնը կը ծրագրենք, ժամանակ պիտի տրամադրենք անձնական ուսումնասիրութեան, դաշտի ծառայութեան, ժողովներուն յաճախելու եւ որեւէ բանի որ մեր պաշտամունքին հետ սերտօրէն կապակցութիւն ունի։ Մնացեալ ժամանակը կարելի է յատկացնել ուրիշ հետապնդումներու, նկատի առնելով թէ անոնք ո՛րքան կը նպաստեն մեր գլխաւոր նպատակակէտը իրագործելու, որ է՝ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը պահող հաւասարակշռուած Քրիստոնեաներ ըլլալ։

5 Վերոյիշեալները ընելով հանդերձ, թերեւս տակաւին կը զգանք որ մեր բեռը ճնշիչ է։ Եթէ պարագան այդ է, մենք կարիքը ունինք Յիսուսի հրաւէրին ընդառաջելու. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։ (Մատթ. 11։28) Նաեւ, Եհովայի դիմենք, ‘որ օրէ օր մեր բեռը ինք կը կրէ’ ու յոգնածին ոյժ կու տայ։ Ան կը խոստանայ որ բնաւ թոյլ պիտի չտայ որ արդարը սասանի։ (Սաղմ. 55։22. 68։19, ՆԱ. Եսայ. 40։29) Կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր աղօթքները պիտի պատասխանուին, կարելի դարձնելով որ աստուածպետական գործունէութեամբ լեցուն կեանք մը յարատեւ վարենք։

6 Մինչ վստահ կ’ըլլանք որ Թագաւորութեան շահերը հետապնդելով զբաղած մնանք, կրնանք ուրախանալ գիտնալով որ մեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով։—Ա. Կորն. 15։58

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել