Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Jan.
«Ներկայիս գրեթէ ամէն նիւթի շուրջ խրատներ մատչելի են։ Քու կարծիքով, այս խրատներէն ո՞րքանը վստահելի է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16–ը։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ կրնանք Աստուածաշունչին դիմել, որպէս գործնական իմաստութեան վստահելի աղբիւր»։ Էջ 18–ի վրայ սկսող յօդուածը աչքառու դարձուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ Փետրուար 1
«Վերջին տարիներուն, մարդիկ հրեշտակներուն հանդէպ շատ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են։ Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ անոնք ո՛վ են եւ մեր կեանքին ի՛նչպէս կ’ազդեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Սաղմոս 34։7–ն։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ հրեշտակներուն գործունէութեանց մասին,– անցեալին, ներկայիս եւ ապագային»։
Feb.
«Տարեց ազգականներ եւ բարեկամներ ունենալով, հարց կու տանք թէ ի՛նչպէս կրնանք անոնց օգնել որ ծերութեան դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլեն, այդպէս չէ՞։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կարգ մը թելադրութիւններ կու տայ, որ կրնանք ընել ծերութիւնը աւելի տանելի դարձնելու համար, եւ կը բացատրէ թէ հետեւեալ մարգարէութիւնը ի՛նչպէս պիտի կատարուի»։ Կարդա՝ Յոբայ 33։25–ը։