Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/96 էջ 1
  • Ժամանակը Ի՛նչպէս Ծախու Առնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ժամանակը Ի՛նչպէս Ծախու Առնել
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընթերցելու եւ ուսումնասիրելու համար ժամանակը ծախու առէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Ձեր Ժամանակը Շատ Զգուշութեամբ Գործածեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Ժամանակդ իմաստութեա՛մբ գործածէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ձեր Կեանքը Եհովայի Ծառայութեան Շուրջ Կերտեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 10/96 էջ 1

Ժամանակը Ի՛նչպէս Ծախու Առնել

1 Եհովայի ծառայութեան մէջ շատ ընելիք ունենալը մեզ զբաղած կը պահէ։ (Ա. Կորն. 15։58) Կը գիտակցինք որ հարկ կայ անհատապէս ու որպէս ընտանիք ուսումնասիրելու, ամէն օր Աստուածաշունչը ընթերցելու, ժողովքի ժողովներուն պատրաստուելու ու ներկայ գտնուելու, եւ կանոնաւորաբար դաշտի ծառայութեան մասնակցելու։ Տեսուչները հովուական պատասխանատուութիւններ ունին, նաեւ ժողովքային ուրիշ պարտականութիւններու հոգ կը տանին։ Ոմանք ընտանեկան ծանր պատասխանատուութիւններ ունին կամ ուրիշներու հանդէպ՝ զանազան պարտաւորութիւններ։ Որպէսզի ամէն բան պատշաճօրէն կատարուի, ամէն անհատ կարիքը ունի հաւասարակշռութեան եւ անհատական լաւ կազմակերպութեան։

2 Նախապատուութիւններ Դնենք. ‘Ժամանակը ծախու առնելու’ մէջ յաջողիլը կախեալ է մեր զատորոշումէն ու լաւ դատողութենէն։ (Եփ. 5։15, 16) Պէտք է որոշենք թէ ի՛նչ են «աւելի կարեւոր բաները» ու զանոնք մեր նախապատուութիւններու ցանկին առաջին տեղը դնենք։ (Փիլ. 1։10, ՆԱ) Զոյգ մը իր աստուածպետական ընտանիքը հետեւեալ կերպով նկարագրեց. «Մեր կեանքը ճշմարտութեամբ կը լեցնենք։ . . . Ճշմարտութիւնը մեր կեանքին մէկ մասը չէ, անիկա մեր կեանքն է։ Ամէն բան անոր շուրջ կը դառնայ»։ Եհովայի պաշտամունքը ու ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելը անհրաժեշտ է։

3 Ժամանակը Վատնող Բաները Բնորոշենք. Շաբաթը 168 ժամեր ունի, եւ հարկ է որ մատչելի ժամանակը իմաստուն կերպով գործածենք։ Որպէսզի բաւարար ժամանակ ունենանք աստուածպետական գործունէութիւններու համար, պէտք է բնորոշենք ու նուազեցնենք ժամանակ վատնող բաները։ Փորձագիտանք մը երեւան հանեց որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ չափահաս մը միջին հաշուով շաբաթը աւելի քան 30 ժամ կը տրամադրէ հեռատեսիլը դիտելու։ Ուրիշներ աշխարհային գրականութիւններ կարդալով շատ ժամանակ կը սպառեն։ Ոմանք կը նկատեն որ ընկերային գործունէութիւններու, ժամանցներու, զբօսանքի կամ համակարգիչի որոշ մէկ գործածութեան չափազանց ժամանակ կը նուիրեն։ Յարմար է որ մեր ամէնօրեայ սովորութիւնը մօտէն քննենք, տեսնելու համար ինչպէ՛ս կրնանք մեր ժամանակը աւելի լաւ կերպով գործածել։ Իմաստութիւնը կը պահանջէ որ անկարեւոր գործունէութիւններու տրամադրուած ժամանակին սահման դնենք։

4 Լաւ Սովորութիւն Մշակենք. Մեր անհատական պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, իւրաքանչիւրս կրնանք ժամանակը ծախու առնել հոգեւոր հետապնդումներու համար։ Ոմանք նկատած են որ ամէն օր քիչ մը աւելի կանուխ սկսիլը կ’օգնէ իրենց որ աւելին իրագործեն։ Եթէ գործին երթալով ու անկէ վերադառնալով կամ ուրիշներու սպասելով շատ ժամանակ կը վատնենք, կրնանք այդ ժամանակէն մաս մը գործածել Աստուածաշունչը ընթերցելու, ժողովները պատրաստելու կամ Ընկերութեան հայթայթած ձայներիզները մտիկ ընելու։ Ընտանիքներ մեծապէս կ’օգտուին, միասնաբար ուսումնասիրելու համար կանոնաւոր, մասնայատուկ ժամանակ տրամադրելով։ Եթէ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ընտանեկան ուսումնասիրութեան ժամադրութիւնը կը յարգէ, յաւելեալ ժամանակ չի կորսուիր։

5 Երթալով աւելի խորապէս պէտք է գիտակցինք որ «ժամանակը կարճցած է»։ (Ա. Կորն. 7։29) Մեր կեանքը կախեալ է մնացած թանկագին ժամանակը ինչպէ՛ս գործածելէն։ Պիտի օրհնուինք եթէ ժամանակը ծախու առնենք, այնպէս որ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը պահենք։—Մատթ. 6։33

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել