Ձեր Ժամանակը Շատ Զգուշութեամբ Գործածեցէք
1. Ներկայիս մարդիկ ամէնուրեք ի՞նչ դժուարութիւն կը դիմագրաւեն։
1 Ժամանակ ու ջանք խնայող սարքերու այս դարուն մէջ, շատեր կը զգան թէ ընելիք շատ բան ունին, բայց մատչելի ժամանակը քիչ է։ Ձեզի համար լաւ հոգեւոր սովորամոլութիւն մը պահպանելը դժուա՞ր է։ Կը փափաքէի՞ք ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրել։ Ի՞նչպէս կրնանք մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածել։—Սաղմ. 90։12. Փիլ. 1։9-11
2, 3. Տեղեկատուական արուեստագիտութիւնը ի՞նչ մարտահրաւէր կը ներկայացնէ, եւ իւրաքանչիւրս ի՞նչպէս կրնանք ինքնաքննութիւն մը ընել։
2 Ժամանակ Խլող Բաները Բնորոշեցէք. Բոլորս պարբերաբար պէտք է քննենք թէ մեր ժամանակը ի՛նչպէս կը գործածենք։ Աստուածաշունչը կը յորդորէ. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են»։ (Եփ. 5։15, 16) Նկատի առէք տեղեկատուական արուեստագիտութեան յառաջդիմութեան ներկայացուցած մարտահրաւէրները։ Մինչ համակարգիչները եւ ելեկտրոնական այլ սարքեր վաւերական գործածութիւններ ունին, անոնք կրնան որոգայթ մը դառնալ եթէ զգուշութեամբ չգործածենք մեր ժամանակը։—Ա. Կորն. 7։29, 31
3 Իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Ամէն օր չնչին արժէք ունեցող Ե–նամակներ կարդալու կամ անոնց պատասխանելու համար ժամանակ կը յատկացնե՞մ։ Աննշան նիւթերու մասին խօսելու համար յաճախ հեռաձայն կ’ընե՞մ կամ բջիջային հեռաձայնով երկտող մը կը ղրկե՞մ։ (Ա. Տիմ. 5։13) Համացանցը առանց որոշ նպատակի կը գործածե՞մ, կամ պարզապէս հեռատեսիլի կայանները անդադար կը փոխե՞մ։ Ելեկտրոնական խաղերով զբաղիլը սկսա՞ծ է Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութիւնս խանգարել’։ Այսպիսի հետապնդումներ խորամանկօրէն կրնան մեր հոգեւորականութիւնը կործանել։—Առ. 12։11
4. Պատանի մը ի՞նչ ճշդում ըրաւ, եւ ինչո՛ւ։
4 Ժամանակը Իմաստութեամբ Գործածենք. Ելեկտրոնական սարքերը թէ՛ մեր ժամանակը եւ թէ մեր ուշադրութիւնը կը խլեն։ Համակարգչային խաղերով կլանուած պատանի մը խոստովանեցաւ. «Երբեմն, խաղալէ ետք երբ ծառայութեան կամ քրիստոնէական ժողովի մը երթայի, շատ դժուարաւ կը կեդրոնանայի։ Գրեթէ միշտ կը մտածէի թէ տուն վերադառնալով որոշ խաղ մը ի՛նչպէս կրնայի աւելի լաւ կերպով խաղալ։ Անձնական ուսումնասիրութիւնս եւ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութիւնս խանգարուեցան։ Սկսայ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ նուազ ուրախութիւն գտնել»։ Անդրադառնալով որ փոփոխութիւններ ընելու կարիքը ունէր, ան իր բոլոր համակարգչային խաղերը ջնջեց։ «Ասիկա իրապէս դժուար քայլ մըն էր», ան կը մտաբերէ։ «Կարծածէս շա՜տ աւելի կապուած էի խաղերուն։ Բայց եւ այնպէս, յաղթանակի հոյակապ զգացում մը ունեցայ, քանի որ գիտէի թէ ըրածս իմ օգտիս համար էր»։—Մատթ. 5։29, 30
5. Ի՞նչպէս կրնանք հոգեւոր հետապնդումներուն համար ժամանակ ծախու առնել, եւ ասիկա ընելով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։
5 Թերեւս այսպիսի քայլեր առնելը անհրաժեշտ ըլլայ, եթէ կան մարզեր որոնց մէջ ճշդումներ պէտք է ընէք։ Ամէն օր կրնա՞ք անհրաժեշտ չեղող գործունէութիւններէն կէս ժամ ծախու առնել։ Այդ ժամանակով կրնաք մէկ տարուան մէջ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդալ։ Ասիկա հոգեւորապէս ի՜նչ վարձահատոյց կրնայ ըլլալ։ (Սաղմ. 19։7-11. 119։97-100) Աստուածաշունչի ընթերցանութեան, ժողովներու պատրաստութեան եւ դաշտի ծառայութեան համար հաստատ ժամանակներ որոշեցէք։ (Ա. Կորն. 15։58) Ասիկա ընելը ձեզի պիտի օգնէ որ ժամանակ խլող բաները հակակշռի տակ պահէք ու ‘իմանաք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը’։—Եփ. 5։17