Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունուար 1
«Ծնունդի շրջանին, շատեր կը ջանան ազնուութիւն ու կարեկցութիւն ցուցաբերել։ Կը խորհի՞ս որ աշխարհ աւելի լաւ վայր մը կրնայ ըլլալ, եթէ մարդիկ ամբողջ տարուան ընթացքին կարեկցութիւն ցուցաբերեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։8–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ կարեկցութեան արժէքը եւ կը նշէ զայն ցուցաբերելու կարգ մը գործնական կերպեր»։
Jan.
«Իւրաքանչիւր ամուսնութիւն մարտահրաւէրներ ունի։ Քու կարծիքով, ամոլներ վստահելի խրատի համար ո՞ւր կրնան դիմել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ այս գործնական ուղղութիւնը։ [Կարդալ՝ Եփեսացիս 5։22, 25] Այս յօդուածը կը բացատրէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ որ կինը իր ամուսինին հնազանդի»։ Ներկայացուր 28–րդ էջի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Փետրուար 1
«Շատեր կ’աղօթեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։ Օրինակ, նկատի առ այս համբաւաւոր աղօթքը որ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց։ [Կարդալ՝ Մատթէոս 6։9, 10] Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է եւ ե՛րբ պիտի գայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը այս նիւթին մասին ի՛նչ կ’ըսէ»։
Feb.
«Ոճիրի յաւելման պատճառաւ, շատեր անապահով կը զգան։ Կը խորհի՞ս թէ վիճակները պիտի բարելաւուին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ Աստուածաշունչի հետաքրքրական մարգարէութիւն մը։ [Կարդալ՝ Սաղմոս 37։10] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ ոճիրի հիմնական պատճառը եւ Աստուածաշունչին տուած լուծումը»։