Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
ԴԻՏԱՐԱՆ Փետրուար 1
«Շատեր կ’աղօթեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։ Օրինակ, նկատի առ այս համբաւաւոր աղօթքը որ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց։ [Կարդալ՝ Մատթէոս 6։9, 10] Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է եւ ե՛րբ պիտի գայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը այս նիւթին մասին ի՛նչ կ’ըսէ»։
Feb.
«Ոմանք կը հաւատան որ Աստուած մեր գործած իւրաքանչիւր սխալը կ’արձանագրէ։ Ուրիշներ կը խորհին թէ ան բոլոր մեղքերը կը ներէ, ո՛րքան ալ լուրջ ըլլան անոնք։ Ի՞նչ է քու կարծիքդ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա՛ Գործք 3։19–ն։] Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչին մէջ նշուած երեք քայլեր, որոնցմով կրնանք Աստուծոյ ողորմութեան արժանանալ»։ Ցոյց տուր էջ 10–ի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մարտ 1
«Նկատի ունենալով մեր բոլոր խնդիրները, կը խորհի՞ս թէ իսկական մտքի խաղաղութիւն ունենալը կարելի է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ապագայի նկատմամբ Աստուածաշունչին տուած յոյսը նկատի առնելը շատերուն օգնած է։ [Կարդա՛ ներկայացնելիք յօդուածիդ մէջ նշուած կամ մէջբերուած համարներէն մէկը։] Այս պարբերաթերթը կը ներկայացնէ Աստուածաշունչին պատասխանը սա հարցումներուն՝ ուրկէ՞ եկած ենք, ի՞նչ է կեանքի նպատակը եւ ապագան ի՞նչ վերապահած է»։
Mar.
«Կը խորհի՞ս թէ բոլոր կրօնքներն ալ լաւ են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ ոմանց պաշտամունքին մասին։ [Կարդա՛ Մարկոս 7։7–ն։] Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ գիտնալ թէ կրօնք մը կը սորվեցնէ ճշմարտութիւնը եւ ո՛չ թէ ‘մարդոց պատուիրած բաները’։ Կրօնական ճշմարտութիւնը մատչելի՞ է։ Այս պարբերաթերթը կը պատասխանէ այս հարցումներուն»։