Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! Jan. 22
«Ամէն ժամանակէ աւելի, մեր ապահովութիւնը վտանգուած է։ Նոր զարգացած մտահոգութիւն մըն է՝ ինքնութեան գողութիւն կոչուած խնդիրը։ Ասոր մասին լսա՞ծ էք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կը խոստանայ թէ օր մը այս երկրագունդը մեր ապահովութեան սպառնացող բոլոր բաներէն զերծ պիտի ըլլայ։ [Կարդացէք՝ Եսայեայ 11։9] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ ասիկա ի՛նչպէս պիտի իրագործուի»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Փետրուար 1
«Ներկայիս շատեր մտահոգ են անգործութեան մասին, իսկ ուրիշներ գործի մէջ շատ ճնշում կը դիմագրաւեն։ Կը խորհի՞ք թէ կարելի է գործի մէջ ուրախ եւ ապահով զգալ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Եսայեայ 65։21-23] Դիտարան պարբերաթերթին այս թիւը կը խօսի ժամանակի մը մասին, երբ ամէն ոք վարձահատոյց գործ մը պիտի ունենայ»։
Awake! Feb. 8
«Զարթի՛ր պարբերաթերթի այս թիւը կը տեղեկագրէ մեր ժամանակներուն առնչուած ողբերգական իրողութիւն մը՝ երախաներու պոռնկութիւնը։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ երախաներու լլկումի այս ողբալի ձեւը շուտով վերջ պիտի գտնէ։ [Կարդացէք՝ Առակաց 2։21, 22] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ մանուկները սեռային գետնի վրայ շահագործելուն ետին ի՛նչ կայ եւ անիկա ի՛նչպէս վերջ պիտի գտնէ»։