Վերայցելութիւններու եւ Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններու Ընթացքին՝ Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Jan. 22
«Եթէ ամէն մարդ անուն մը ունի, տրամաբանական չէ՞ որ Աստուած ալ անուն մը ունենայ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ոմանք համոզուած են թէ Աստուծոյ անունը երբեք պէտք չէ արտասանուի։ Ուրիշներ անվարան զայն կը գործածեն։ Զարթի՛ր–ի այս թիւը այս տարակարծութիւնը կը քննարկէ։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուած իր անունովը ճանչնալ»։ Կարդացէք Սաղմոս 83։18–ը։
Դիտարան Փետրուար 1
«Գրեթէ բոլորս կը ջանանք մեր ֆիզիքական առողջութեան հոգ տանիլ։ Սակայն, վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւններ կը թելադրեն թէ մեր հոգեւորականութիւնը կ’ազդէ մեր բարօրութեան։ Կը խորհի՞ք թէ ասիկա կարելի է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Մատթէոս 5։3–ը։] Դիտարան–ի այս թիւը կը քննարկէ թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր հոգեւոր կարիքներուն գոհացում տալ»։
Feb. 8
«Ներկայիս շատեր բազմազբաղ կեանք մը կը վարեն եւ յաւելեալ հանգստի կարիքը ունին։ Թերեւս այս խօսքին հետ համաձայն գտնուիք, որ շուրջ 3,000 տարի առաջ գրուած է։ [Կարդացէք Ժողովողի 4։6–ը։ Ապա թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը օգտակար տեղեկութիւններ կը ներկայացնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք քունի պակասը զատորոշել ու հարցը ձեռք առնել»։